Հրապարակագիր Նազարէթ Պէրպէրեան կը գրէ.
Արդի ժամանակներու համաշխարհային պատմութեան մեծագոյն գայթակղութիւններէն մէկուն` Մուսթաֆա Քեմալի զօրքին Զմիւռնիա մուտքին եւ հազարամեակներու պատմութիւն ունեցող յունական այդ չքնաղ քաղաքին հրոյ ճարակ կործանման տարելիցն է այսօր` 9 Սեպտեմբերը։
1922-ի Սեպտեմբեր 9-ին, Դաշնակիցներու նաւատորմին անտարբեր եւ ձեռնածալ հայեացքին տակ, քեմալական զօրքը` Նուրէտտին փաշայի մը հրամանատարութեամբ, յաղթական մուտք գործեց երեք քառորդով յունաբնակ եւ հայաբնակ Զմիւռնիա քաղաքը։ Երեք օր շարունակ թուրք զինուորները ահաւոր վայրագութեանց` կոտորածի ու կողոպուտի, բռնաբարման ու հրկիզման ենթարկեցին Եգէականի ափին հազարամեակներով ապրած ու բարգաւաճած այս գեղեցիկ, արգասաբեր ու վաճառականական մեծ կեդրոնը։
Բայց յատկապէս Զմիւռնիայի հայկական թաղամասերէն սկսած եւ արագօրէն ամբողջ յունաբնակ քաղաքն ու արուարձանները տարածուած անզուսպ հրդեհը աշխարհի քարտէսէն ջնջեց, գրեթէ ամբողջութեամբ, յունական եւ հայկական` քրիստոնէակա՛ն շեշտակի դրոշմը Զմիւռնիային։ Յոյն թէ հայ բոլոր անոնք, որոնք չէին կրցած յունական նահանջող զօրքին հետ հեռանալ իրենց ծննդավայր քաղաքէն, նոյնիսկ եթէ յաջողեցան խուսափիլ թրքական զօրքի կոտորածներէն, ի վերջոյ զոհ գացին Զմիւռնիայի մեծ հրդեհին` բախտաւոր պարագային ծովը նետուելով…
Այդպէ՛ս կործանեցաւ հելլէնական եւ հռոմէական դարերէն` Քրիստոսի ծնունդէն հազարամեակ մը առաջ կառուցուած ու մինչեւ 1920-ականները հոյակերտ քաղաքակրթութիւն մը իր անունին կապած Զմիւռնիան, որ յատկապէս յոյն ժողովուրդին, բայց նաեւ 11րդ դարէն սկսեալ հոն հաստատուած հայութեան ստեղծագործ տաղանդին եւ քաղաքակրթական շնորհներուն խօսուն վկայութիւնն ու փառքի դափնեպսակը հանդիսացաւ։
Եւ ա՛յդ բարբարոսութեան վրայ հիմնուեցաւ Աթաթուրք հռչակուած Մուսթաֆա Քեմալի Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը, որ կործանուած Զմիւռնիային փոխարէն 1928-ին ձեռնարկեց Իզմիր քաղաքի կառուցման, որ տասնամեակներու ընթացքին դարձաւ աւելի քան 2,5 միլիոն թուրք բնակչութեամբ առեւտրական մեծ նաւահանգիստ` միջազգային տօնավաճառներու կեդրոն հանդիսանալով։
Շատ գրուած է ե՛ւ 1919-էն 1922 յոյն-թրքական պատերազմին, ե՛ւ նոյնինքն Զմիւռնիայի Աղէտին մասին։ Այսօր եւս լոյս կը տեսնեն տարբեր բնոյթի ուսումնասիրութիւններ կամ գրական ստեղծագործութիւններ, ինչպէս եւ գեղարուեստական գործեր կը հրապարակուին` ամբողջապէս լուսաբանելու եւ արժեւորելու համար թէ՛ Զմիւռնիայի Աղէտը, թէ՛ Զմիւռնիայի քաղաքակրթական մեծ ներդրումը։
Յատկապէս յոյն ժողովուրդը, աշխարհի չորս ծագերուն, ամէն Սեպտեմբերի 9-ին, ոչ միայն կ’ոգեկոչէ յիշատակը բազմահազար իր նահատակներուն, այլեւ` կը սգայ կործանումն ու կորուստը յոյն ազգային յիշողութեան մէջ իր անփոխարինելի տեղն ու նշանակութիւնը ունեցող Զմիւռնիային։
