Թուրքիոյ մէջ լոյս տեսած է Արդուին ծնած, ծագումով համշէնահայ գրող, գիտաշխատող եւ հասարակական գործիչ Հուրիէ Շահինի` «Ինչպէս ձուլման քաղաքականութիւնը կ՛ոչնչացնէ լեզուները. Հայոց պատմութիւն եւ համշէնահայեր» աշխատութիւնը:
Այս գիրքով հեղինակը ցանկացած է ցոյց տալ, թէ ինչպէս ազգերու ձուլման քաղաքականութիւնը կ՛ազդէ լեզուներու վրայ: Շահինը նշած է, որ գիրքին մէջ անդրադարձ կատարուած է Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցող ձուլման գործընթացներուն առհասարակ, եւ Համշէնի հայերու ձուլման քաղաքականութեան` մասնաւորապէս: Հայկական արմատներ ունենալով` Շահին օգտուած է նաեւ հայկական պատմագիտական աղբիւրներէ:
Հեղինակին կարծիքով ձուլումը սկիզբ կ՛առնէ մայրենի լեզուի ոչնչացմամբ: Այս երեւոյթի ուսումնասիրութեան գիրքին մէջ մեծ տեղ տրուած է:
«Ժողովուրդները գոյութիւն ունին իրենց մայրենի լեզուի շնորհիւ: Մայրենին ազգի ձեւաւորման զուգահեռ զարգացող ինքնարտայայտման միջոց է: Եթէ մայրենի լեզուն ոչնչացուի, ազգն ալ կ’ոչնչացուի: Եթէ դուք լեզու չունիք, ուրեմն արդէն ձուլուած էք, փոխակերպուած: Իսկ պետութեան նպատակը այս պարագային փոխակերպելն է», – նկատել կու տայ իր գիրքին մէջ Հուրիէ Շահինը:
http://www.yerakouyn.com/?p=88513
Leave a Reply