Սթամպուլի մէջ հայերու տեղահանութեան նուիրուած ցուցահանդէս բացուած է

Թոռներ. Ներգրաւուածութեան նոր աշխարհագրութիւնՍթամպուլի պատկերասրահներէն մէկուն մէջ սեպտեմբեր 3-ին բացուած է «Թոռներ. ներգրաւուածութեան նոր աշխարհագրութիւն» անուանումով ցուցահանդէս` նուիրուած հայերու տեղահանութեան: Այս մասին կը հաղորդէ News.am-ը՝ վկայակոչելով Hurriyet Daily News-ը։

Ցուցահանդէսը պիտի տեւէ մինչեւ Նոյեմբեր 1:

Ցուցադրութիւնը առաւելապէս կեդրոնացած է հայ համայնքի ներկայացուցիչներու անձնական եւ համայնքային կապերուն, որոնց ներկայացուցիչները, իրենց իսկ խօսքով, «Նրան հատիկներու պէս ցրուած են ամբողջ աշխարհի մէջ»:

Ցուցահանդէսը կը ներառէ հայ նկարիչներու ստեղծագործութիւններ ամբողջ աշխարհէն: Ցուցահանդէսի համակարգողը Սիլվինա Տէր-Մկրտչեանն է:

«Թոռներ. Ներգրաւուածութեան նոր աշխարհագրութիւն» ցուցադրութիւնը կազմակերպուած է «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնադրամի, Գերմանիոյ ԱԳ նախարարութեան, Սթամպուլի Գէօթէի ուսումնարանի, Anadolu Kultur, Tarabya մշակութային ակադեմիայի եւ Heinrich Boll Stiftung-ի համագործակցութեամբ:

http://www.yerakouyn.com/?p=88422

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

September 2015
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
282930  

Արխիւ