Պունտեսթակի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան առնչուող բանաձեւի քննարկման գործընթացը կը շարունակուի: Այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին նշած է Հայաստանի մէջ Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Մաթիաս Քիեսլըր: «2015 թուականը Հայաստանի համար շատ կարեւոր տարի է, այս առիթով Գերմանիոյ մէջ թէժ քննարկումներ եղած են, նախագահը արտայայտուած է այս թեմայով: Այն, ինչ մենք հիմա չունինք, Գերմանիոյ խորհրդարանի որոշումն է: Որքանով ես տեղեակ եմ` այս աշուն պէտք է ակնկալենք զայն: Պունտեսթակի մէջ հիմա լսումներ են, չեմ կրնար յստակ օր ըսել, թէ երբ պէտք է օրինագիծը քննարկուի»,-¬ «Արմէնփրես»-ի փոխանցմամբ` նշած է Մաթիաս Քիեսլըր:
Գերմանիոյ դեսպանին խօսքով` սեպտեմբեր 22-ին Հայաստան ժամանած է Սաքսոնիա-Անհալթ երկրամասի մշակոյթի եւ կրթութեան նախարար Շթեֆան Տորկերլոհն իր պատուիրակութեան հետ: «Մենք երկուքով այցելած ենք Ցեղասպանութեան թանգարան եւ յուշահամալիր: Մեզի համար շատ յուզիչ էր: Նախարարը տեղեկացուցած է, որ Սաքսոնիան այժմ կը պատրաստէ նոր պատմութեան դասագիրքեր, որոնց գլուխներէն մէկը պիտի վերաբերի ցեղասպանութիւններուն, ներառեալ` Հայոց ցեղասպանութեան» ,- ¬աւելցուցած է Մաթիաս Քիեսլըր:
Դեսպանը շեշտած է, որ հայ-թրքական հաշտեցումը պէտք չէ կապուած ըլլայ օտար երկիրներու որոշումներէն եւ ճանաչումէն:
Պունտեսթակի` Ապրիլ 24-ի լիագումար նիստին որոշուեցաւ արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի քննարկման ուղարկել 1915 թուականի Հայոց մեծ եղեռնը Ցեղասպանութիւն որակող բանաձեւերու նախագիծերը: Ապրիլ 24-ին Պուտեսթակի նիստին հնչեցին 9 ելոյթներ, որոնցմէ 7-ին մէջ¬ պատգամաւորները Ցեղասպանութիւն կ՛անուանէին 20-րդ դարասկիզբին Օսմանեան Թուրքիոյ կողմերէն հայերու, յոյներու եւ ասորիներու բնաջնջումը:
Գերմանիոյ նախագահ Եոահիմ Կաուկ այս տարի առաջին անգամ 1915 թուականի հայերու կոտորածները անուանած է ցեղասպանութիւն` Պեռլինի Մայր տաճարին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած արարողութեան համար նախապէս տարածուած ելոյթին մէջ: «Գերմանացիներս միասնական պէտք է աշխատինք, քանի որ հայերու ցեղասպանութեան պարագային մեղսակից ենք, ուստի կը կրենք համապատասխանատուութիւն»,- ըսած է Կաուկ:
http://www.yerakouyn.com/?p=89727
Leave a Reply