Աթէշեան խօսած է Վանի պատարագը չեղեալ յայտարարելու դրդապատճառներուն մասին

Արամ ԱթէշեանՊոլսոյ Հայոց պատրիարքի փոխանորդ արքեպիսկոպոս Արամ Աթէշեան խօսած է Վանայ լիճի Աղթամար կղզիի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ Սեպտեմբեր 6-ին նախատեսուած պատարագը չեղեալ յայտարարելու դրդապատճառներուն մասին: Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով «Demokrathaber» լրատուամիջոցը։

Աթէշեան նշած է, որ պատարագի չեղեալ յայտարարումը, եղած է առաջին հերթին անվտանգութիւնը։

Պոլսոյ հայ համայնքի հոգեւոր առաջնորդը ընդգծած է, որ պատարագի յետաձգումը պայմանաւորուած է վերջերս Թուրքիոյ արեւելեան շրջաններուն մէջ տեղի ունեցող թուրք-քրտական բախումներուն հետեւանքով ստեղծուած լարուած իրավիճակով:

«Տեղի ունեցող իրադարձութիւններու պատճառով մեր համայնքի անդամներուն մօտ վախ կայ, եւ անոնք կը խուսափին այդ շրջանները երթալէ: Մենք ալ, պատարագի եւ արարողութեան մասնակիցներու անվտանգութիւնը ապահովելու պատճառով, որոշոցինք Սեպտեմբեր 6-ին նախատեսուած պատարագը չեղեալ յայտարարել: Սակայն ատիկա չի նշանակեր, որ պատարագը ընդհանրապէս տեղի չունենար: Երկրին մէջ իրավիճակը կայունանալէն յետոյ պատարագը կ’իրականանայ» , -ըսած է Աթէշեան:

Անդրադառնալով բախումներուն` Աթէշեան նշած է, որ հակամարտող կողմերը հանդիպելով իրար հետ, պէտք է փոխհամաձայնութեամբ լուծեն այս հարցը:

«Կառավարութիւնը պէտք է այս խնդիրը անպայման խաղաղութեամբ լուծէ: Կրակի դադարեցումը երկրի շահերէն կը բխի: Եթէ այսպէս շարունակուի, ապա այս իրավիճակը Թուրքիոյ մէջ ապրող որեւէ ցեղային խումբի մեծ վնաս կը հասցնէ»,- եզրափակած է Աթէշեան:

http://www.yerakouyn.com/?p=87973

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

August 2015
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31  

Արխիւ