Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբաններու Սիս կատարած այցելութեան տեսանիւթը հրապարակուեցաւ

Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ՄիաբաններԱրամ Վեհափառ Հայրապետին թելադրութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, Շաբաթ, 22 Օգոստոս 2015-ին այցելեց Սիսի Կաթողիկոսարանը, ուր տեղի ունեցաւ հոգեհանգիստ՝ 1293-էն Հայոց Կաթողիկոսութեան Սիս հաստատուելէն մինչեւ 1915 Սիսի մէջ գահակալած երջանկայիշատակ հայրապետներուն հոգիներուն համար:

Ապա, կարդացուեցաւ Նորին Սրբութեան պատգամը: 100 տարի ետք, Սիսի Կաթողիկոսարանի փլատակներուն մէջ առաջին անգամ կը հնչէր Հայրապետական պատգամ ուղղուած մեր ժողովուրդին:

Այս մասին տեսանիւթը դիտել հոս՝
https://www.youtube.com/watch?v=mcT4iDGJ6KE

http://horizonweekly.ca/news/details/72123

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

August 2015
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31  

Արխիւ