Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ, Երեւանի մէջ, յուլիս 29-30 իրականացուեցաւ «Արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի մերձեցման խնդիրներ» համաժողովը, որուն աջակցած է ՀՀ ԳԱԱ Հ. Աճառեանի անուան լեզուի ուսումնարանը:
Համաժողովին առաջարկուած է երեք յանձնախումբ ստեղծել, որոնք կը զբաղին արեւմտահայերէնի պահպանութեան, լեզուի երկու ճիւղերու մերձեցման ուղիներու որոնմամբ եւ միասնական ուղղագրութեան անցնելու հարցերով: Յանձնախումբերու մէջ կ՛ընդգրկուին հայաստանեան եւ Սփիւռքի մտաւորականներ: Այդ յանձնախմբերու ստացած արդիւնքները պիտի ամփոփուին եւ քննարկուին առնուազն 6 ամիսը անգամ մը:
Համաժողովի արդիւնքներու եւ հայոց լեզուի շուրջ առկայ խնդիրներու վերաբերեալ «Մետիամաքս»ը զրուցած է Լեզուի ուսումնարի տնօրէն Վիքթոր Կատուալեանի հետ:
ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԻ ՊԱՀՊԱՆՈՒԹԻՒՆ
Արդէն 100 տարի է, որ արեւմտահայերէնը իր բնականոն զարգացման հնարաւորութիւնը չունի: Ցեղասպանութեան հետեւանքով հայերէնի այս ճիւղը օգտագործողները, անոնց շարքին նաեւ գրողները, սպաննուեցան կամ հայրենազուրկ դարձան՝ իրենց հետ տանելով արեւմտահայերէնը: Լեզուի այս ճիւղը սկսաւ կիրառուիլ Սփիւռքի մէջ, որ մէկ միասնական տարածք չէ, որուն հետեւանքով արեւմտահայերէնը ծուէն-ծուէն եղած կը գործառուի, չի կրնար միասնական զարգացում ունենալ:
Նոր պայմանները կը թելադրեն, որ Սփիւռքի մէջ ապրող հայ երիտասարդները աւելի շատ մղուին օտար լեզուով կրթութեան եւ շփման: Արեւմտահայերէնը դարձած է երկրորդական խնդիր, ուստի անոր պահպանումը երթալով հրատապ կը դառնայ:
Ճիշդ է, տեղի կազմակերպութիւններն ու նախարարութիւնը տարբեր ծրագիրներ կրիրականացնեն, բայց այդ ամէնը չեն կրնար դիմագրաւել նահանջին:
Համաժողովի բոլոր մասնակիցները համակարծիք էին, որ արեւմտահայերէնի պահպանութեան միակ ուղին Հայաստանի մէջ գործածութեան եւ տարածման հնարաւորութիւններ ստեղծելն է:
Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ պետական լեզուն հայերէնն է, որը միայն գրական արեւելահայերէնը չէ: Արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի, բարբառներու ամբողջութիւնն է մեր պետական լեզուն: Այսինքն, իրաւական բոլոր հիմքերը կան արեւմտահայերէնը գործածութեան մէջ դնելու համար: Պետական լեզուի բոլոր գործառոյթները պէտք է դրուին նաեւ անոր վրայ: Թերեւս, այդ ուղիով հնարաւոր կ’րլլայ զայն տարածել Հայաստանի մէջ, ինչը կը նշանակէ նորմալ կիրառում եւ զարգացում, եւ այստեղէն աւիւն կ’երթայ Սփիւռք:
Առաջարկ եղաւ Հայաստանի մէջ արեւմտահայերէն համալսարան ստեղծել, ուր տարբեր մասնագիտութիւններու գծով ուսուցումը ըլլայ արեւմտահայերէն: Այդ մէկը կը նպաստէ, որպէսզի արեւմտահայերէնը դառնայ բարձրագոյն կրթութեան, գիտութեան լեզու:
ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԻ ԵՒ ԱՐԵՒԵԼԱՀԱՅԵՐԷՆԻ ՄԵՐՁԵՑՄԱՆ ԽՆԴԻՐՆԵՐԸ
Հայերէնը միասնական լեզու է, երկու ճիւղերը պէտք է մէկ միասնութիւն ընկալուին եւ միաժամանակ զարգացում ապահովուի: Իրարմէ հեռացումը կամ նահանջը յղի է շարք մը վտանգներով, ներառեալ՝ ազգային ինքնագիտակցութեան կորուստով:
Այս երկու ճիւղերու միջեւ կամուրջներ ձգելու խնդիր կայ: Անհնար է, որ այս երկուքը միաձուլուին եւ նոր գրական հայերէն ստացուի: Կարծիք կայ, որ պէտք է երկուքի համընթաց զարգացում ապահովել, փոխներթափանցումներ կատարել, որպէսզի երկու ճիւղերը փոխադարձաբար հարստացնեն իրարու: Այսպէս կը մտածէին դեռ 20էրդ դարու սկիզբը: Այն ժամանակ մտաւորականներ կ’ըսէին, որ հայերէնի երկու ճիւղերու առկայութիւնը լեզուական հարստութիւն է, երկուքն ալ պէտք է զարգացնել, բայց չձուլել:
Ինչ կը վերաբերի քերականական փոխներթափանցումներուն, ապա անոնք չեն ալ կրնար ըլլալ, քերականութիւն հնարաւոր չէ ստեղծել եւ պարտադրել:
