Սթամպուլի պատկերասրահներէն մէկուն մէջ սեպտեմբեր 3-ին բացուած է «Թոռներ. ներգրաւուածութեան նոր աշխարհագրութիւն» անուանումով ցուցահանդէս` նուիրուած հայերու տեղահանութեան: Այս մասին կը հաղորդէ News.am-ը՝ վկայակոչելով Hurriyet Daily News-ը։
Ցուցահանդէսը պիտի տեւէ մինչեւ Նոյեմբեր 1:
Ցուցադրութիւնը առաւելապէս կեդրոնացած է հայ համայնքի ներկայացուցիչներու անձնական եւ համայնքային կապերուն, որոնց ներկայացուցիչները, իրենց իսկ խօսքով, «Նրան հատիկներու պէս ցրուած են ամբողջ աշխարհի մէջ»:
Ցուցահանդէսը կը ներառէ հայ նկարիչներու ստեղծագործութիւններ ամբողջ աշխարհէն: Ցուցահանդէսի համակարգողը Սիլվինա Տէր-Մկրտչեանն է:
«Թոռներ. Ներգրաւուածութեան նոր աշխարհագրութիւն» ցուցադրութիւնը կազմակերպուած է «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնադրամի, Գերմանիոյ ԱԳ նախարարութեան, Սթամպուլի Գէօթէի ուսումնարանի, Anadolu Kultur, Tarabya մշակութային ակադեմիայի եւ Heinrich Boll Stiftung-ի համագործակցութեամբ:
http://www.yerakouyn.com/?p=88422
Leave a Reply