9 սեպտեմբեր 1922. Մուսթաֆա Քեմալի զօրքին Զմիւռնիա մուտքն ու բազմադարեան քաղաքին կործանումը

ԶմիւռնիաՀրապարակագիր Նազարէթ Պէրպէրեան կը գրէ.

Ար­դի ժա­մա­նակ­նե­րու հա­մաշ­խար­հա­յին պատ­մու­թեան մե­ծա­գոյն գայ­թակ­ղու­թիւն­նե­րէն մէ­կուն` ­Մուս­թա­ֆա ­Քե­մա­լի զօր­քին Զ­միւռ­նիա մուտ­քին եւ հա­զա­րա­մեակ­նե­րու պատ­մու­թիւն ու­նե­ցող յու­նա­կան այդ չքնաղ քա­ղա­քին հրոյ ճա­րակ կոր­ծան­ման տա­րե­լիցն է այ­սօր` 9 ­Սեպ­տեմ­բե­րը։

1922-ի ­Սեպ­տեմ­բեր 9-ին, ­Դաշ­նա­կից­նե­րու նա­ւա­տոր­մին ան­տար­բեր եւ ձեռ­նա­ծալ հա­յեաց­քին տակ, քե­մա­լա­կան զօր­քը` ­Նու­րէտ­տին փա­շա­յի մը հրա­մա­նա­տա­րու­թեամբ, յաղ­թա­կան մուտք գոր­ծեց ե­րեք քա­ռոր­դով յու­նաբ­նակ եւ հա­յաբ­նակ Զ­միւռ­նիա քա­ղա­քը։ Ե­րեք օր շա­րու­նակ թուրք զի­նո­ւոր­նե­րը ա­հա­ւոր վայ­րա­գու­թեանց` կո­տո­րա­ծի ու կո­ղո­պու­տի, բռնա­բար­ման ու հրկիզ­ման են­թար­կե­ցին Ե­գէա­կա­նի ա­փին հա­զա­րա­մեակ­նե­րով ապ­րած ու բար­գա­ւա­ճած այս գե­ղե­ցիկ, ար­գա­սա­բեր ու վա­ճա­ռա­կա­նա­կան մեծ կեդ­րո­նը։

Բայց յատ­կա­պէս Զ­միւռ­նիա­յի հայ­կա­կան թա­ղա­մա­սե­րէն սկսած եւ ա­րա­գօ­րէն ամ­բողջ յու­նաբ­նակ քա­ղաքն ու ա­րո­ւար­ձան­նե­րը տա­րա­ծո­ւած ան­զուսպ հրդե­հը աշ­խար­հի քար­տէ­սէն ջնջեց, գրե­թէ ամ­բող­ջու­թեամբ, յու­նա­կան եւ հայ­կա­կան` քրիս­տո­նէա­կա՛ն շեշ­տա­կի դրոշ­մը Զ­միւռ­նիա­յին։ ­Յոյն թէ հայ բո­լոր ա­նոնք, ո­րոնք չէին կրցած յու­նա­կան նա­հան­ջող զօր­քին հետ հե­ռա­նալ ի­րենց ծննդա­վայր քա­ղա­քէն, նոյ­նիսկ ե­թէ յա­ջո­ղե­ցան խու­սա­փիլ թրքա­կան զօր­քի կո­տո­րած­նե­րէն, ի վեր­ջոյ զոհ գա­ցին Զ­միւռ­նիա­յի մեծ հրդե­հին` բախ­տա­ւոր պա­րա­գա­յին ծո­վը նե­տո­ւե­լով…

