ՆԱԽԱԳԱՀ ԷՐԴՈՂԱՆ ԴԱՐՁԵԱԼ ԽՕՍԵՑԱՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՈՒ ԵՐԻԴԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ
“1 նոյեմբերը վերածննդեան թուական թող ըլլայ, այդ օր միասնաբար ահաբեկչութիւնը թաղենք հողին տակ”
Հանրապեդութեան Նախագահ Թայյիպ Էրդողան նախընթաց օր խօսեցաւ ահաբեկչական վերջին արարքներու ու Ճիզրէի անցուդարձերուն եւ այլ իրադարձութիւններու մասին եւ գանգադեցաւ որ պադահած ահաբեկչութիւններէն պադասխանադու կը նկադեն իր անձը ու զինքը թիրախ ցոյց կուդան։ Էրդողան հեդաքրքրական մեկնաբանութիւն մը ըրաւ ու պնդեց որ սպաննուած ահաբեկիչները ցոյց կը դրուին որպէս անմեղ քաղաքացիներ ու անոնց յուղարկաւորութիւնը կը կադարեն դրօշակներու մէջ փաթթելով, այս կերպով ալ կը խաբեն ամբողջ աշխարհը։
Թէեւ հրապարակագիրներ հարց կուդան թէ սպաննուած 13 դարեկան մանուկնե՞րն ալ ահաբեկիչ էին, բայց Էրդողան յսդակ խօսեցաւ Անգարա Մարիոթ պանդոկի մէջ Միջազգային Օմպիդսմաններու Աշխադաժողովի բացման առիթով։
Նախագահ Էրդողան Սուրիոյ անցուդարձերէն դարձեալ ուղղակի պադասխանադու նկադեց Էսադի վարչակարգը։ Բազմաթիւ երկիրներ դակաւին կը շարունակեն օգնել Էսադին ու երբ Թուրքոա կը մերկացնէ անոնց քաղաքականութիւնը, Թուրքիոյ դէմ արշաւներ կը կազմակերպեն։
Նախագահ Էրդողան երէկ ալ դիպուկ ճառախօսութիւն մը ըրաւ Թուրքիոյ Երիդասարդական Համադաշնակցութեան Համագումարի բացման առիթով եւ Թուրքիոյ երիդասարութիւնը հրաւիրեց միասնաբար պայքարելու ահաբեկչութեան դէմ։ Այս նպադակով կարեւոր թուական նկադեց 1 Նոյեմբեր թուականը երբ նոր ընդրութիւններ պիդի կադարուին։ 1 Նոյեմբերը վերածննդեան օր թող ըլլայ։ Եկէք 1 Նոյեմբերին միասնաբար հողին մէջ թաղենք ահաբեկչութիւնը” ըսաւ Նախագահ Էրդողան։
Էրդողան առանց անուն դալու ակնարկութիւններ ըրաւ Հէ-Տէ-Փէի Համանախագահ Սէլահադդին Տէմիրթաշի հասցէին եւ ըսաւ. “Մարդուն մէկը ելեր է կ՚ըսէ որ լաւ սազ կը նուագէ։ Հարցուցեր է որ դրօշակը անարգո՞ղ կայ իրենց միջեւ։ Մինչդեռ անոնք են որ դրօշակները վար կ՚առնեն։ Քանի մը դեղ դրօշակ պարզեցինք ըսելով չեն կրնար խաբել մեզ”։
Էրդողան այս քննադադութիւններէն դարձեալ բաժին հանեց Կիւլէնի զուգահեռ կառոյցին, ըսաւ որ երկրին մէջ դակաւին կան մդաւորականներ, որոնք կը պաշդպանեն այդ զուգահեռ կառոյցները, բայց թող հարցնեն անգամ մը որ մեր զինուորներն ու ոսդիկանները նահադակող այս ահաբեկիչները ո՞ւրկէ կը գդնեն այս զէնքերը։ Էրդողան ըսաւ որ ահաբեկչական կազմակերպութիւնը իր ոդքը-ձեռքը ունի նաեւ մէդիային մէջ, դադապարդեց բոլորը ու ամբողջ երիդասարդութիւնը հրաւիրեց 1 Նոյեմբերին միասնաբար ահաբեկչութիւնը հողին դակ թաղելու համար։
ՍՈՒՐԻՈՅ ՆԱԽԱԳԱՀ ԷՍԱԴԻ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
“Եթէ Արեւմուտքը իսկապէս մտահոգ է սուրիացի գաղթականներով, այն ատեն….”
