Հայոց ինքնութեան, մշակոյթի եւ արուեստի նուիրուած ցուցահանդէս՝ Պոլսոյ մէջ

Ցուցահանդէս՝ Պոլսոյ ՄէջՎ. Ս.

Սեպտեմբեր 3ին, Պոլսոյ «Թիւթիւն Տեփոսու» հաստատութեան մէջ բացուեցաւ ցուցահանդէս մը, որ կը մէկտեղէ աշխարհի զանազան անկիւններու մէջ ապրող ու ստեղծագործող 13 հայ արուեստագէտներու գործերը՝ քանդակներ, լուսանկարներ, գեղանկարներ, գծանկարչական եւ լուսանկարչական աշխատանքներ, վիտէօ ժապաւէններ եւ այլն։
Այս կարեւոր ձեռնարկը իրագործուած է «Անատոլու Քիւլթիւր» հիմնարկին, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկին, Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան, Պոլսոյ «Կէօթէ» հիմնարկին, Թարապիոյ մշակոյթի ակադեմիոյ եւ «Հէյնրիխ Սթիֆթունկ» միութեան Թուրքիոյ ներկայացուցչութեան նախաձեռնութեամբ։ Ցուցահանդէսին մասնակից 13 արուեստագէտներէն մօտաւորապէս կէսը ներկայ էր բացման հանդիսութեան։
Բացումէն քանի մը ժամ առաջ սարքուեցաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին ծանօթացուեցան արուեստագէտներն ու իրենց գործերը, նաեւ լուսարձակի տակ առնուեցան հայոց ինքնութիւնը, մշակոյթն ու արուեստը՝ հին օրերէն մինչեւ այսօր։
Ելոյթներ ունեցան ցուցահանդէսի համադրող, Պուէնոս Այրեսէն Սիլվինա Տէր Մկրտիչեան ու «Անատոլու Քիւլթիւր» հիմնարկի տնօրէն Օսման Գաւալա։
Սիլվինա Տէր Մկրտիչեան, որ զուգահեռաբար կը մասնակցի նաեւ «Վենետիկի միջազգային պիէնալ»ին մէջ հայկական տաղաւարը ներկայացնող «Արմէնիթի» )հայութիւն) նախագիծին, նշեց, որ այս ծրագիրը 10 տարիէ ի վեր շարունակական բնոյթով իրարու կը մերձեցնէ աշխարհի զանազան երկիրներու հայ արուեստագէտները։ Իր խօսքերով՝ «Թոռներ. պատկանելիութեան նոր աշխարհագրութիւն» ցուցահանդէսին նպատակն է ուշադիր հայեացք կեդրոնացնել անհատական ու հասարակական համահայութիւնը կազմող մասնիկներու պատկանելիութեան վրայ, որովհետեւ այդ մասնիկներն են, որոնք ուժ կու տան ու կ՛ոգեշնչեն Սփիւռքի ինքնութիւնը։
Իսկ Օսման Գաւալա ելոյթ մը ունենալով՝ ըսաւ. «Ուրախ եմ, թէ քաղաքիս մէջ կը հիւրընկալենք հայ արուեստագէտները, այսպիսի բացառիկ ցուցահանդէսով մը»։ Իր խօսքերով՝ այս ցուցահանդէսը կը ստիպէ, որ մտածենք անցեալին ու ապագային մասին։
Ցուցահանդէսի բացման մասնակցեցան մեծ թիւով թուրք եւ օտար արուեստասէրներ։ Կազմակերպիչները հրատարակած են նաեւ բարձրորակ ալպոմ-գիրք մը, ուր չորս լեզուներով՝ հայերէն-թրքերէն-անգլերէն-գերմաներէն, կը ներկայացուին մասնակիցներն ու իրենց աշխատանքները, նաեւ՝ անոնց խօսքը այս ձեռնարկին մասին։
Մասնակից արուեստագէտներն են՝ Աշոտ Աշոտ )Երեւան-Փարիզ), Մարիան Պետոյեան )Պուէնոս Այրես), Թալին Պիւյիւքքիւրքճեան )Պոլիս), Հերա Պիւյիւքթաշճեան )Պոլիս), Սիլվինա Տէր Մկրտիչեան )Պուէնոս Այրես-Պերլին), Լինտա Կանժեան )Նիւ Եորք), Արչի Կալենց )Մոսկուա-Պերլին), Կարինէ Մատղաշեան )Երեւան), Միքայէլ Օհանճանեան )Երեւան-Ֆլորանս), Անի Սէթեան )Պոլիս), Արման Թադէոսեան )Գիւմրի-Նանսի), Սքաութ Թիւֆէնքճեան )Նիւ Եորք) եւ Մարի Զոլամեան )Պէյրութ-Լիէժ)։
Նշենք, որ մասնակից արուեստագէտներուն մեծամասնութիւնը 2003էն ի վեր կը համագործակցի իրարու հետ։ Ինչպէս շեշտեցին մասնակիցներէն ոմանք, ցուցադրութիւնը առաւելաբար կեդրոնացած է հայ համայնքի ներկայացուցիչներու անձնական ու համայնքային կապերուն վրայ։
(Յապաւումով)
«Մարմարա»

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

September 2015
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
282930  

Արխիւ