Այդ­պէ՛ս կոր­ծա­նե­ցաւ հել­լէ­նա­կան եւ հռո­մէա­կան դա­րե­րէն` Ք­րիս­տո­սի ծնուն­դէն հա­զա­րա­մեակ մը ա­ռաջ կա­ռու­ցո­ւած ու մին­չեւ 1920-ա­կան­նե­րը հո­յա­կերտ քա­ղա­քակր­թու­թիւն մը իր ա­նու­նին կա­պած Զ­միւռ­նիան, որ յատ­կա­պէս յոյն ժո­ղո­վուր­դին, բայց նաեւ 11րդ ­դա­րէն սկսեալ հոն հաս­տա­տո­ւած հա­յու­թեան ստեղ­ծա­գործ տա­ղան­դին եւ քա­ղա­քակր­թա­կան շնորհ­նե­րուն խօ­սուն վկա­յու­թիւնն ու փառ­քի դափ­նեպ­սա­կը հան­դի­սա­ցաւ։

Եւ ա՛յդ բար­բա­րո­սու­թեան վրայ հիմ­նո­ւե­ցաւ Ա­թա­թուրք հռչա­կո­ւած ­Մուս­թա­ֆա ­Քե­մա­լի ­Թուր­քիոյ ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը, որ կոր­ծա­նո­ւած Զ­միւռ­նիա­յին փո­խա­րէն 1928-ին ձեռ­նար­կեց Իզ­միր քա­ղա­քի կա­ռուց­ման, որ տաս­նա­մեակ­նե­րու ըն­թաց­քին դար­ձաւ ա­ւե­լի քան 2,5 մի­լիոն թուրք բնակ­չու­թեամբ ա­ռեւտ­րա­կան մեծ նա­ւա­հան­գիստ` մի­ջազ­գա­յին տօ­նա­վա­ճառ­նե­րու կեդ­րոն հան­դի­սա­նա­լով։

Շատ գրո­ւած է ե՛ւ 1919-էն 1922 յոյն-թրքա­կան պա­տե­րազ­մին, ե՛ւ նոյ­նինքն Զ­միւռ­նիա­յի Ա­ղէ­տին մա­սին։ Այ­սօր եւս լոյս կը տես­նեն տար­բեր բնոյ­թի ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­ներ կամ գրա­կան ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­ներ, ինչ­պէս եւ գե­ղա­րո­ւես­տա­կան գոր­ծեր կը հրա­պա­րա­կո­ւին` ամ­բող­ջա­պէս լու­սա­բա­նե­լու եւ ար­ժե­ւո­րե­լու հա­մար թէ՛ Զ­միւռ­նիա­յի Ա­ղէ­տը, թէ՛ Զ­միւռ­նիա­յի քա­ղա­քակր­թա­կան մեծ ներդ­րու­մը։

Յատ­կա­պէս յոյն ժո­ղո­վուր­դը, աշ­խար­հի չորս ծա­գե­րուն, ա­մէն ­Սեպ­տեմ­բե­րի 9-ին, ոչ միայն կ’ո­գե­կո­չէ յի­շա­տա­կը բազ­մա­հա­զար իր նա­հա­տակ­նե­րուն, այ­լեւ` կը սգայ կոր­ծա­նումն ու կո­րուս­տը յոյն ազ­գա­յին յի­շո­ղու­թեան մէջ իր ան­փո­խա­րի­նե­լի տեղն ու նշա­նա­կու­թիւ­նը ու­նե­ցող Զ­միւռ­նիա­յին։

Բայց նաեւ իր այժ­մէա­կան դա­սե­րով` 9 ­Սեպ­տեմ­բեր 1922-ի Զ­միւռ­նիա­յի Ա­ղէ­տը իր վրայ կը կեդ­րո­նաց­նէ ու­շադ­րու­թիւ­նը ոչ միայն յոյն ժո­ղո­վուր­դին, այ­լեւ թրքա­կան ե­ղեռ­նա­գոր­ծու­թեան այս կամ այն չա­փով զոհ գա­ցած բո­լոր ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն, ո­րո­շա­պէս ի­րա­ւա­տէր հա­յու­թեան, ո­րով­հե­տեւ 87 տա­րի ա­ռաջ պա­տա­հած մեծ ող­բեր­գու­թեան՝ ­Հա­յաս­պա­նու­թեան նկատ­մամբ եւս ­Թուր­քիա օ­րին որ­դեգ­րեց եւ կը շա­րու­նա­կէ կառ­չած մնալ պե­տա­կան եւ պաշ­տօ­նա­կան ու­րա­ցու­մի ու չքմե­ղան­քի միեւ­նոյն քա­ղա­քա­կա­նու­թեան։

