ՄԱՐՄԱՐԱ-ի լրահոս

ՄԱՐՄԱՐԱ2ԿԱՐՕ ՓԱՅԼԱՆԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

«Դարձեալ ինկանք սաստկութեան անելին մէջ, եթէ այսպէս շարունակուի, այս կրակը ամէն կողմ հրդեհ կը ստեղծէ»

Ուշագրաւ է, որ ահաբեկչական յարձակումներու մագլցումի այս շրջանին ոստիկանատուները, նաեւ Հէ-Տէ-Փէի վարչական կեդրոնները իբր թիրախ ընտրուած են անյայտ նախայարձակներու կողմէ։ Հէ-Տէ-Փէ կուսակցութիւնը, ընտրութիւններու մէջ իր արձանագրասծ յաջողութենէն վերջ, յանկարծ դարձաւ շատ լայն շրջանակներու աչքի փուշը։ Ինչպէս գիտենք, պետութեան ներկայացուցիչները կամ Մէ-Հէ-Փէի նման ազգայնապաշտ շրջանակներ Հէ-Տէ-Փէն կը մեղադրեն ՓՔՔ-ն պաշտպանելու, ՓՔՔ-ին հացին իւղ քսելու մեղադրանքով։
Անցեալ օր ալ անծանօթ ուժեր յարձակեցան Սուլթանպէյլիի ոստիկանատան վրայ։ Այս յարձակումէն վերջ ալ յարձակումներու թիրախ դառնալու կարգը եկաւ Հէ-Տէ-Փէին, որուն Սուլթանպէյլիի վարչական կեդրոնը գիշերուան ժամերուն ցուցարարներու կողմէ քարկոծուեցաւ։ Աւելի վերջ ցուցարարները շէնքէն ներս մտան ու քանդեցին ժողովասրահը։

Այս վերջին յարձակումէն վերջ այս մասին յայտարարութիւն մը ըրաւ Հէ-Տէ-Փէէ Իսթանպուլի երեսփոխան Կարօ Փայլան, որ ըսաւ.

«Դժբախտաբար դարձեալ մտած ենք սաստկութեան անելին մէջ։ Մենք լայն աշխատանք կը տանինք սաստկութեան այս անելէն դուրս գալու համար։ Ժամ առաջ մարդիկ իրենց ձեռքը ետ պէտք է քաշեն զէնքերէ։ Հիմա ալ կ՚ըսենք, որ այս սաստկութիւնը ժամ առաջ թող կանգ առնէ։ Ատենօք տեսանք, թէ ժողովրդավարական սկզբունքները որքան լաւ արդիւնք կուտան։ Մօտաւորապէս երեք տարիէ ի վեր Թուրքիոյ մէջ մարդիկ գրեթէ գարնան մթնոլորտ մը կ՚ապրէին։ Մենք կ՚ուզէինք, որ գարնան այս մթնոլորտը շարունակուի։ Բայց դժբախտաբար պետութեան գլուխը գտնուողները, զորս մենք «պալատի կլատիօ» կ՚անուանենք, մտածեցին, որ հաշտութեան այս մթնոլորտը իրենց ի շահ չէ, անիկա չի կրնար ապահովել անոնց «փատիշահ» ըլլալու ակնկալութիւնը, այս պատճառաւ ալ ահաւասիկ կրկին ինկանք սաստկութեան անելին մէջ։ Ասիկա պատճառ է նաեւ, որ հաւաքականութեան զանազան խմբաւորումները դէմ դիմաց գան։ Ոստիկանատան մը մէջ պայթած ռումբի մը հետեւանքով խուժան մը կուգայ ու կրնայ յարձակիլ մեր կեդրոններուն վրայ։ Եթէ այսպէս շարունակուի, այս կրակը ամէն կողմ հրդեհ կը ստեղծէ։ Ասոր համար ալ պայման է, որ ժամանակաւոր կառավարութիւնն ու հանրապետութեան նախագահը իրենց խելքը գլուխը բերեն»։

ԹԱՅՄՍ ԹԵՐԹԻ ՀԱՄԱՁԱՅՆ «ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆԸ ԱՆՀԱԿԱԿՇՌԵԼԻ ԴԱՐՁԱՒ»

