Թուրքիա – HDP կուսակցութեան Տիարպէքիրի փոխնախագահ Մէրալ Տանըշ Պէշթաշի կարծիքով Թուրքիան այս ընթացքով համընդհանուր քաոսի մը կ’երթայ: Պէշթաշ այս կարծիքը յայտնած է Պոլիս հրապարկուող «Ակօս»ի լրագրողներուն: Ան նաեւ ըսած է, թէ Թուրքիոյ նախագահին եւ անոր վարչախումբին առած քայլերը երկիրը կրնան քաոսի առաջնորդել: Իր կարգին Տիարպէքիրի երեսփոխան Չաղլար Տէմիրէլ (HDP)երկրի քրտաբնակ տարբեր նահանգներուն մէջ առկայ իրավիճակը համարած է շատ ծանր ըսելով նաեւ, որ տեղի կ’ունենան կամայական ձերբակալութիւններ: Ան խօսած է յատկապէս Տիգրականերտ շրջանին մասին (ներկայ անուանումով՝ Սիլվան – «Ակօս»), ուր Տէմիրէլի ըսելով շրջանին մէջ քաոսային իրավիճակ մը կը տիրէ «Ինքնաշարժները այրուած են եւ տուները ռմբակոծուած:
Կը փորձեն այսպիսի մեթոտներով ժողովուրդը ճնշումի տակ պահել եւ սարսափի մթնոլորտ տարածել» ըսած է Տէիմիրէլ` նկատել տալով, որ կամայական ձերբակալութիւններու մասին որոշումը կը տրուի ուղղակի Էրտողանի կողմէ: Թերթը նաեւ կը նշէ, որ Վարդո, Ճիզրէ, Եիւքսէքկէօլ եւ այլ քրտաբնակ նահանգներ յայտնուած են տագնապալի վիճակի մը առջեւ: «Ակօս» նաեւ զրուցած է փորձագէտ Ճէնկիզ Չանտարին հետ, որուն կարծիքով այս բոլորը կը կատարուին սատարելու երկրի նախագահի շահերուն ու քաղաքական ծրագրին: Ան այս առումով ըսած է, որ քրտամէտ HDP կուսակցութիւնը պէտք է զգօն եւ արթուն ըլլայ եւ չիյնայ իշխանութիւններուն կողմէ անոր դէմ լարուած ծուղակին մէջ: Վերլուծաբանը նկատել տուած է, թէ Վարդոյի, Ճիզրէի, Տիգրանակերտի, Եիւքսէքկէօլի եւ այլ շրջաններու մէջ իրավիճակը ծանր են եւ անմարդկային: Այս բոլորը կը կատարուին HDP-ն ծուղակի մէջ ձգելու համար, եւ անոնք զգոյշ պէտք է ըլլան այս առումով»:
http://www.arevelk.am/am/content/2/80/
Leave a Reply