100 մեթր երկարութեամբ եռագոյնը` Նեմրութի բարձունքին

Եռագոյնը` Նեմրութի ԲարձունքինՕգոստոս 12-ին, հայկական Ամանորի տօնին` Նաւասարդի առիթով (օգոստոս 11) Հայոց ցեղասպանութեան խորհուրդը կրող, 100 մեթր երկարութիւն ունեցող Եռագոյնը ծածանած է Նեմրութի բարձունքին` հին հայկական սրբավայրին մէջ:
Այս մասին յայտնած է Արցախեան ազատամարտի մասնակից, ֆոթոլրագրող, «Տիգրան Մեծ» բարեսիրական հիմնարկի նախագահ Սրապիոն Գէորգեան, որ նաեւ 100 մեթր երկայնք ունեցող Եռագոյնին հեղինակն է:
Օգոստոս 12-ի առաւօտեան հայ զբօսաշրջիկներէ կազմուած ուխտաւորներու խումբը սկսած է նուաճելու լերան բարձունքը, ուր պարզելով Հայոց ցեղասպանութեան խորհուրդը կրող դրօշը, շրջան կազմած է եւ 100 վայրկեան լռութեամբ յարգած է Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակը:
Օգոստոս 11-ին «Տիգրան Մեծ» հիմնադրամը յաջողած է Եռագոյնը ծածանել նաեւ պատմական Հայաստանի Մեծ Հայքի Մոկք նահանգի Միջա գաւառին մէջ, Սարիխաչ լերան հարաւ-արեւմտեան լանջին, Ապարանէն Սուրբ Խաչ վանքի խաչքարերուն շուրջ, որոնք իրենց 12-14 թոն կշիռքով եւ 6 մեթր բարձրութեամբ ոչ միայն աշխարհի մեծագոյն խաչքարերն են, այլ նաեւ հայ ազգի երբեմնի հզօր ուժի վկան:
Նշուած նախաձեռնութիւնները կարելի եղած է իրականացնել «Ախթամար թուր» գործակալութեան աջակցութեամբ:
http://www.aztagdaily.com/archives/254381

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

August 2015
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31  

Արխիւ