Եթէ Ցեղասպանութիւնը ճանչցուի, երկու ժողովուրդներն ալ կը հանգստանան. Ազնաւուր

Շարլ ԱզնաւուրՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Աշխարհահռչակ երգիչ ու յօրինող Շարլ Ազնաւուր ֆրանսական «Փլեն Վի» թերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսած է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը պիտի հանգստացնէ երկու ժողովուրդները ու պիտի նպաստէ Թուրքիա-Հայաստան սահմանը բանալու ջանքերուն։

«Թուրք երիտասարդութիւնը այլեւս յոգնեցաւ միշտ իբրեւ յանցաւոր տեսնուելէն։ Անոնց պապերը շատ փայլուն մարդիկ չէին, բայց սխալ է երիտասարդները մեղադրել ու զանոնք իրենց պապերուն մակարդակին դնել», ըսած է Ազնաւուր։

Լրագրողը յիշեցուցած է, որ Ազնաւուրի մայրը իր ամբողջ ընտանիքը կորսնցուցած էր Ցեղասպանութեան ընթացքին, եւ հարցուցած է, թէ այս իրականութիւնը իր ազդեցութիւնը չէ՞ գործած Ազնաւուրի կեանքին վրայ։ Ազնաւուր պատասխանած է, որ անշուշտ բնա՛ւ հաճելի չէ գաղթական ընտանիքի մը զաւակ ըլլալ, բայց այս մասին ընելիք բան չկայ։ Ան ըսած է, որ դառն յուշեր ունի անցեալէն եւ զանոնք միշտ մտահոգութեամբ կը յիշէ։ «Բայց ես անոնցմէ չեմ, որոնք կ՛ըսեն՝ «Լաւագոյն թուրքը մեռած թուրքն է»», աւելցուցած է Ազնաւուր։

Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

August 2015
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31  

Արխիւ