Լոս Անճելըսի ուսուցիչներու միութիւնն ապրիլը Հայոց Ցեղասպանութեան ամիս հռչակեց

______ ________________ __________________________ __________________ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ – Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Չորեքշաբթի, սեպտեմբեր 16ի երեկոյեան, Միացեալ Նահանգներու երկրորդ մեծագոյնը հանդիսացող Լոս Անճելըսի ուսուցիչներու միութեան օրէնսդիր մարմինը վաւերացուցած է 2015ը Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ոգեկոչման տարի, ինչպէս նաեւ Ապրիլը Հայոց Ցեղասպանութեան ամիս հռչակող բանաձեւը։

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Էլէն Ասատրեան դրուատեց այս պատմական քայլը՝ նշելով, թէ անիկա պիտի նպաստէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը պետական վարժարաններու աշակերտներուն լաւապէս դասաւանդելու ջանքերուն։

Ան յատկապէս շնորհակալութիւն յայտնեց ուսուցիչներ՝ դոկտ. եւ տիկին Շան եւ Սիւզի Ապաճեաններուն, որոնք առաջնորդած են այս բանաձեւի վաւերացման աշխատանքը, ինչպէս նաեւ՝ Հոզէ Լարային, որ նոյնպէս մեծապէս նպաստած է անոր։

Սոյն բանաձեւի քննարկման ընթացքին ելոյթ ունենալով՝ Ասատրեան բացատրած է նման բանաձեւի մը Լոս Անճելըսի ուսուցիչներու միութեան կողմէ որդեգրման կարեւորութիւնը։

Բանաձեւին ի նպաստ ելոյթներ ունեցած են նաեւ հեղինակ Քէյ Մուրատեան եւ Էլ Ռենչօ միացեալ կրթաշրջանի փոխնախագահ Հոզէ Լարա, իսկ բանաձեւին դէմ՝ ոչ ոք։

Լոս Անճելըսի ուսուցիչներու միութեան անդամներուն թիւը մօտաւորապէս 31,000 է։
Բանաձեւի բնագիրը կարդալու համար, այցելել՝

Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

September 2015
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
282930  

Արխիւ