ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Յունիս 7ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին, Թուրքիոյ հայ համայնքը գոհունակութեամբ ողջունած էր երեք հայերու երեսփոխան ընտրուած ըլլալու դրական զարգացումը։ Երեք տարբեր կուսակցութիւններու կողմէ երեք հայ երեսփոխաններու խորհրդարան ներկայացուիլը տասնամեակներէ ի վեր առաջին անգամ ըլլալով ապրուած իրադարձութիւն էր։ Ընտրուած երեսփոխանները, մանաւանդ՝ Սելինա Տողանն ու Կարօ Փայլանը, ընտրութենէն անմիջապէս ետք սկսած էին աշխոյժ գործունէութիւն ցոյց տալու եւ երկրի հոգերուն կողքին՝ հակելու նաեւ հայ համայնքի հոգերուն։
Նոյեմբեր 1ի կանխահաս ընտրութեանց համար պատրաստուած թեկնածուներու շարքին, անոնք դարձեալ տեղ պիտի գտնեն իրենց կուսակցութեանց ցանկերուն վրայ։
Կարօ Փայլան պիտի պահէ իր առաջնակարգ տեղը՝ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան Պոլսոյ ցանկին մէջ։ Սելինա Տողան Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան Պոլսոյ թեկնածուներու ցանկին վրայ կը գրաւէ առաջին տեղը, իսկ Մարգար Եսայեան Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան Պոլսոյ թեկնածուներու ցանկի 14րդ կարգին վրայ է։ Ան նախորդ ընտրութեանց ընթացքին 12րդ կարգի վրայ էր։
Asbarez.com
Leave a Reply