Ցեղասպանութեան մասին ծերակուտական Ռիտի խօսքի պատճէնը յանձնուած է Լաս Վեկասի մօտ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոսին

ՌիտԼԱՍ ՎԵԿԱՍ.- Հինգշաբթի, օգոստոս 13ին, Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի փոքրամասնութեանց ղեկավար Հերի Ռիտի հրաւէրով տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին, որ կայացաւ Լաս Վեկասի Դաշնակցային շէնքին մէջ, ծերակուտական Ռիտ Լաս Վեկասի մօտ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Էնտի Արմէնեանին յանձնեց Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով Ծերակոյտին առջեւ ապրիլ 23ին իր արտասանած խօսքի պատճէնը։

Ռիտ հիւպատոսին նաեւ յիշեցուց, թէ ինք շարունակաբար նեցուկ կանգնած է Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող քոնկրեսական բանաձեւերուն։

Իր կարգին, հիւպատոսը շնորհակալութիւն յայտնեց Ռիտին ցուցաբերած զօրակցութեան համար ու տեղեկութիւններ փոխանցեց Լաս Վեկասի հայկական համայնքին մասին։

Նշենք նաեւ, որ Ռիտ յունիս 15ին հրապարակած էր ներգաղթողներու մասին ընդհանուր յայտարարութիւն մը, որուն մէջ ան մասնաւոր կերպով անդրադարձած էր Լաս Վեկասի հայութեան կարեւոր ներդրումին։

Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

August 2015
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31  

Արխիւ