Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ֆրանսայի մէջ պիտի ներառուի 3-րդ դասարանի կրթական ծրագրին մէջ

genocide-ophransՀայոց ցեղասպանութեան մասին դասաւանդումը Ֆրանսայի մէջ պիտի ներառուի 3-¬րդ դասարանի կրթական ծրագրին մէջ: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-¬ը` վկայակոչելով Nouvelles d’Arménie-¬ն, Հայոց ցեղասպանութեան թեման պիտի ընդգրկուի Առաջին Համաշխարհային պատերազմին վերաբերող դասաժամին մէջ:

Le Monde-¬ի տպագիր համարին մէջ կը նշուի. «Երրորդ դասարանին մէջ աշակերտներուն հնարաւորութիւն պիտի տան հասկնալու ժամանակակից աշխարհը: Ասիկա թոյլ կու տայ անոնց ծանօթանալու Եւրոպայի եւ աշխարհի կողմէ առերեսուած ճգնաժամերու ուժգնութեան, ինչպէս նաեւ անոնց հետեւանք դարձած ընկերային եւ քաղաքական փոփոխութիւններուն: Այդ ժամանակաշրջանին ռազմիկներու ու խաղաղ բնակչութեան տառապանքները հուժկու էին, ինչ որ առաւելապէս արտայայտուեցաւ 1915 թուականի Հայոց ցեղասպանութեամբ»:

Պարբերականը կը նշէ նաեւ, որ Ֆրանսայի կրթութեան նախարար Նաջաթ Վալաուտ-Պելքացեմը յաջողութեամբ դիմակայած է Անգարայի եւ Ֆրանսայի մէջ անոր պաշտօնական ներկայացուցիչ գիտնական Փիեռ Նորայի կողմէ իրականացուող լոպպինկին: Վերջիններուս նպատակն էր հանել Հայոց ցեղասպանութեան դասաւանդումը ֆրանսական հանրակրթական ծրագիրէն:

http://www.yerakouyn.com/?p=89641

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

September 2015
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
282930  

Արխիւ