Թուրքիոյ միակ հայկական գիւղին՝ Վաքըֆի մէջ պատարագ մատուցուած է Ս. Աստուածածնայ տօնին առիթով

ՎաքըֆԹուրքիոյ միակ հայկական գիւղին մէջ` Հաթայ նահանգի Սամանտաղ շրջանը գտնուող Վաքըֆի մէջ, Սբ. Աստուածածինի վերափոխման տօնին առիթով պատարագ մատուցուած է: Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը։
Պատարագը մատուցած է Պոլսոյ հայ պատրիարքի փոխանորդ արքեպիսկոպոս Արամ Աթէշեան` Աւետիս Թաբաշեանի օգնութեամբ: Պատարագին մասնակցած են Թուրքիոյ ընդդիմադիր Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան (ԺՀԿ CHP) պատգամաւոր հայ Սելինա Տողան եւ քրտամէտ ընդդիմադիր Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան (ԺԴԿ – HDP) հայ պատգամաւոր Կարո Փայլան:
Պատրիարքի փոխանորդը օրհնած է եկեղեցւոյ մէջ բոլոր ներկայ գտնուողներուն: Պատարագէն յետոյ եկեղեցւոյ բակին մէջ պատրաստուած եւ այցելուներուն բաժնուած է աւանդական հայկական հարիսա:
Լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին՝ Սելինա Տողան նշած է, որ կը շնորհաւորէ ողջ աշխարհի հայերը Աստուածածինի վերափոխման տօնին առիթով, մաղթելով օրհնուած բերքի առատութիւն:
«Խորհրդարանին մէջ իմ առաջին քայլս պիտի ըլլայ ապահովել ատելութեան վրայ հիմնուած յանցանքներուն հետ կապուած օրինագիծի` հնարաւորինս արագ կեանքի կոչումն ու կիրառումը: Մենք բոլորս հասարակական համերաշխութեան, եղբայրութեան եւ դրական երկխօսութեան կարիքը ունինք: Իսկ ատոր համար համապատասխան օրինական հիմք պէտք է»,- ըսած է Սելինա Տողան` աւելցնելով, որ օրէնսդիր մարմինի աշխատանքները սկսելուն պէս ինք պիտի սկսի աշխատիլ այդ ուղղութեամբ:
http://www.yerakouyn.com/?p=87543

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

August 2015
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31  

Արխիւ