Պոլսոյ պատրիարքարան. «Թուրքիոյ հայ համայնքը ներկայացնող միակ հաստատութիւնը պատրիարքարանն է»

•

Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանՊոլսոյ հայոց պատրիարքարանը յայտարարութիւն տարածած է, ուր կը նշուի, որ պատրիարքարանէն բացի մէկ այլ հաստատութիւն կամ անձնաւորութիւն համայնքի անունէն յայտարարութիւն ընելու կամ քայլեր կատարելու իրաւունք եւ իրաւասութիւն չունի:

«Թուրքիոյ հայերու պատրիարքարանը` Թուրքիոյ հայ համայնքի հոգեւոր կեդրոնը, համայնքը ներկայացնող եւ անոր անունէն որոշումներ կայացնող միակ ատեանն է: Ըստ կայուն աւանդոյթի` համայնքին հետաքրքրող հարցերու շուրջ եղած յայտարարութիւնները, որոնց մէջ կը ներկայացուի վերջինիս կարծիքը, պատրիարքարանին վերաբերող իրողութիւն է: Պատրիարքարանէն բացի որեւէ կառոյց կամ անհատ համայնքի անունէն յայտարարութիւն ընելու կամ քայլեր կատարելու իրաւունք եւ իրաւասութիւն չունի»,- Ermenihaber.am- փոխանցմամբ` նշուած է յայտարարութեան մէջ:

Կը նշուի, որ յայտարարութեան պատճառ հանդիսացած վերջին օրերուն վիրթուալ միջավայրի մէջ ընկերային ցանցերու միջոցով տեղադրուած յայտարարութիւնները, որոնց մէջ օգտագործուած է հայերու անունը:

Ըստ թրքական «Timeturk.com» կայքի` Պատրիարքարանին տարածած գրաւոր յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ մարդիկ ազատ են իրենց միտքերը արտայայտելու հարցով, սակայն ատոնք պէտք է արտայայտեն միայն որոշ մարդոց դիրքորոշումը: Ինչպէս նաեւ անձնական կարծիք արտայայտող յայտարարութիւնները պէտք է սահման ունենան եւ չխախտեն հասարակական կարգը:

http://www.yerakouyn.com/?p=89506

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

September 2015
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
282930  

Արխիւ