Թուրքիոյ հարցերը պիտի լուծուին միայն Էրտողանի հեռացումով. Սեւան Նշանեան

Սեւան Նշանեան«Արեւելք» համացանցային թերթը Սեպտեմբեր 14ին հարցազրոյց մը ունեցած է բանտէն 7 օրուան համար ազատ արձակուած բանասէր, գրող, այլախոհ լրագրող Սեւան Նշանեանի հետ:
Դեկտեմբեր 2013էն ի վեր բանտարկուած Նշանեան, իր առժամեայ ազատութեան մասին ըսած է. «Եղած կարգադրութիւնը միայն ինծի չի վերաբերիր. բազմաթիւ բանտարկեալներու համար նմանօրինակ կարգադրութիւն եղած է»: Նշանեան նաեւ յայտնած է, որ այսուհետեւ «բաց բանտային» կարգով պիտի անցընէ իր բանտարկութիւնը:
Քաղաքական հայ բանտարկեալը ըսած է, որ պիտի փոխադրուի համեմատաբար աւելի լաւ պայմաններ ունեցող բանտ մը ու բացատրած է, թէ ներկայ տուեալներուն մէջ իր բանտարկութեան պայմանաժամը 11.5 տարի է, իսկ եթէ այդ վճիռին վրայ աւելնայ այլ 6.5 տարուան վճիռ մը, ապա բանտարկութեան տարիներու գումարը կը հասնի 18 տարուան:
Պատասխանելով Թուրքիոյ այսօրուան զարգացումներուն առնչուող հարցումի մը՝ ան նշած է. «Երկիրը մեծ խենթութեան մէջ է եւ իր ճամբան կորսնցուցած: Թուրքիա այսօր դժուար պայմաններու մէջ է, ու մարդ չի կրնար կռահել, թէ այս ընթացքով դէպի ո՞ւր կ՛երթանք»: Ան չէ բացառած, որ երկիրը ներգրաւուի քաղաքացիական պատերազմի մը մէջ: Ըստ Նշանեանի՝ Թուրքիա այսօր հիւանդ է եւ այդ հիւանդութիւնը կապ ունի Միջին Արեւելքը հարուածող մեծ հիւանդութիւններուն հետ: Անոր կարծիքով՝ Թուրքիոյ համար այսօր կարեւորագոյն հարցը երկրի նախագահ Էրտողանի հեռանալն է: «Էրտողանը շատ դրական եւ ճիշդ բաներ ըրաւ այս երկրին համար, բայց այսօր ան սպառած է եւ պէտք է հեռանայ: Իշխանութենէն անոր հեռացումը դուռ կը բանայ Թուրքիոյ մէջ նոր հանգրուանի մը սկիզբին, որ պիտի ըլլայ լուծումներու հանգրուան մը: Էրտողանի հեռացումը մեծապէս կը թեթեւցնէ ծանր վիճակի մատնուած Թուրքիան: Էրտողան 14 տարիէ ի վեր կ՛իշխէ Թուրքիոյ մէջ եւ անոր պէս զօրամոլ մարդ մը պէտք է վայրկեան առաջ հեռանայ իշխանութենէն: Էրտողանը այսօր Թուրքիոյ մեծագոյն խնդիրն է», եզրակացուցած է Նշանեան:
Խօսելով իր բանտարկութեան հանգամանքներուն մասին՝ ան ըսած է. «Դէմս արձակուածը անիմաստ, սարսափելի եւ ապուշ վճիռ մըն է»։
Բացառելով Թուրքիայէն ընդմիշտ հեռանալու մասին խօսքերը՝ Նշանեան նկատել տուած է, որ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն ուզածը այդ է արդէն, բայց ինք այդ քայլին պիտի չդիմէ, ի՛նչ ալ ըլլան հանգամանքները:
Նշանեան արգելափակուած էր «ապօրինի շինարարութիւն» կատարելու անհիմն մեղադրանքով: Մտաւորականը որոշ վրդովում յայտնած է իր հարցին կապակցութեամբ հայութեան ցուցաբերած ընդհանուր անտարբերութեան համար:
Հայ մտաւորականը նաեւ ըսած է, որ հակառակ դժուարին պայմաններուն, ինք կը շարունակէ իր մտաւորական աշխատանքը բանտին մէջ ու ներկայիս կ՛աշխատի թրքերէն լեզուի պատմութեան նուիրուած հատորի մը վրայ։ Անոր բանտ մտնելէն ետք Թուրքիոյ մէջ տպագրուած իր «Ծանր Գիրք»ին մասին հարցումի մը պատասխանելով՝ Նշանեան նշած է, որ հատորը իր վերջին շրջանի հրապարակած յօդուածներուն՝ 1000 էջերէ բաղկացող հաւաքածոն է եւ թէ իր հատորները Հայաստանի մէջ պիտի հրապարակուին հրապարակախօս Սարգիս Հացպանեանի ճիգերով:
Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

September 2015
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
282930  

Արխիւ