Համզա Ուսամա Պըն Լատէն. «Ժիհատի ուղղութիւնը պէտք է փոխուի»

00Աֆղանիստան – («Ալ Նահար»- Պէյրութ) «Ալ Քահիտա» շարժումի հիմնադիր Ուսամա Պըն Լատէնի որդին Համզա Պըն Լատէն ձայնագրութիւն մը հրապարակելով իր համակիրներէն պահանջած է «Ժիհատ»ի (սրբազան պատերազմ- «Արեւելք») ուղղութիւնը փոխել: 24 տարեկան Համզա ըսած է. «Մենք պէտք է ճիգեր իրագործենք ժիհատը Քապուլէն, Պաղտատէն եւ Կազայէն Լոնտոն, Փարիզ, Նիւ Եորք եւ Թէլ Աւիւ փոխադրել»:

Ըստ նոյն աղբիւրին` Համզա ներկայիս կ’ապրի Աֆղանիստանի եւ Փաքիստանի սահմանային լեռնային հատուածի մը մէջ, եւ իր այս յայտարարութիւնը «կը ծանուցէ» անոր Քահիտա ահաբեկչական խմբաւորման ղեկավարի դերին ստանձնման մասին:

http://www.arevelk.am/am/content/4/21/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

August 2015
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31  

Արխիւ