Գլխաւոր խօսքը բառապաշարային փոխներթափանցման, միասնական եզրոյթային համակարգի ստեղծման եւ զարգացման մասին է: Իսկ նոր ստեղծուող եզրոյթները կրնան երկուքի համար ընդհանուր ըլլալ:
ՄԻԱՍՆԱԿԱՆ ՈՒՂՂԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Անհեթեթութիւն է, երբ մէկ լեզուն ունի երկու ուղղագրութիւն: Տարբեր ուղղագրութիւններ ունենալը ազգը պառակտման կրնայ հասցնել: Համաժողովին չէ առաջարկուած մէկ անգամէն դասական կամ գրական հայերէնի ուղղագրութիւնն ընդունիլ: Առաջարկուեցաւ ստեղծել յանձնախումբ, որ կը դիտարկէ ուղղագրութեան ամբողջ պատմութիւնը, երկուքի առաւելութիւնները: Դասականի հիմքի վրայ կը մշակուի նոր ուղղագրութիւն: Այդ տարբերակը պէտք է լայն քննարկման դրուի, որմէ ետք ե՛ւ Հայաստանի, ե՛ւ Սփիւռքի մէջ աստիճանաբար պիտի անցնինք միասնական ուղղագրութեան: Այդ հարցը պէտք չէ ձգել սերունդներուն:
Մենք ունինք դասական ուղղագրութիւն, որ իր մէջ հսկայական գիտելիքներ եւ լեզուի պատմութիւն կը ներառէ: Ինչո՞ւ պիտի հրաժարինք այդ գիտելիքներէն, ինչ է թէ նոր ուղղագրութիւնը հեշտ է: չէ՞ որ գիտելիքը երբեք ալ հեշտ չէ, պէտք չէ երթալ հեշտի, մակերեսայինի ետեւէն: Պէտք է ուղղակի քննարկումներ կազմակերպել, լսել բոլոր կողմերու առաջարկները, փաթեթ պատրաստել եւ յանգիլ այնպիսի եզրակացութեան, որ կը բաւարարէ բոլորը: Սա միանգամեայ հրամանագրով լուծելու հարց չէ եւ աստիճանաբար պէտք է կատարուի:
Հասարակութեանը պէտք է բացատրել՝ ինչի համար այդ մէկը կը կատարուի, ներկայացնել հետեւանքները: Սովետական տարիներէն մնացած վախ կայ դասական ուղղագրութեան հանդէպ, բայց անիկա ինծի համար անհասկանալի է: Այդ կարծրացած մտածելակերպը մնացած է՝ առանց հարցին բոլոր կողմերէնց մօտենալու: Երկու հակամարտ կողմեր ձեւաւորուած են, որոնց պէտք է հաշտեցնել: Ե՛ւ դասական, ե՛ւ գրական ուղղագրութիւնները մեր լեզուի արժէքներն են, մեր մշակոյթն են, պէտք է այնպէս ընել, որ այդ երկուքի խառնուրդով միասնական ուղղագրութիւն ունենանք: Լաւ է այն ուղղագրութիւնը, որ ոչ թէ ուղիղ ձեւով կը ներկայացնէ արտասանութիւնը, այլ այն, որ գիտելիք ունի իր մէջ: Այս նոր ուղղագրութիւնը իրականութեան մէջ հետընթաց էր, որ կը տանէր «ինչպէս կը խօսինք, այնպէս գրենք» տարբերակին:
Հասարակութիւնը պէտք է գիտնայ նաեւ, որ անցումը մէկ անգամէնպիտի չըլլայ: Հնարաւոր է դպրոցի մէջ զուգահեռաբար անցնին երկու ուղղագրութիւններն ալ, ապա սահուն անցում կատարուի ստեղծուելիք միասնականին:
Արհեստածին պատկերացում է այն, որ եթէ ուղղագրութիւնը փոխենք, բոլորը կը դառնան անգրագէտ: Դպրոցի մէջ երեխային ինչ կը սովորեցնես, այն ալ կը սորվի:
ՀԱՅԵՐԷՆԻ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ ՍՏԵՂԾԵԼՈՒ ՄԱՍԻՆ
Խորհրդային տարիներուն կառավարութեան կից “Տերմինաբանական կոմիտէ” ունէինք, ապա ան մտած է Լեզուի տեսչութեան կազմ եւ վերանուանուած՝ Հայերէնի բարձրագոյն խորհուրդ: Փորձը ցոյց տուած է, որ այդ համակարգի մէջ ան չի կրնար աշխատիլ, մարած է: Այժմ ջանքեր կը գործադրեն այդ խորհուրդը ստեղծելու ուղղութեամբ, որ պիտի զբաղի չավանիշներու կանոնակարգմամբ: Լեզուական բարձրագոյն մարմինը պիտի գտնի ճիշդ տարբերակները եւ առաջարկէ հանրութեան: Այս խորհուրդը կրնայ ուղղորդել գրական հայերէնի յետագայ զարգացումը, այժմ անոր կարիքը շատ մեծ է: Լեզուն որոշ իմաստով անկառավարելի վիճակի մէջ է, իսկ այդ խորհուրդը կրնայ հարցերը լուծել:
Կ’ուզեմ նաեւ նշել, որ լեզուն ազգի համար շատ կարեւոր է: Եթէ չկայ լեզուական միասնութիւն, ազգային միասնութիւն ըլլալ չի կրնար: Պէտք է մէկ կողմ դնել սեփական յաւակնութիւնները եւ միայն այն մեկնակէտէն մեկնիլ, որ պէտք է լեզուի միջոցով պահպանել ազգի միասնականութիւնը: Պէտք է ամբողջ հասարակութիւնն ու պետական համակարգը նախանձախնդիր ըլլան գրական հայերէնի անաղարտութեան պահպանութեան հարցով:
http://www.yerakouyn.com/?p=87330
Leave a Reply