Տաւութօղլու. «Դաւադրութիւնները չեն կրնար բաց ստեղծել թուրքերուն եւ քիւրտերուն միջեւ»

248c43bԹուրքիա («Տէյլի Սապահ» – Պոլիս) – «Նիւթուող դաւադրութիւնները չեն կրնար վիհ յառաջացնել քիւրտերուն եւ թուրքերուն միջեւ» այսօր նման յայատարարութիւն ունեցած է Թուրքիոյ վարչապետ Ահմատ Տաւութօղլու: Տաւութօղլու, որ ներկայիս որ իր պաշտօնին պիտի մնայ մինչեւ յառաջիկայ նոյեմբեր տեղի ունենալիք խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքներուն հրապարակումը, նաեւ ըսած է, որ Անատոլիոյ (Արեւմտեան Հայաստան – «Արեւելք»-ի խմբ.) եւ Միջագետքի ժողովուրդները որոշած են վճռական դաս մը տալ բոլոր այն ահաբեկիչներուն, որոնք կը խանգարեն տարածաշրջանի ժողովուրդներուն անդորրը:

Ահմատ Տաւութօղլուի կարծիքով թուրքերուն, քիւրտերուն, սիււննիներուն եւ ալէւիներուն միջեւ առկայ կապերը դարաւոր խորք ունին, եւ այդ յարաբերութիւնները անքակտելի են: Տաւութօղլուի կարծիքով քրտական PKK-ն եւ իսլամիստ ISIS-ը նոյն մետալին երկու երեսներն են:

http://www.arevelk.am/am/content/4/30/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

August 2015
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31  

Արխիւ