«Թայմս» թերթը Սուլթանպէյլիի եւ Սիլօփիի մէջ հինգ ոստիկաններու եւ մէկ զինուորի եւ երկու անձերու սպանութեան դէպքի մասին գրեց, որ մասնագէտներ այն կարծիքն ունին, որ Թուրքիա ներկայիս շատ լայն տարողութեամբ պատերազմի մը հետ դէմ յանդիման կը գտնուի։

«Թագաւորական միացեալ ծառայութիւններու էնսթիթիւէն Մայքըլ Սթէֆընս կը գրէ հետեւեալը. «Ներքին պատերազմ ըսել չեմ ուզեր, սակայն կացութիւնը հակակշռէ դուրս կ՚ելլէ։ Թուրքիոյ համար մտահոգիչ շրջան մըն է։ Յայտնի չէ, թէ Թուրքիա ի՞նչպէս պիտի յաջողի այս անելը յաղթահարել։ Թուրքիոյ սահմաններուն մէջ անկայուն կացութիւն կը տիրէ։ Ասիկա զուգադիպեցաւ այն շրջանին, երբ Թուրքիա Ամերիկայի հետ միասին Սուրիոյ մէջ ԸՇԻՏ-ի դէմ գործողութիւններու կը պատրաստուէր։ Վերջին երեք շաբաթներու յարձակումները երկիրը բեւեռացումի առաջնորդեցին։ Քիւրտեր, որոնք Յունիսին կատարուած ընտրութիւններու ընթացքին Ա-Գէ-Փէի ի նպաստ քուէարկած էին, այս կուսակցութեան դէմ իրենց հաւատքը կորսնցուցին։ Այնուհանդերձ Էրտողանի կողմէ ՓՔՔ-ի դէմ որդեգրուած խիստ վերաբերումը թուրք ազգայնականներու դիմաց զօրակցութիւնը կրնայ աւելցնել»։

Իսկ «Ապահովութեան եւ վերականգնումի քաղաքականութեան էնսթիթիւ»-ի Թուրքիոյ մասնագէտը Կարէթ Ճէնքինս գրեց. «Երկու նպատակ կայ։ Առաջինը՝ Հէ-Տէ-Փէն ցոյց տալ որպէս բռնութեան կողմնակից խմբակներու կուսակցութիւն եւ վարկաբեկ ընել զայն, քուէ կորսնցնել տալ ու այս կերպով ազգայնապաշտներուն շահեցնել իրենց կորսնցուցած քուէները։ Ասիկա վտանգներ ներկայացնող ռազմավարութիւն մըն է։ Կարճ ժամանակի ընթացքին Ա-Գէ-Փէ դարձեալ կրնայ մեծամասնութիւն դառնալ, բայց ասիկա թուրք հաւաքականութեան ներքին հիսկէններուն վնաս կը պատճառէ”։

ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՀԻՒՊԱՏՈՍԱՐԱՆԻՆ ՎՐԱՅ ՅԱՐՁԱԿՈՂԸ ՀԱԹԻՃԷ ԱԹԷՇ ԿԸ ԿՈՉՈՒԷՐ

Իսթինիէի Ամերիկեան Հիւպատոսարանին վրայ երէկ առաւօտ յարձակող երկու ահաբեկիչներէն մէկը, որ Հաթիճէ Աշըք կը կոչուէր եւ վիրաւոր վիճակի մէջ ձերբակալուած էր, փոխադրուեցաւ Շիշլիի Էթվալ Հիւանդանոցը։ Խափանարարին համախոհ ութ անձեր յիշեալ հիւանդանոցի դրան առջեւ նստացոյց ըրին եւ վերտառութիւններ պարզեցին, որոնց վրայ գրուած էր. “Հաթիճէ Աշըք մեր պատիւն է. Թայատցի ընտանիքներ”։

Ոստիկական ուժերը միջամտեցին ցուցարարներուն, զանոնք երեսի վրայ պառկեցուցին եւ անոնց ձեռնակապետ անցընելով մեկուսացուցին եւ հսկողութեան տակ առին։ Լրագրողներն ալ, որոնք եկած էին դէպքը լուսաբանելու, ոստիկանութեան դիմադրութեան հետ դէմ յանդիման մնացին։ Անոնք չարտօնուեցան որ լուսանկարեն։ Հրմշտուքներու ընթացքին կարգ մը լրագրողներ վիրաւորուեցան։

