Վանի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ պատարագը կրնայ չեղեալ համարուիլ

Վանի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ ՊատարագըԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թուրքիոյ արեւելեան եւ հարաւարեւելեան շրջաններուն մէջ վերջերս տեղի ունեցող ռազմական գործողութիւններուն պատճառով մեծապէս տուժած է տարածքի զբօսաշրջութիւնը: Թուրքիոյ մէջ տիրող վտանգաւոր մթնոլորտը իր բացասական ազդեցութիւնը կ՛ունենայ նաեւ Պատմական Հայաստանի զբօսաշրջութեան համար մեծ հետաքրքրութիւն ներկայացնող վայրերուն վրայ:
Թրքական «Թիւրքիէ Կազեթեսի» թերթը գրած է, թէ մասնաւորապէս Վան քաղաքին մէջ, ուր պանդոկները մշտապէս 90 տոկոսով յաճախորդներ կ՛ունենային, զբօսաշրջիկներու կողմէ գրեթէ բոլոր ամրագրումները ջնջուած են մինչեւ հոկտեմբեր:
Վանի զբօսաշրջութեան միութեան նախագահ Ապտուլլահ Թունճտեմիր նշած է, թէ ռազմական գործողութիւններուն պատճառով, զբօսաշրջային գործակալութիւններու բոլոր ծրագիրները տակնուվրայ եղած։
Վանի Աղթամար կղզիի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ ամէն տարի Սեպտեմբերի երկրորդ Կիրակի օրը մատուցուող Ս. պատարագը, նուազ ուխտաւորներ ունենալու կամ ընդհանրապէս չեղեալ համարուելու հաւանականութիւնը կը դիմագրաւէ:
Նոյն աղբիւրին համաձայն՝ պատարագին մասնակցելու համար արտերկրէ Վան ժամանել ցանկացող բազմաթիւ անհատներ եւ զբօսաշրջիկներու խումբեր՝ ապահովական նկատառումներով ջնջած են իրենց ծրագիրները։
Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

August 2015
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31  

Արխիւ