Բայց նաեւ իր այժմէական դասերով` 9 Սեպտեմբեր 1922-ի Զմիւռնիայի Աղէտը իր վրայ կը կեդրոնացնէ ուշադրութիւնը ոչ միայն յոյն ժողովուրդին, այլեւ թրքական եղեռնագործութեան այս կամ այն չափով զոհ գացած բոլոր ժողովուրդներուն, որոշապէս իրաւատէր հայութեան, որովհետեւ 87 տարի առաջ պատահած մեծ ողբերգութեան՝ Հայասպանութեան նկատմամբ եւս Թուրքիա օրին որդեգրեց եւ կը շարունակէ կառչած մնալ պետական եւ պաշտօնական ուրացումի ու չքմեղանքի միեւնոյն քաղաքականութեան։
Աւելի՛ն. Զմիւռնիայի Աղէտը ուսանելի շատ ծանր դասեր կը փոխանցէ մեծապետական աշխարհի ղեկավար ուժերու նեղ-շահամոլական վարքագծին` Թուրքիան սիրաշահելու նպատակով անոնց անամօթ մրցապայքարին մասին, որմէ առաւելագոյնս օգտուեցաւ Մուսթաֆա Քեմալ 1922-ին Զմիւռնիան գրաւելու եւ այդպէ՛ս կործանելու ժամանակ։ Իր այդ արհամարհական յանցագործութեան համար Քեմալ ունէր «քաջալերող» նախադէպ, որովհետեւ Դաշնակիցներու մրցապայքարէն օգտուած էր նախապէս ալ, 1920-ի աշնան, արշաւելով Հայաստանի Հանրապետութեան վրայ եւ, անոր խորտակման ու խորհրդայնացման զուգահեռ, բռնագրաւելով հայապատկան Կարսն ու Արտահանը, Վանն ու Կարինը` ամբողջ Արեւմտահայաստանի վրայ թրքական տիրապետութիւն հաստատելով։
Մեծապետական ուժերու այդ վարքագիծը միշտ ալ բաւարար հիմք տուած է թրքական պետութեան վարիչներուն, Քեմալի ժամանակներէն մինչեւ Էրտօղանի այս օրերը, որպէսզի արհամարհեն պատմութիւնն ու թրքական եղեռնագործութեան զոհերուն ազգային յիշողութիւնը` անպատիժ մնացած իրենց յանցագործութեանց վրայ ոչ միայն գումարելով նորերը, այլեւ Ուրացման ու Ժխտումի յանցագործութեանց ձեռնարկելով։
Զմիւռնիայի Աղէտէն 93 տարի ետք ալ թրքական պաշտօնական քաղաքականութիւնը կը շարունակէ աշխարհին հրամցնել միեւնոյն այն յանկերգը, թէ իբր` 1) Իբր թէ յոյները իրենք հրահրեցին ազգամիջեան ատելութիւնն ու թշնամանքը, երբ 1919-ի Մայիսին «գրաւեցին» Զմիւռնիան` օգտուելով Առաջին Աշխարհամարտի աւարտին Օսմանեան Կայսրութեան կրած խայտառակ պարտութենէն։ 2) Զմիւռնիա մտած յոյն զինուորները իբր թէ ուղղակի կոտորածի ենթարկեցին քաղաքի թուրք փոքրամասնութիւնը։ 3) Իբր թէ Զմիւռնիան հրդեհի տուողներն ալ եղան իրենք` յոյն զինուորները, որոնք իրենց նահանջին եւ Զմիւռնիան պարպելու ժամանակ ուզեցին եղեր քարուքանդ քաղաք մը… աւար ձգել յաղթական թուրք բանակին։
Անշուշտ անպատասխան մնացած չէ սուտի ու կեղծիքի ճամբով պատմութիւնը նենգափոխելու եւ սեփական եղեռնագործութիւնը ուրանալու Թուրքիոյ Ուրացման ու Ժխտումի պետական այդ քաղաքականութիւնը։ Յոյն, անգլիացի, ամերիկացի, ֆրանսացի եւ մանաւանդ հայ պատմաբաններու սպառիչ ուսումնասիրութիւններով եւ փաստագրական հաւաքածոներով, ինչպէս նաեւ պետական արխիւներու մէջ պահուած զեկուցագրերու եւ նամակագրութեանց ճամբով՝ թրքական յանցագործութիւնը, իր ամբողջական ահաւորութեամբ, մերկացուած է ամէն կարգի ուրացման եւ խեղաթիւրման փորձերէ։
