ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ՈՐՈՇԵՑ
Երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի վերանորոգուին
Հանրապետութեան Նախագահ Թայյիպ Էրտողան երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Խորհրդարանի Նախագահ Իսմէթ Եըլմազը եւ անոր հետ երկարատեւ խորհրդակցութենէ վերջ յայտարարեց որ ընտրութիւնը պիտի վերանորոգուի Թուրքիոյ մէջ։ Հանրապետութեան Նախագահին ու Խորհրդարանի Նախագահին հանդիպումը տեւեց աւելի քան չորս ժամ։
Կառավարութիւն հիմնելու 45 օրուան պայմանաժամը այսօր կը լրանայ, այս պատճառաւ էր որ երէկ Նախագահ Էրտողան հրապարակեց նոր ընտրութեան իր որոշումը։ Նախագահը արդէն աւելի առաջ ալ ըսած էր որ 1 Նոյեմբերին նոր ընտրութիւն պիտի կատարուի։ Այս կերպով ան մերժած էր Տավուտօղլուի ձախողանքէն վերջ կառավարութիւնը հիմնելու պարտականութիւնը յանձնել Ճէ-Հէ-Փէի կուսակցապետ Քէմալ Քըլըճտարօղլուի։ Կը թուի թէ Նախագահին այս որոշումը օրինաւոր է քանի որ ան կը հիմնուի Մայր Սահմանադրութեան 104րդ եւ 116րդ յօդուածներուն վրայ։ Որոշումը արդէն իսկ հրատարակուեցաւ Պաշտօնաթերթին մէջ։
Հարց է թէ վերանորոգուած ընտրութիւնը շօշափելի նորութիւն մը պիտի բերէ՞, բախտորոշ փոփոխութիւն մը պիտի կատարուի՞ 7 Յունիսի երեսփոխանական ընտրութիւններու արդիւնքին վրայ։ Եթէ բան մը փոխուի, կարելի պիտի ըլլա՞յ լուծել կառավարական տագնապը։
Բովանդակ երկիրը այսօր այս հարցումն է որ պիտի ուղղէ անձկութեամբ, որովհետեւ ահաբեկչական արարքներու մագլցումի այս ծանր օրերուն ժամ առաջ հեղինակաւոր կառավարութեան մը կարիքը կայ երկրին մէջ։
ԱՐԴՈՒԻՆԻ ՄԷՋ ԱՆՕՐԻՆԱԿ ՋՐՀԵՂԵՂ
Ութ Քաղաքացիներ Իրենց Կեանքը Կորսնցուցին
Թուրքիա, որ այս օրերուն կ՚ապրի երկու խոշոր տագնապներ, մէկը ահաբեկչական արարքներու մագլցումը, միւսը կառավարական տագնապը, քանի մը օրէ ի վեր սկսաւ ապրիլ երրորդ տագնապ մըն ալ, որ ջրհեղեղներու աղէտն է։ Երկրին բազմաթիւ շրջանները, ներառեալ Իսթանպուլը, ենթարկուած են այս եղանակին համար անբնական նկատուած տեղատարափներու եւ ջրհեղեղները մեծ քանդումներու, նաեւ կեանքի կորուստներու պատճառ կը դառնան։
Երէկ անբախտութեան մեծ բաժին մը վիճակեցաւ Արդուինի, ուր անօրինակ տեղատարափի հետեւանքով ստեղծուած ջրհեղեղները, նիւթական ծանր վնասներու առընթեր, 8 քաղաքացիներու մահուան պատճառ դարձան։ Մեծ թիւով վիրաւորեալներ կան։ Անտառներու Ու Ջուրերու Նախարար Վէյսէլ Էրօղլու, Կուսակալ Քէմալ Ճիրիթ, երեսփոխան Իսրաֆիլ Գըշլան եւ ուրիշ պաշտօնավարներ երէկ Հոփա պետական հիւանդանոցի մէջ այցելեցին վիրաւորեալներուն։ Ժողովուրդը զգուշութեան հրաւիրուեցաւ որովհետեւ յառաջիկայ ժամերու ընթացքին Արդուին կրնայ ենթարկուիլ նոր տեղատարափներու։ Աննպաստ օդը պիտի շարունակուի 2-3 օր։ Աղէտի վնասներու դարմանումին համար 10 միլիոն լիրայի յատկացում մը ղրկուեցաւ Արդուին։
