Սիսի դատը մեր դատն է

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ Թուրքիոյ սահմանադրական դատարանին մօտ բացուած դատի նշանակութիւնը, կրնայ ըլլալ, ըստ արժանւոյն չէ ընկալուած հայ հասարակութեան կողմէ:

Հայկական Հարցի հետապնդման ճանապարհին խիստ կարեւոր անկիւնադարձ մը նշանաւորող այս դատին վրայ պարտաւոր ենք հրաւիրել իւրաքանչիւր հայու ուշադրութիւնը: Դատը քարոզելու, անոր վերաբերեալ լրատուութիւնը պատշաճ հրատապութեամբ ներկայացնելուն մէջ, անկասկա՛ծ, մամուլը իր բաժինն ունի եւ ուրեմն՝ այս ուղղութեամբ թերացումին մէջ եւս հայկական մամուլը պէտք է ընդունի իր պատասխանատուութեան չափը:

Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան նախաձեռնած այս վերջին ցուցական գործողութիւնը՝ Սիսի կաթողիկոսարանին մէջ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարելու քայլը, թէ՛ իր խորհրդանշական իմաստով եւ թէ հարցի արծարծման հանդէպ հետաքրքրութիւն յառաջ բերելու տեսակէտէն ողջունելի՛ է:

Այս քայլերուն պէտք է յաջորդեն եւ կը յաջորդեն ուրիշներ: Բոլոր նախաձեռնութիւնները պէտք չէ մնան Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի ուսերուն վրայ: Նաեւ՝ այս քաղաքական կարեւոր ձեռնարկի եւ անոր նոյնքան կարեւոր շարունակութիւնը ապահովելու համար անհրաժեշտ միջոցները գտնելու պարտաւորութիւնը պէտք չէ սահմանափակուի կաթողիկոսարանին կամ կաթողիկոսին ճիգերով: Պէտք է դուրս գանք կաթողիկոսարանի նախաձեռնութիւններուն ծախսերը հոգալու մեր մէջ արմատաւորուած «պըրոտոքոլ»էն, որ կ՛ակնկալէ կաթողիկոսէն անձամբ գտնել հովանաւորներ, կամ կաթողիկոսութեան թեմերու առաջնորդներէն՝ նեղ շրջանակներու մէջ կազմակերպուած հանգանակութիւններով ձեռք երկարել կաթողիկոսութեան:

Սիսի կաթողիկոսարանի դատին համար պէտք է իւրաքանչիւրս իր մասնակցութիւնը բերէ, իր ներդրումը ունենայ՝ շօշափելի կամ խորհրդանշական: Անհրաժեշտութիւն կա՞յ այս համաժողովրդական մասնակցութիւնը կազմակերպելու, թէ վստահինք ինքնաբուխ շարժումի մը:

Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

August 2015
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31  

Արխիւ