Ֆրեզնոյի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակին դասախօսութիւն պիտի տրուի

Tha Armenian GenocideՀարաւային Քոնեքթիքաթի մէջ փիլիսոփայութեան փրոֆէսըր Արմէն Մարսուպեան սեպտեմբեր 15-ին «Յիշողութիւն, յիշողութեան եւ վկայութիւններու յաւերժացում. Հայոց Ցեղասպանութեան վիճարկուող յիշողութիւնը այժմեան Թուրքիոյ մէջ» թեմայով դասախօսութիւն պիտի ներկայացնէ: Այս մասին կը հաղորդէ News.am-ը` վկայակոչելով «Massis Post»-ը:
Ձեռնարկը պիտի իրականացուի Հայկական հետազօտութիւններու ծրագիրի` դասախօսութիւններու շարքի ծիրին մէջ: Փրոֆէսըրը պիտի պատմէ Թուրքիոյ մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշողութիւններու պահպանման ուղղուած իր նախագիծին մասին: Նախագիծը կը ներառէ լուսանկարչական ցուցահանդէսներ Թուրքիոյ մէջ, երկու գիրքի ներկայացում, Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ իր մօր ընտանիքի եւ Տիլտիլեաններու պատմութեան մասին յիշատակի կայքերու ստեղծում:
Դասախօսութեան ընթացքին Մարսուպեան նաեւ պիտի վերլուծէ հաւաքական յիշողութեան յաւերժացման դերը, յատկապէս` ցեղասպանութեան ժխտման իրավիճակին մէջ:
http://www.yerakouyn.com/?p=88035

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

August 2015
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31  

Արխիւ