ՅՈՅՆ ՀԱՄԱՅՆՔԸ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ ՈՐ ՅՈՒՆԱՑ ԳԵՐԵԶՄԱՆԱՏՈՒՆԷՆ ՎԵՐՑՈՒԻՆ ՓԱՓԱ ԷՖԹԻՄԻ ՈՒ ԵՐԿՈՒ ՈՐԴԻՆԵՐՈՒՆ ԳԵՐԵԶՄԱՆՆԵՐԸ
Ըստ Ճումհուրիյէթ եւ Րատիքալ թերթերուն մէջ հրատարակուած լրատուութեանց, վերջերս քաղաքիս Յոյն համայնքէն ներս ստեղծուած է անհանգստութիւն մը, որ անգամ մը եւս օրակարգի կը բերէ 1920ական թուականներուն ստեղծուած Փափա Էֆթիմի անջատողական շարժումն ու անոր յաջորդող դրուագները։
Փափա Էֆթիմ, որ այդ թուականներուն Թուրք պետութեան մասնաւոր զօրակցութեան տակ Գայսէրիի մէջ ստեղծած, ապա Իսթանպուլ Ղալաթիա փոխադրած էր “Թուրք Օրթոտոքս Եկեղեցի” մը, բանադրուած էր Յունական Եկեղեցիին կողմէ, այնուհանդերձ ան Ղալաթիոյ եկեղեցիին մէջ, գրեթէ առանց հաւատացեալ ու համայնք ունենալու, շարունակած էր իր գոյութիւնը։ Անոր մահէն վերջ ալ կարգով իրենք զիրենք Պատրիարք հռչակած էին Փափա Էֆթիմի որդիները Թուրկութ Էրէնէրօլ եւ Սէլջուք Էրէնէրօլ։ Այդ շրջանը ընդհանրապէս Թուրքիոյ ու Յունաստանի միջեւ հակամարտութիւններու շրջան մըն էր եւ պետութիւնը հաւանաբար կ՚ուզէր օգտուիլ Փափա Էֆթիմի անջատողական շարժումէն։ Ան եւ իր երկու որդիները, որոնք յոյներու կողմէ “Թիւրքճիւ փաթրիք” կը յորջորջուէին, շարունակ յոյն համայնքի դէմ կը խօսէին, բացէ ի բաց կը խոստովանէին որ ՄԻԹ-ի հետ կապակցութիւն ունին, եւայլն։ Էրէնէրօլին դուստրը Սէվկի Էրէնէրօլն ալ ընտանիքին ստեղծած աւանդութեան հաւատարիմ մնաց։ Ինչպէս պիտի յիշուի, ան Մէ-Հէ-Փէի երեսփոխան ընտրուած էր եւ վերջն ալ՝ ձերբակալուած էր Էրկէնէքոնի դատավարութեան ընթացքին։
Արդ՝ Փափա Էֆթիմին ու իր երկու որդիներուն գերեզմանները կը գտնուին Շիշլիի Յունաց Գերեզմանատան մէջ եւ հիմա յոյն համայնքը կը պահանջէ որ այս երեքին գերեզմանները վերցուին հոնկէ, քանի որ անոնք դուրս եկած էին յոյն օրթոտոքս եկեղեցիէն եւ արժանի չէին Յունաց գերեզմանատան մէջ թաղուելու։
Արդէն այս մասին առաջին բանավէճը ծագած էր երբ մահացած էր Փափա Էֆթիմ։ Յոյն համայնքը մերժած էր զայն թաղել Յունաց Գերեզմանատան մէջ, բայց հաւանաբար պետական ճնշումի տակ պատասխանատուները ստիպուեցան տեղի տալ ու Փափա Էֆթիմ, աւելի վերջ ալ իր երկու որդիները թաղուեցան հոն։ Հիմա յոյները կը պահանջեն որ այդ երեք գերեզմանները վերցուին հոնկէ։ Ափոյեւմաթինի թերթի խմբագիր Միխայիլ Վասիլիատիս ըսաւ.
