Անմոռուկը Մոնթրէալի քաղաքապետարանին առջեւ

անմոռուկ2015 մայիսի կէսերէն մինչեւ սեպտեմբերի վերջը Մոնթրէալի քաղաքապետարան այցելողը մուտքին պիտի տեսնէ մեծ բուսախճանկար մը (mosaïculture), որ գունաւոր ծաղիկներով ու բոյսերով հարազատ պատկերը կը ներկայացնէ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի տարբերանշան հանդիսացող անմոռուկին, այն անմոռուկին որ կը զետեղուի Մեծ եղեռնի յիշատակման բոլոր ձեռնարկներու ազդերուն եւ անոր առնչուող բոլոր հրապարակումներուն վրայ։ Խճանկարին ներքեւ նաեւ ցուցատախտակի մը վրայ նշուած է առիթը՝ 100e anniversaire du génocide arménien – 24 avril 2015։ Այս նախաձեռնութիւնը արդիւնք է Park Extension ընտրաշրջանի հայազգի ներկայացուցիչ Մարի Տերոսի եւ քաղաքապետութեան Գործադիր վարչութեան փոխ նախագահ Յարութիւն Շիթիլեանի ջանքերուն։

http://horizonweekly.ca/news/details/72803

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

September 2015
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
282930  

Արխիւ