Ֆրանսահայ համայնքը Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքներու վերացման ու հատուցման հայցեր կը նախապատրաստէ

ParisՀայոց ցեղասպանութեան 100-¬րդ տարելիցի ձեռնարկներու Ֆրանսայի յանձնախումբը աշխոյժօրէն կ՛աշխատի պահանջատիրութեան փաստաթուղթի ձեւաւորման ուղղութեամբ, որ պէտք է ներկայացուի Ֆրանսայի քաղաքական ատենախօսութեան մէջ:

Լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին Ֆրանսայի յանձնախումբի անդամ Յարութ Մարտիրոսեան նշած է, որ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը իրենց համար ետեւ մնացած է , այսօր արդէն սկսած ենք հատուցման մասին խօսելու: «Ազգային խորհուրդի մէջ նշեցինք հատուցման պահանջները` ինչ կ՛ուզենք Թուրքիայէն եւ այդ հարցով ինչ կրնանք ակնկալել Ֆրանսայէն: Հիմա այս աշխատանքը սկսած է, լրագրողներն ալ կը խօսին այս մասին, բոլորը սկսած են հասկնալու, որ միայն ճանաչումը քիչ է, պէտք է հաշուի առնել մեր պահանջները` ֆինանսական, հողային, բարոյական»,- «Արմնփրես»-ի հաղորդմամբ` նշած է Յարութ Մարտիրոսեան:

Անոր խօսքով` բարոյական տեսանկիւնէ կարեւոր է, որ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերը ամրագրուին Թուրքիոյ պատմութեան մէջ կամ որ այդ տարածքին մէջ մնացած հայկական յուշարձանները պահպանուին: «Ասոնք օրինակներն են, որով մենք կը պատրաստենք պահանջատիրութեան փաստաթուղթը, որ պէտք է ներկայացնենք Ֆրանսայի քաղաքական մարտերուն»,- աւելցուցած է զրուցակիցը:

Յարութ Մարտիրոսեան, անդրադառնալով Ֆրանսայի մէջ այս տարի տեղի ունեցած ձեռնարկներուն, նշած է, որ մօտ 300 ձեռնարկ իրականացուած է: «Ֆրանսան այն երկիրն է, որ պետականօրէն Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի օր սահմանած է 2012-էն¬, մեծ քաղաքական յաջողութիւն ունեցանք, որ Ֆրանսայի նախագահը ներկայ եղաւ Երեւանի մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկին, վարչապետն ալ` Փարիզի մէջ, տարբեր ցուցահանդէսներ կազմակերպուեցան, քաղաքապետարանները մեծ գործ կատարեցին, յատկապէս Փարիզի քաղաքապետարանը, որ մեզի շատ օգնեց 100-¬րդ տարելիցի ձեռնարկներու կազմակերպման հարցով»,- ¬նկատած է Յարութ Մարտիրոսեան:

Ան յայտնած է, որ 2015-¬ը սկզիբն է Հայաստանի ու Սփիւռքի հզօրացման, համատեղ յաջորդական աշխատանքներու: Յարութ Մարտիրոսեանի տեղեկացմամբ` 2018-¬ին ալ պէտք է պատրաստուիլ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան 100-¬ամեակը նշելու համար:

http://www.yerakouyn.com/?p=90013

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

September 2015
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
282930  

Արխիւ