Ա­ւե­լի՛ն. Զ­միւռ­նիա­յի Ա­ղէ­տը ու­սա­նե­լի շատ ծանր դա­սեր կը փո­խան­ցէ մե­ծա­պե­տա­կան աշ­խար­հի ղե­կա­վար ու­ժե­րու նեղ-շա­հա­մո­լա­կան վար­քագ­ծին` ­Թուր­քիան սի­րա­շա­հե­լու նպա­տա­կով ա­նոնց ա­նա­մօթ մրցա­պայ­քա­րին մա­սին, որ­մէ ա­ռա­ւե­լա­գոյնս օգ­տո­ւե­ցաւ ­Մուս­թա­ֆա ­Քե­մալ 1922-ին Զ­միւռ­նիան գրա­ւե­լու եւ այդ­պէ՛ս կոր­ծա­նե­լու ժա­մա­նակ։ Իր այդ ար­հա­մար­հա­կան յան­ցա­գոր­ծու­թեան հա­մար ­Քե­մալ ու­նէր «քա­ջա­լե­րող» նա­խա­դէպ, ո­րով­հե­տեւ ­Դաշ­նա­կից­նե­րու մրցա­պայ­քա­րէն օգ­տո­ւած էր նա­խա­պէս ալ, 1920-ի աշ­նան, ար­շա­ւե­լով ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան վրայ եւ, ա­նոր խոր­տակ­ման ու խորհր­դայ­նաց­ման զու­գա­հեռ, բռնագ­րա­ւե­լով հա­յա­պատ­կան ­Կարսն ու Ար­տա­հա­նը, ­Վանն ու ­Կա­րի­նը` ամ­բողջ Ա­րեւմ­տա­հա­յաս­տա­նի վրայ թրքա­կան տի­րա­պե­տու­թիւն հաս­տա­տե­լով։

Մե­ծա­պե­տա­կան ու­ժե­րու այդ վար­քա­գի­ծը միշտ ալ բա­ւա­րար հիմք տո­ւած է թրքա­կան պե­տու­թեան վա­րիչ­նե­րուն, ­Քե­մա­լի ժա­մա­նակ­նե­րէն մին­չեւ Էր­տօ­ղա­նի այս օ­րե­րը, որ­պէս­զի ար­հա­մար­հեն պատ­մու­թիւնն ու թրքա­կան ե­ղեռ­նա­գոր­ծու­թեան զո­հե­րուն ազ­գա­յին յի­շո­ղու­թիւ­նը` ան­պա­տիժ մնա­ցած ի­րենց յան­ցա­գոր­ծու­թեանց վրայ ոչ միայն գու­մա­րե­լով նո­րե­րը, այ­լեւ Ու­րաց­ման ու Ժխ­տու­մի յան­ցա­գոր­ծու­թեանց ձեռ­նար­կե­լով։

Զ­միւռ­նիա­յի Ա­ղէ­տէն 93 տա­րի ետք ալ թրքա­կան պաշ­տօ­նա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կէ աշ­խար­հին հրամց­նել միեւ­նոյն այն յան­կեր­գը, թէ իբր` 1) Իբր թէ յոյ­նե­րը ի­րենք հրահ­րե­ցին ազ­գա­մի­ջեան ա­տե­լու­թիւնն ու թշնա­ման­քը, երբ 1919-ի ­Մա­յի­սին «գրա­ւե­ցին» Զ­միւռ­նիան` օգ­տո­ւե­լով Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տի ա­ւար­տին Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան կրած խայ­տա­ռակ պար­տու­թե­նէն։ 2) Զ­միւռ­նիա մտած յոյն զի­նո­ւոր­նե­րը իբր թէ ուղ­ղա­կի կո­տո­րա­ծի են­թար­կե­ցին քա­ղա­քի թուրք փոք­րա­մաս­նու­թիւ­նը։ 3) Իբր թէ Զ­միւռ­նիան հրդե­հի տո­ւող­ներն ալ ե­ղան ի­րենք` յոյն զի­նո­ւոր­նե­րը, ո­րոնք ի­րենց նա­հան­ջին եւ Զ­միւռ­նիան պար­պե­լու ժա­մա­նակ ու­զե­ցին ե­ղեր քա­րու­քանդ քա­ղաք մը… ա­ւար ձգել յաղ­թա­կան թուրք բա­նա­կին։

