Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանը կը յորդորէ զերծ մնալ հայ համայնքը թիրախ դարձնող հրապարակումներէ

BolisԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա».- Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանը վերջին օրերուն Թուրքիոյ մէջ շարունակուող ահաբեկչական գործողութիւնները դատապարտող յայտարարութիւն մը հրապարակած է՝ յորդորելով զերծ մնալ Թուրքիոյ հայ համայնքը որպէս թիրախ ցոյց տուող յայտարարութիւններէն ու հրապարակումներէն:
«Անատոլու» գործակալութեան համաձայն՝ յայտարարութեան մէջ պատրիարքարանը ըսած է, որ կ՛աղօթէ Թուրքիոյ միասնականութեան ու ամբողջականութեան վնասող ահաբեկչական դէպքերուն վերջ տալու եւ խաղաղութեան հաստատման համար: Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանը մտահոգութիւն յայտնած է, որ յաճախ թրքական մամուլին մէջ տեղ կը գտնեն յօդուածներ, որոնք հայ համայնքը թիրախ կը դարձնեն: «Ժամանակ առ ժամանակ որոշ գրողներու կողմէ մեր համայնքը թիրախ դարձնող եւ զայն ահաբեկչական խմբաւորման հետ նոյնացնող արտայայտութիւնները խորապէս կը վիրաւորեն այս հայրենիքին մշտապէս հաւատարիմ մնացող եւ քաղաքացիական գիտակցութիւն ունեցող հայ քաղաքացիները: Իրենք զիրենք Թուրքիոյ մասնիկ համարող հայ քաղաքացիներուն դէմ անարդար արտայայտութիւններ օգտագործելը բարեգթութեան մէջ չտեղաւորուող վերաբերմունք է: Վստահ ենք, որ մեր ազգի մեծամասնութիւնը համակարծիք չէ այս օտարեցնող արտայայտութիւններուն», ըսուած է յայտարարութեան մէջ: Պատրիարքարանը խստօրէն դատապարտած է ահաբեկչական բոլոր գործողութիւնները՝ իր վշտակցութիւնը յայտնելով բոլոր այն ընտանիքներուն, որոնք այս օրերուն կորուստներ ունեցան:
Իր կարգին, «Հայ Թերթ» կայքի խմբագիր Մուրատ Պեպիրօղլու գրած է խմբագրական մը, որով մտահոգութիւն կը յայտնէ Թուրքիոյ ազգայնամոլ շրջանակներուն նկատմամբ, ինչպէս նաեւ՝ իշխող կուսակցութեան շրջանակներէն հասնող նմանօրինակ ատելավառ արտայայտութիւններու կապակցութեամբ, ու դիտել կու տայ, որ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան գործունէութիւնը հայերուն կապելու ռազմավարութիւնը, որ արդէն իսկ նոր չէ, ընդունելի չէ՝ ո՛չ խղճմտանքի, ո՛չ ալ բարոյական տեսակէտէ։
Նշենք, որ «Արեւելք»ը նոյնպէս հաղորդած է, թէ սեպտեմբեր 9ի գիշեր իրավիճակը լարուած եղած է Պոլսոյ հայաբնակ թաղերուն մէջ: Թուրք ազգայնականներէ կազմուած խումբեր անցած են քաղաքի հայաբնակ Շիշլի, Քուրթուլուշ եւ նախկին հայաբնակ Պեշիկթաշ թաղերէն՝ պոռալով. «Այս թաղերը պիտի դարձնենք հայերու եւ քիւրտերու գերեզմաններ»:
Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

September 2015
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
282930  

Արխիւ