Այնճարի մէջ՝ դոկտ. Վահրամ Շէմմասեանի «Մուսա լերան հայերը. ընկերային-տնտեսական եւ մշակութային պատմութիւն (1919-1939)» նորատիպի շնորհահանդէսը

Մուսա Լերան ՀայերըՄուսա լերան հերոսամարտի 100ամեակի եւ Այնճարի հիմնադրութեան 75ամեակի ձեռնարկներու ծիրին մէջ ուրբաթ, 21 օգոստոսի երեկոյեան, Այնճարի «Սարգիս Զէյթլեան» ժողովրդային տան «Մովսէս Տէր Գալուստեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դոկտ. Վահրամ Շէմմասեանի «Մուսա լերան հայերը. ըկերային-տնտեսական եւ մշակութային պատմութիւն 1919-1939)» (անգլերէնով) նորատիպ հատորի շնորհահանդէսը:
Հատորը հրատարակուած է Հայկազեան համալսարանին կողմէ:
Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Մարինէ Պոյաճեան-Գարայեան: Ան ներկայացուց Մուսա լերան հերոսամարտի նահատակ Պաղտասար Մարտիկեանի կենսագրականը, որուն յիշատակին կազմակերպուած էր սոյն ձեռնարկը:
Ապա ան ներկայացուց դոկտ. Վահրամ Շէմմասեանի կենսագրականը՝ մատնանշելով անոր կատարած ուսումնասիրութիւնները եւ հետազօտութիւնները Մուսա լերան հայերու կեանքին մասին: Ան յիշեց նաեւ դոկտ. Շէմմասեանի ստացած գնահատագիրները՝ անոր կրթական եւ ակադեմական ներդրումներուն համար:
Ապա ասմունքով հանդէս եկաւ Պարոյր Ղուկասեան, որմէ ետք Սիլվա Քեչեճեան կատարեց երկու հայկական ժողովրդային երգեր:
Այնուհետեւ Հայկազեան համալսարանի դասախօս եւ Սփիւռքի ուսումնասիրական կեդրոնի տնօրէն դոկտ. Անդրանիկ Տաքէսեան ներկայացուց «Մուսա Լերան Հայերը. Ընկերային-Տնտեսական Եւ Մշակութային Պատմութիւն 1919-1939)» հատորը:
Ան իր խօսքը սկսաւ յարգանքի տուրք մատուցելով Մուսա լերան հերոսամարտի նահատակներուն եւ հայ դիմադրական ու ինքնապաշտպանական գործողութիւններու մասնակցողներուն եւ նահատակներուն, տեղահանութեան շրջանին իրենց պատիւն ու ինքնութիւնը արիաբար պաշտպանած հայերուն, փրկարար եւ ազատագրումի աշխատանքներուն նպաստած հայ եւ ոչ հայ նուիրեալներուն:
Դոկտ. Տաքէսեան առաջին մասով ներկայացուց հատորը եւ անոր բովանդակութիւնը, որ կը նկարագրէ մուսալեռցիներուն վերադարձը դէպի իրենց պապենական հողը եւ 1919էն 1939 թուականներուն անոնց կեանքը: Ան ըսաւ, թէ հատորը կը ներկայացնէ մուսալեռցիներուն ընկերային-դասակարգային կառոյցը, կենցաղը, սովորութիւնները, աւանդութիւնները, աշխատանքային ծիրը՝ երկրագործութիւնը եւ անասնապահութիւնը, առեւտուրը, գործի ասպարէզները, արհեստները եւ ճարտարարուեստը, մշակութային դրսեւորումները, պանդխտութիւնը դէպի Մերձաւոր Արեւելքի մօտաւոր եւ հեռաւոր երկիրներ, ինչպէս նաեւ այլ երկիրներէ եկող զբօսաշրջիկներուն ամառնային հանգիստ տրամադրող Մուսա լերան զբօսաշրջութեան ճարտարարուեստը:
Ան ըսաւ, թէ գիրքը կ՛աւարտի վերջաբանով մը, որ կը նկարագրէ մուսալեռցիներուն հերթական ելիցը իրենց պապենական հողէն եւ հաստատումը Այնճարի տարածքին վրայ:
Դոկտ. Տաքէսեան երկրորդ բաժինով ներկայացուց գիրքին բովանդակութեան յառաջացումը՝ նշելով հեղինակին աղբիւրները: Ան ըսաւ, թէ դոկտ. Վահրամ Շէմմասեան գիրքին մանրամասնութիւնները հաւաքած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, ՀԲԸՄի, Մխիթարեան միաբանութեան, Ազգային պատ-ուիրակութեան, Հալէպի, Եգիպտոսի, Պոսթընի, ՀՕՄի, Մթայլեպի, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան, ՄԱԿը նախորդած Ազգերու լիկայի, Ազգային «Յառաջ-Գ. Կիւլպենկեան» վարժարանի եւ Միացեալ Նահանգներու ազգային արխիւներէն, որոնք իրենց հարուստ եւ վաւերական նիւթերով փաստագրական ողնասիւնը կազմած են սոյն հատորին:
Դոկտ. Տաքէսեան վերջին բաժինով ներկայացուց գիրքին գնահատականը՝ ըսելով. «Հատորը շատ յաջող ճիգ մըն է վերականգնելու եւ վերակերտելու Մուսա լերան 6 գիւղերուն պատմութիւնը 1919-էն 1939 ժամանակաշրջանին: Նման բախտի չէ արժանացած արեւմտահայ կամ կիլիկիահայ այլ հատուած մը: Մուսա լեռը, մանաւանդ մերօրեայ Այնճարը, յատուկ համեմ է: Համահայկական աշխարհը պէտք ունի միշտ նորացուած համ ու հոտի: Այնճարը եւ այնճարցին ունին առարկայական, ենթակայական եւ պարագայական կարեւոր առաւելութիւններ, որոնք կը դառնան այդ հիմնական աղերէն մին»:
Դոկտ. Տաքէսեան իր խօսքը աւարտեց՝ ըսելով, թէ դոկտ. Վահրամ Շէմմասեան լաւապէս գիտակցած է իրեն տրուած կարելիութիւններուն եւ շնորհներուն ու գերազանցելով ինքզինք՝ իւրովի տուած է իրեն շնորհուածէն, եւ կրցած է լաւատեսօրէն դիտել, վերլուծել եւ շարադրել իր վերականգնած իրականութիւնը Մուսա լերան յետ-եղեռնական քսանամեակին:
Գիրքին ներկայացումէն ետք տեղի ունեցաւ հատորի շնորհահանդէսը եւ օրհնութիւնը գիւղի հոգեւոր հայրերուն ձեռամբ:
Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

September 2015
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
282930  

Արխիւ