«Հայ սպայի մը պատերազմական յուշերը Չանաքքալէի պատերազմէն»

Հայ սպայի մը պատերազմական յուշերը Չանաքքալէի պատերազմէնMarmara – «Արաս» հրատարակչատունը թրքերէնով պատմական արժէք ներկայացնող նոր գիրք մը հրատարակած է վերջերս։ Այս անգամ ընթերցողներու ուշադրութեան կը յանձնուի Օսմանեան բանակի հայ սպայի մը օրագիրը Չանաքքալէի ու Արեւելեան Ճակատին վրայ, 1914-1918 թուականներուն։

Հայ սպան իրականութեան մէջ վիրաբոյժ մըն է, Աւետիս Ճէպէճեան, որ ճակատ կանչուելէ ետք 3 Նոյեմբեր 1914 թուականին սկսած է օրագիր մը գրել ու օրուան անցուդարձերը մէկ առ մէկ արձանագրել հայատառ թրքերէնով։

Օրագիրը կը հասնի մինչեւ 22-26 Դեկտեմբեր 1918, երբ հեղինակը ճամբայ կ՚ելլէր դէպի Էրզրում։ «Արաս» հրատարակչատունը այս գործին հրատարակութեան մօտեցած է ո՛չ միայն խմբագրական ծանր աշխատանքով, այլ նաեւ գիտական մտահոգութիւններու գծով։

Հրատարակուած ձեռագրին նայելով, որ առաջին էջին ձեռագիրն է, կարելի է հասկնալ թէ ինչպիսի դժուարութեամբ կարդացուած ու թրքերէն տառերու փոխադրուած է հեղինակին հայատառ խրթին ու հնաբոյր Թրքերէնը։ Այս համբերատար աշխատանքը կատարուած է Թագուհի Թովմասեանի կողմէ։ «Արաս»ի խմբագրութիւնը հաւատարիմ մնացած է հեղինակին հնաբոյր Թրքերէնին, անփոփոխ պահելով նաեւ սխալ արտասանուած բառերը, երբեմն փակագծի մէջ տալով անոնց ճիշդ ձեւերը։

Գրքին համար բովանդակալից Նախաբանը գրած է Այհան Աքթար, որ փոքրամասնութիւններու զինուորական խնդրի մասին Գրիգոր Զօհրապի կողմէ Խորհրդարանի մէջ կատարուած ելոյթէն մեկնելով կը ծանրանայ հրատարակուած վերոյիշեալ օրագրին վրայ։

http://horizonweekly.ca/news/details/73348

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

September 2015
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
282930  

Արխիւ