Արար աշխարհ այսօր գիտէ, որ 1) Դաշնակիցները իրե՛նք Յունաստանի իշխանութեան վստահեցան Զմիւռնիայի հոգատարութիւնը եւ այդպէս էր, որ վարչապետ Վենիզելոս յունական զօրք ղրկեց Զմիւռնիա 1919-ի Մայիսին։ 2) Եթէ մինչեւ 9 Սեպտեմբեր 1922 մղուած յոյն-թրքական կռիւներու ընթացքին յոյն զինուորներ յանցանքներ գործեցին թուրք խաղաղ բնակչութեան դէմ, այդ արարքները դատապարտելի էին իբրեւ պատերազմական գործողութեանց հետեւանք վայրագութիւններ։ Մինչդեռ քեմալական զօրքը` յաղթական մուտք գործելով Զմիւռնիա, պատերազմական գործողութեանց աւարտին, ուղղակի Նուրէտտին փաշայի հրահանգով ձեռնարկեց յոյն եւ հայ բնակչութեան սպանդին ու քաղաքի հրոյ ճարակ կործանումին, որպէսզի Զմիւռնիան ջնջէր աշխարհի քարտէսէն իբրեւ յոյնեւհայկական քաղաք։ 3) Դաշնակիցները իր բախտին լքեցին Զմիւռնիան եւ անոր յոյն թէ քրիստոնեայ ազգաբնակչութիւնը պաշտպանող յունական զօրքը, երբ Քեմալ սկսաւ Լենինի հետ իր սիրաբանութեան, իսկ անգլիացիք եւ ամերիկացիք, ֆրանսացիք ու իտալացիք սկսան թրքական ազգայնամոլութեան նորայայտ առաջնորդին սիրաշահելու միջոցներ փնտռել, որպէսզի չկորսնցնեն Առաջին Աշխարահամարտի իրենց նուաճած պատերազմական աւարները…
Պատմական ճշմարտութիւնը փաստագրող աղբիւրները նաեւ կ’անդրադառնան յունական ներքին քաղաքականութեան մէջ այդ շրջանին երեւան եկած տարակարծութիւններուն, որոնց հետեւանքով Վենիզելոս կորսնցուց իշխանութիւնը եւ փոխարինուեցաւ ուժերով, որոնք ռազմական եւ դիւանագիտական փորձառու ուժերը հեռացուցին յոյն-թրքական ռազմաճակատէն, ինչ որ եկաւ աւելիով տկարացնելու Զմիւռնիա հաստատուած յունական զօրքին դիմադրականութիւնը, գումարուելով Դաշնակիցներուն կողմէ լքուած ըլլալու վիճակին վրայ։
Այս բոլորը առաւլագոյն առարկայականութեամբ եւ գիտական փաստագրութեամբ ներկայացուած են տասնեակաւոր հատորներու մէջ, բայց յատկապէս ամերիկահայ պատմաբան Մարճըրի Յովսէփեան-Տոփքինի «Զմիւռնիա 1922.- Քաղաքի մը կործանումը» խորագրով կոթողական գործին մէջ։
9 Սեպտեմբեր 1922-ին Թուրքիա մեծ ոճիր մը եւս աւելցուց դարաւոր իր յանցագործութեանց տխրահռչակ պատմութեան վրայ։
Թրքական եղեռնագործութեէն վերապրած ժողովուրդները չեն կրնար մոռնալ իրենց նահատակներն ու քաղաքակրթական ծանրագոյն կորուստները, բայց նաեւ իրենց մէջ ուժը պէտք է գտնեն չմոռնալու պատմութեան դաժան դասերը, որպէսզի անպատիժ մնացած ցեղասպան Թուրքիոյ կողմէ որդեգրուած Ուրացման ու Ժխտումի շարունակուող քաղաքականութեան իրենք թէ ուրիշներ դարձեալ զոհ չերթան… իրենց նոր սերունդներով։
http://www.yerakouyn.com/?p=88799
Leave a Reply