Հայոց Ցեղասպանութենէն ճողոպրած որբերուն նուիրուած ցուցահանդէս Վալանսի մէջ

Հայոց Ցեղասպանութենէն Ճողոպրած ՈրբերՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արցախփրէս».– Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի նախաձեռնութիւններու ծիրին մէջ Ֆրանսայի Վալանս քաղաքին մէջ տեղի պիտի ունենայ «Մենք ենք ապագան» խորագիրով ցուցահանդէս՝ նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութենէն փրկուած եւ Ֆրանսա ապաստան գտած հայ որբերու ճակատագիրին:

Ֆրանսայի գաղութէն յայտնած են, որ ցուցադրութիւնը շրջուն է եւ կը ներառէ 1918-1923 թուականներուն Ֆրանսա գաղթած հայ որբերուն փաստաթուղթերը, լուսանկարները, անոնց կենսագրականներն ու կատարած աշխատանքները:
Ցուցահանդէսին պիտի ներկայացուի նաեւ այն, թէ հայ որբերը ինչպիսի՛ նուաճումներու հասած են Ֆրանսայի մէջ։ Այսպիսով, Ֆրանսայի հայ գաղութը իր երախտագիտութիւնը պիտի յայտնէ Ֆրանսային՝ անոր ցուցաբերած աջակցութեան համար: Ցուցահանդէսին բացումը պիտի կատարուի 8 Սեպտեմբերին եւ պիտի տեւէ մինչեւ 20 Սեպտեմբեր։

Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

September 2015
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
282930  

Արխիւ