“Ասիկա յոյն օրթոտոքսներու գերեզմանատուն է։ Իսկ այս մարդիկը, մէկդի ըրէք անոնց յոյն չըլլալը, օրթոտոքս անգամ չեն։ Ասոնք միայն եկեղեցի մը ունին որ արդէն սուտ եկեղեցի է։ Եկեղեցի մը, որպէսզի ընդունուի որպէս եկեղեցի, պէտք է ճանաչուի 17 եկեղեցիներու կողմէ եւ պէտք է ըլլայ “էքումէնիք” եկեղեցի։ Ես, ամէն անգամ որ իմ ծնողներուս գերեզմանները պիտի այցելեմ, ինչո՞ւ ստիպուած ըլլամ այս երեք գերեզմաններուն առջեւէն անցնելու։ Մենք յոյներս կը պահանջենք որ այս գերեզմանները վերցուին Շիշլիի Յունաց Գերեզմաատունէն”։
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿՈՂՄԸ ԿԸ ՀԵՐՔԷ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԷ ՀԱՂՈՐԴՈՒԱԾ ԼՈՒՐԵՐԸ
Ատրպէյճանական մամուլը երէկ լուրեր տարածեց այն մասին թէ շաբաթավերջին բախումներ տեղի ունեցած են Ղարապաղ-Ատրպէյճան սահմանի շփման գծի վրայ եւ հայկական կողմէն աւելի քան 15 զինուորներ իրենց կեանքը կորսնցուցած են։
Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարութեան մամլոյ բանբեր Արծրուն Յովհաննիսեան հերքեց այս լուրերը, նշելով որ հայկական կողմը զոհեր չունի եւ հաղորդուածը հերթական ապատեղեկատուութիւն է։
Ըստ Յովհաննիսեանին, երէկ 24 Օգոստոսին, շաբաթավերջի զինադուլի խախտումները եւ Ատրպէյճանական կողմի քայլերը ճնշելու նպատակով, Ղարապաղի Պաշտպանութեան բանակի զօրքերը փոխադարձ գործողութիւններու դիմած են ու որպէս արդիւնք, ատրպէյճանական բանակը կորսնցուցած է չորս զինուոր եւ ունի մօտաւորապէս 15 վիրաւորեալներ։
ԹԱՏԵՐԱԳԻՐ ԱՐՄԱՆ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆԻ ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ
Երէկ Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ թատերագիր ու մեր սիրելի բարեկամ Արման Վարդանեանի յուղարկաւորութիւնը։ Արարողութեան հանդիսապետեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Գերշն. Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։
Արման Վարդանեան ժողովրդական լայն զանգուածներու ծանօթ գրող մը չէր։ Որպէս “Անհեթեթ թատրոն” կոչուած թատերական սեռի ներկայացուցիչներէն մէկը Հայերէն լեզուով, անոր թատերախաղերը լայն ժողովրդականութիւն չէին վայելեր։ Բայց այդ թատերախաղերը թատերական նոր ճաշակ մը եւ նոր մերձեցում մը կ՚առաջարկէին։
Բացի այս բոլորէն, Արման Վարդանեան, որ ամբողջ կեանքին մէջ արդէն չէր սիրած հրապարակներու վրայ երեւիլ, միջոցէ մը ի վեր իր կապերը խզած էր թատերական գրականութեան ու թատրոնի բեմերուն հետ։ Այս պատճառաւ կրնանք ըսել որ նորահաս սերունդը չէր ճանչցած զինքը։
Այնուհանդերձ եկեղեցին լեցուն էր Արման Վարդանեանի յիշատակը յարգող սգակիրներով, որոնք իրենց ցաւակցութիւնը կը յայտնէին Արման Վարդանեանի կողակցին Տիկ. Զարինէ Վարդանեանին ու որդւոյն՝ Տէր եւ Տիկին Սեւակ-Այլին Վարդանեանին։
Ողբացեալին մարմինը ապա հողին յանձնուեցաւ Շիշլիի գերեզմանատան ընտանեկան դամբարանին մէջ։ Հայ գիրի ծառայող նուիրեալներէն մէկը եւս այսպէս՝ հրաժեշտ առաւ մեզմէ։
Leave a Reply