Ան­շուշտ ան­պա­տաս­խան մնա­ցած չէ սու­տի ու կեղ­ծի­քի ճամ­բով պատ­մու­թիւ­նը նեն­գա­փո­խե­լու եւ սե­փա­կան ե­ղեռ­նա­գոր­ծու­թիւ­նը ու­րա­նա­լու ­Թուր­քիոյ Ու­րաց­ման ու Ժխ­տու­մի պե­տա­կան այդ քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը։ ­Յոյն, անգ­լիա­ցի, ա­մե­րի­կա­ցի, ֆրան­սա­ցի եւ մա­նա­ւանդ հայ պատ­մա­բան­նե­րու սպա­ռիչ ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րով եւ փաս­տագ­րա­կան հա­ւա­քա­ծո­նե­րով, ինչ­պէս նաեւ պե­տա­կան ար­խիւ­նե­րու մէջ պահուած զե­կու­ցագ­րե­րու եւ նա­մա­կագ­րու­թեանց ճամ­բով՝ թրքա­կան յան­ցա­գոր­ծու­թիւ­նը, իր ամ­բող­ջա­կան ա­հա­ւո­րու­թեամբ, մեր­կա­ցո­ւած է ա­մէն կար­գի ու­րաց­ման եւ խե­ղա­թիւր­ման փոր­ձե­րէ։

Ա­րար աշ­խարհ այ­սօր գի­տէ, որ 1) ­Դաշ­նա­կից­նե­րը ի­րե՛նք ­Յու­նաս­տա­նի իշ­խա­նու­թեան վստա­հե­ցան Զ­միւռ­նիա­յի հո­գա­տա­րու­թիւ­նը եւ այդ­պէս էր, որ վար­չա­պետ ­Վե­նի­զե­լոս յու­նա­կան զօրք ղրկեց Զ­միւռ­նիա 1919-ի ­Մա­յի­սին։ 2) Ե­թէ մին­չեւ 9 ­Սեպ­տեմ­բեր 1922 մղուած յոյն-թրքա­կան կռիւ­նե­րու ըն­թաց­քին յոյն զինուոր­ներ յան­ցանք­ներ գոր­ծե­ցին թուրք խա­ղաղ բնակ­չու­թեան դէմ, այդ ա­րարք­նե­րը դա­տա­պար­տե­լի էին իբ­րեւ պա­տե­րազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թեանց հե­տե­ւանք վայ­րա­գու­թիւն­ներ։ ­Մինչ­դեռ քե­մա­լա­կան զօր­քը` յաղ­թա­կան մուտք գոր­ծե­լով Զ­միւռ­նիա, պա­տե­րազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թեանց ա­ւար­տին, ուղ­ղա­կի ­Նու­րէտ­տին փա­շա­յի հրա­հան­գով ձեռ­նար­կեց յոյն եւ հայ բնակ­չու­թեան սպան­դին ու քա­ղա­քի հրոյ ճա­րակ կոր­ծա­նու­մին, որ­պէս­զի Զ­միւռ­նիան ջնջէր աշ­խար­հի քար­տէ­սէն իբ­րեւ յոյ­նեւ­հայ­կա­կան քա­ղաք։ 3) ­Դաշ­նա­կից­նե­րը իր բախ­տին լքե­ցին Զ­միւռ­նիան եւ ա­նոր յոյն թէ քրիս­տո­նեայ ազ­գաբ­նակ­չու­թիւ­նը պաշտ­պա­նող յու­նա­կան զօր­քը, երբ ­Քե­մալ սկսաւ ­Լե­նի­նի հետ իր սի­րա­բա­նու­թեան, իսկ անգ­լիա­ցիք եւ ա­մե­րի­կա­ցիք, ֆրան­սա­ցիք ու ի­տա­լա­ցիք սկսան թրքա­կան ազ­գայ­նա­մո­լու­թեան նո­րա­յայտ ա­ռաջ­նոր­դին սի­րա­շա­հե­լու մի­ջոց­ներ փնտռել, որ­պէս­զի չկորսնց­նեն Ա­ռա­ջին Աշ­խա­րա­հա­մար­տի ի­րենց նո­ւա­ճած պա­տե­րազ­մա­կան ա­ւար­նե­րը…

