ՄԱԿ.- ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովը սեպտեմբեր 11ին որդեգրեց նոր բանաձեւ մը՝ դեկտեմբեր 9-ը հռչակելով ցեղասպանութիւններու զոհերու յիշատակի ոգեկոչման միջազգային օր. այս մասին կը հաղորդէ Globalr2p.org կայքը։
Այս կապակցութեամբ, «Պաշտպանութեան համար պատասխանատուութիւն համաշխարհային կեդրոն»ը (Global Centre for the Responsibility to Protect) առանձնայատուկ շնորհակալական խօսք յղած է Հայաստանի Հանրապետութեան՝ բանաձեւի որդեգրման գործին մէջ անոր ունեցած մեծ ներդրումին համար:
Կը նշուի, որ 2014 եւ 2015 թուականներուն, միջազգային ընտանիքը ոգեկոչած է նախորդ դարուն կատարուած ամէնէն սոսկալի ոճիրներուն՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ, Աուշվիցի ազատագրման 70րդ, իսկ Քամպոջիոյ Կարմիր խմերներու իրագործած սպանդի 40րդ ամեակը, ինչպէս նաեւ՝ Ռուանտայի, Սրեպրենիցայի, Պոսնիոյ եւ Հերցեկովինայի ցեղասպանութիւններու զոհերուն յիշատակը:
Աղբիւրը կը մանրամասնէ, որ ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովին որդեգրած բանաձեւին հիմնական նպատակն է յիշել անցեալին գործուած սարսափելի ոճիրները՝ յետագային անոնց կրկնութիւնը կանխարգիլելու համար:
Asbarez.com
Leave a Reply