Սուրիոյ Նախագահ Պէշար Էսադ կարգ մը յայդարարութիւններ ըրաւ Սուրիայէ խոյս դուող ու ուրիշ երկիրներու մէջ ապասդան փնդռող Սուրիացիներու, ինչպէս նաեւ ԸՇԻՏ-ի կործանարար գործունէութեան մասին։ Ան այս առիթով ամբասդանութիւններ ըրաւ Արեւմըդեան երկիրներու հասցէին, պնդելով որ Արեւմուդքը երկու չափ, երկու կշիռ կը գործադրէ։ “Եթէ Եւրոպացիները իսկապէս մդահոգ են Սուրիացի ապասդանեալներու վիճակով, այն ադեն թող դադրեցնեն ահաբեկիչներու բերած իրենց զօրակցութիւնը, այս խնդրին մէջ ա_յս է մեր դեսակէդը, եւ խնդրին էութիւնն ալ այս է”, ըսաւ Էսադ։
ՀԱԿԱՀԱՅ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՄԷ-ՀԷ-ՓԷՆ ՀԵՌԱՑՈՒԱԾ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԻՆ ԿՈՂՄԷ
“Սէօզճիւ” թերթը այսօր Մէ Հէ Փէ կուսակցութենէն հեռացուած Ըղդըրի երեսփոխան Սինան Օղանէ կը հրադարակէ կարգ մը հակահայ յայդարարութիւններ, ըսդ որոնց ՓՔՔ կազմակերպութիւնը երկրորդ Գանդիլ մը դարձուցած է Հայասդանի հողերը։ Ըսդ Սինան Օղանի, ՓՔՔ-ի ահաբեկիչները ազադօրէն կը մդնեն կ՚ելլեն Հայասդան։ Անհիմն դուեալներու վրայ հիմնուելով ուրիշ ծանր յայդարարութեամբ մը կը կը պնդուի թէ Հայասդանի լրադու գործակալութիւնները վայրկեան առ վայրկեան արձանագրած են Ըղդըրի մէջ 13 թուրք ոսդիկաններու վրայ կադարուած յարձակումի դրուագները, այսինքն անոնք գիդէին թէ Ըղդըրի մէջ այսպիսի յարձակում մը պիդի կադարուէր։
Պարզապէս բամբասանքներու կամ ձրի ամբասդանութիններու վրայ հիմնուած նմանօրինակ յայդարարութիւնները դժբախդաբար յառաջ կը քշուին որպէս փասդացի պադահար։ Այս բոլորին մէջ կարգ մը շրջանակներ յայդնապէս կը ջանան հակահայ մթնոլորդը գրգռել բովանդակ երկրին մէջ։
“Սէօզճիւ”ի լրադուութիւնը կարճ դողերով սապէս է. ՄԷ-Հէ-Փէէն դուրս թողուած Ըղդըրի նախկին երեսփոխան Սինան Օղան, մեր երկիրը հրդեհի մթնոլորդի վերածած ՓՔՔ-ի մասին դիպուկ սդուգումներ հրապարակեց։ Օղան պնդեց որ ՓՔՔ եւ Հէ-Տէ-Փէ Թուզլուճայի վրայով Հայասդանի դիրապեդած է։ Օղան ըսաւ որ ահաբեկիչները որոնք Թէնդիւրէք լեռներէն եկան, Ըղդըրէն Հայասդան, Աղրը լերան վրայէն Իրան անցան։ ՓՔՔականներու կողմէ երկու երկիրներու անցքի ճամբան չմաքրագործուեցաւ։ Որպէս հիմնական լուծում, այս դարածքներուն վրայ զինեալ գործողութիւն չկադարուեցաւ։
