Թուրքիոյ մէջ հայերս միշտ վտանգի տակ ենք. Մուրատ Մըխճի

Մուրատ ՄըխճիՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արեւելք».- «Յառաջիկայ ընտրութիւններուն եւս, որպէս հայ թեկնածու իմ մասնակցութիւնս պիտի բերեմ, եւ այս անգամ ընտրուելու յոյսերս աւելի մեծ են», «Արեւելք»ին յայտնեց Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան (HDP) հայազգի անդամ Մուրատ Մըխճի:

Մըխճի, որ յունիս 7ի ընտրութիւններուն Պոլսոյ ցանկէն մասնակցած էր, նաեւ ըսաւ, որ եթէ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցող զինուորական գործողութիւնները այս ընթացքով շարունակուին, ապա երկիրը կրնայ պատերազմական վիճակի մատնուիլ, ու նոյեմբեր 1ին նախատեսուած ընտրութիւնները կրնան յետաձգուիլ: Ան մտավախութիւն յայտնեց, որ իշխող կուսակցութիւնը ընտրութիւնները կեղծէ, որպէսզի յաջողի խորհրդարարանին մէջ բացարձակ մեծամասնութեան տիրանալ:

Մըխճի ցաւ յայտնեց վերջին քանի մը օրերուն քրտամէտ կուսակցութեան կեդրոններուն վրայ թուրք ազգայնամոլներու յարձակումներուն առթիւ՝ ըսելով, որ «իշխանութիւնները կը փորձեն ամէն գնով մեր կուսակցութիւնը պատերազմական ճակատ մղել, բայց մեր որոշումը այս առումով շատ յստակ է, եւ մենք վճռած ենք մեր աշխատանքները շարունակել միայն քաղաքական գետնի վրայ»:

Անդրադառնալով Թուրքիոյ եւ յատկապէս Պոլսոյ մէջ գտնուող հայերու վիճակին՝ Մըխճի յիշեցուց, որ հայերը Թուրքիոյ մէջ միշտ ալ վտանգուած եղած են, եւ այս հանգրուանին այդ վտանգը քիչ մը աւելցած է: «Վտանգը մի՛շտ կայ: Յատկապէս հայերուս համար այդ վտանգը մի՛շտ եղած է: Լաւ գիտէք մեր անցած ճամբան եւ պատմութիւնը: Հրանդի (Տինք) խնդիրը տակաւին երէկ եղաւ, ու մենք չենք մոռցած ատիկա: Բայց այս օրերուն այդ վտանգը քիչ մը աւելի մեծցած է», եզրակացուց Մըխճի:

Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

September 2015
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
282930  

Արխիւ