Պատ­մա­կան ճշմար­տու­թիւ­նը փաս­տագ­րող աղ­բիւր­նե­րը նաեւ կ­’անդ­րա­դառ­նան յու­նա­կան ներ­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մէջ այդ շրջա­նին ե­րե­ւան ե­կած տա­րա­կար­ծու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնց հե­տե­ւան­քով ­Վե­նի­զե­լոս կորսն­ցուց իշ­խա­նու­թիւ­նը եւ փո­խա­րի­նո­ւե­ցաւ ու­ժե­րով, ո­րոնք ռազ­մա­կան եւ դի­ւա­նա­գի­տա­կան փոր­ձա­ռու ու­ժե­րը հե­ռա­ցու­ցին յոյն-թրքա­կան ռազ­մա­ճա­կա­տէն, ինչ որ ե­կաւ ա­ւե­լիով տկա­րաց­նե­լու Զ­միւռ­նիա հաս­տա­տո­ւած յու­նա­կան զօր­քին դի­մադ­րա­կա­նու­թիւ­նը, գու­մա­րո­ւե­լով ­Դաշ­նա­կից­նե­րուն կող­մէ լքո­ւած ըլ­լա­լու վի­ճա­կին վրայ։

Այս բո­լո­րը ա­ռաւ­լա­գոյն ա­ռար­կա­յա­կա­նու­թեամբ եւ գի­տա­կան փաս­տագ­րու­թեամբ ներ­կա­յա­ցո­ւած են տաս­նեա­կա­ւոր հա­տոր­նե­րու մէջ, բայց յատ­կա­պէս ա­մե­րի­կա­հայ պատ­մա­բան ­Մար­ճը­րի ­Յով­սէ­փեան-­Տոփ­քի­նի «Զ­միւռ­նիա 1922.- ­Քա­ղա­քի մը կոր­ծա­նու­մը» խո­րագ­րով կո­թո­ղա­կան գոր­ծին մէջ։

9 ­Սեպ­տեմ­բեր 1922-ին ­Թուր­քիա մեծ ո­ճիր մը եւս ա­ւել­ցուց դա­րա­ւոր իր յան­ցա­գոր­ծու­թեանց տխրահռ­չակ պատ­մու­թեան վրայ։

Թր­քա­կան ե­ղեռ­նա­գոր­ծու­թեէն վե­րապ­րած ժո­ղո­վուրդ­նե­րը չեն կրնար մոռ­նալ ի­րենց նա­հա­տակ­ներն ու քա­ղա­քակր­թա­կան ծան­րա­գոյն կո­րուստ­նե­րը, բայց նաեւ ի­րենց մէջ ու­ժը պէտք է գտնեն չմոռ­նա­լու պատ­մու­թեան դա­ժան դա­սե­րը, որ­պէս­զի ան­պա­տիժ մնա­ցած ցե­ղաս­պան Թուր­քիոյ կող­մէ որ­դեգ­րո­ւած Ու­րաց­ման ու Ժխ­տու­մի շա­րու­նա­կո­ւող քա­ղա­քա­կա­նու­թեան ի­րենք թէ ու­րիշ­ներ դար­ձեալ զոհ չեր­թան… ի­րենց նոր սե­րունդ­նե­րով։

http://www.yerakouyn.com/?p=88799

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

September 2015
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
282930  

Արխիւ