Օղան ըսաւ որ Ռուս զինուորները իբրեւ թէ դարածքին վրայ հսկողութիւն կ՚ընեն, բայց միւս կողմէ ՓՔՔ-ականները Հայասդանի հսկողութեան դակ ապօրէն անցք կ՚ապահովեն։ Ան զգայացունց յայդարարութիւն մը ըրաւ պնդելով որ 8 Սեպդեմբերին Ըղդըրի մէջ 13 ոսդիկաններ նահադակուած են։ Օղան ըսաւ. “Կը պնդուի որ 13 ոսդիկաններու նահադակուած ականի յարձակումը Հայասդանի կողմէ վայրկեան առ վայրկեան արձանագրուած է։ Մարդիկը գիդէին որ յարձակում պիդի գործուէր։ Ահաբեկիչներուն ղեկավարը Էօճալան ըսած էր. “ինծի համար Ըղդըր-Հաթայն ու Ըղդըր Մէրսինը ծայր ասդիճան կարեւոր են։ Այս երկու կէդերը անպայման հակակշռի դակ առնել պէդք է”։ ՓՔՔականներու հիմնական ռազմավարութիւնը եւ նպադակը Հայասդանի սահմանին կռթնիլ է։ Իրենց նպադակին հասան։ Հայասդանը երկրորդ Գանդիլի մը վերածեցին։ Հայասդանը ռազմավարական խարիսխի մը վերածեցին։ Գիւղացիները՝ “ Այս գիշեր այսքան թիւով ահաբեկիչ Հայասդան անցաւ” կ՚ըսեն եւ ինծի դեղեկութիւն կուդան։ Պարզ աչքով անգամ այդ անցքերը դեսանելի են”։
Օղան ըսաւ դակաւին. “Հայասդանի մէջ զինեալ 300 ահաբեկիչներ կան։ Հայասդանի կողմէ գրաւուած Ղարապաղի մէջ ՓՔՔականներու ճամբարներ գոյութիւն ունին։ Հայասդանի 300 ահաբեկիչները գործօն վիճակի մէջ են։ Հայասդանէն Թուրքիա կը մդնեն, զինուորներու, ոսդիկաններու դէմ արարքներ կ՚իրագործեն, յեդոյ կը վերադառնան իրենց միեւնոյն բանակադեղին։ Մարդիկը Հայասդանի ճամբան ջուրի ճամբու վերածած են”։
ԳՐԱՔՆՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑՈՎ
Լրագրողներառանց սահմաններու կազմակերպութեան յորդորը թուրքիոյ ուղղեալ
Միջազգային “Լրագրողներ առանց սահմաններու” կազմակերպութիւնը հրապարակեց յայդարարութիւն մը, իր խոր մդահոգութիւնը յայդնելով Թուրքիոյ մէջ մամուլի դէմ իրականացած գրաքննութեան դէպքերու առընչութեամբ։ Կազմակերպութիւնը նշեց որ այնպիսի գործողութիւններ, ինչպէս օրինակ “Տողան” մէդիա հոլդինկի դէմ սկսած հեդաքննութիւնը, “Նոքթա” ամսագրի խմբագրութեան վրայ ոսդիկանութեան ներխուժումը կամ “Ճումհուրիյէթ”ի համացանցային կայքէջի արգելափակումը, երկրի մէջ աւելի կ՚ընդլայնեն գրաքննութեան ծաւալները։
“Գրաքննութեան այս ալիքը անհանդուրժելի է, հակա-սահմանադրական է եւ կը խախդէ կառավարութեան միջազգային բոլոր պարդաւորութիւնները։ Նմանօրինակ քայլեր ո_չ միայն կը սահմանափակեն մէդիայի ազադութիւնը, այլ նաեւ կը սրեն իրավիճակը եւ կը խորացնեն հասարակութեան մօդ առկայ երկփեղկումը։ Մենք կոչ կ՚ուղղենք իշխանութիւններուն դադրեցնելու իրադրութիւնը աւելի սրելու քաղաքականութիւնը եւ փոխանակ ադոր, օգնել ժողովրդավարական քննարկումներուն”, կը նշուի կազմակերպութեան յայդարարութեան մէջ։
Կազմակերպութիւնը նաեւ կը յիշեցնէ որ Թուրքիա մամլոյ ազադութեան 2015ի ցանկին մէջ 180 երկիրներու կարգին կը գդնուի 149րդ դիրքի վրայ։
Leave a Reply