ՎԻԶԱՅԻ ՉԱՐՉԱՐԱՆՔ

Երէկուան այս յարձակումը հիմա պատճառ պիտի դառնայ, որ ԱՄՆ-ի համար մուտքի վիզա ստանալու չարչարանքը ալ աւելի ծանրանայ։ Հիւպատոսարանը, ինչպէս անցեալի մէջ, այս անգամ ալ դադրեցուց գործողութիւնները։ Ասիկա կը նշանակէ, որ վիզա ստանալ ուզողները պիտի ստիպուին Անգարա երթալ ու հոն դիմում կատարել։

ՔԷ-ՃԷ-ՔԷ-Ի ԳՈՐԾԱԴԻՐ ՄԱՐՄԻՆԷՆ ՆՈՐ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

«Ժամ առաջ ազատ պայմաններու մէջ բանակցութիւններ պէտք է կատարուին էօճալանին հետ»

Քէ-Ճէ-Քէ, որ ՓՔՔ-ի ճիւղերէն մէկն է ու քրտական հարցի հետապնդման գործադիր մարմինն է, նոր յայտարարութիւն մը ըրաւ որպէսզի հրապարակէ բախումները դադրեցնելու ու կրկին խաղաղութիւն հաստատելու պայմանները։ Յայտարարութեան մէջ ըսուեցաւ որ ՓՔՔ միշտ հաւատարիմ կը մնայ քրտական հարցը Թուրքիոյ սահմաններուն մէջ ժողովրդավար միջոցներով լուծելու տեսակէտին։ Քէ-Ճէ-Քէի գործադիր մարմինը կոչ ըրաւ որպէսզի Էօճալանի հետ բանակցութիւնները վերսկսին ազատութեան պայմաններու մէջ եւ բախումներն ալ դադրեցուին։

Ըստ Քէ-Ճէ-Քէի, Ա-Գէ-Փէ կառավարութիւնը 24 Յուլիսին հրահրեց պատերազմը։ ՓՔՔ-ի կէրիլլայի ուժերը հիմա փոխադարձութեան դիմած են այն պետական ուժերուն դէմ որոնք պնդեցին թէ միայն օդային յարձակումներու հետեւանքով 400 կէրիլլա սպաննած են եւ որոնք, ինչպէս տեսանք Զէրկէլէյի մէջ 8 քաղաքացիներու սպանութեամբ, կը յարձակին անմեղ քաղաքացիներու վրայ ալ։ Այս փոխադարձութիւնը ինքնապաշտպանութեան իրաւունք մըն է։ Ասիկա ինքնապաշտպանութեան օրինաւոր իրաւունք է ամէն օր պատերազմական կոչեր արձակող եւ “պիտի սպաննենք, պիտի վերջացնենք” ըսող նախայարձակներու դէմ։

Քէ-Ճէ-Քէ պնդեց թէ ՓՔՔ-ն 2003 թուականէն ասդին իր քաղաքականութիւնը փոխած է։ “Այլեւս չենք պնդեր քրտական հարցը զինեալ պայքարով լուծելու քաղաքականութեան մը վրայ, մեր կէրիլլաները Քիւրտ ժողովուրդին գոյութիւն ունենալու ու ազատ եւ ժողովրդավար բարքերով ապրելու իրաւունքին համար տարուած պայքարի ուժերն են։ Այսօր ալ այս ուժերը միմիայն Թուրք պետութեան կողմէ կազմակերպուած յարձակումներու դէմ ինքնապաշտպանութեան համար կը գործածուին։

Քէ-Ճէ-Քէ իր յայտարարութեան մէջ ժխտեց նաեւ այն բամբասանքները թէ քրտական հարցը լուծուած է։ Կարելի չէ ըսել որ քրտական հարցը լուծուած է, պայման է որ լուծման հարցի բանակցութիւնները կապուին Խորհրդարանի մէջ Սահմանադրական Օրէնքի եւ այլ օրէնքներու տրամադրութիւններուն։ Նաեւ պայման է որ ամբողջական հրադադար մը գործադրուի։ Ասոր համար ալ պայման է որ ժամ առաջ ազատ պայմաններու մէջ բանակցութիւններ շարունակուին Ապտուլլահ Էօճալանին հետ, պէտք է նաեւ ազատ արձակուին 2013 թուականի Նեւրուզէն ասդին ձերբակալուածները”, ըսուեցաւ յայտարարութեան մէջ։

ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ «ՀԱՐԻՒՐԱՊԵՏ ԹՈՐՈՍԵԱՆԻ ՅՈՒՇԵՐԸ» ԳԻՐՔԸ

Իսթանպուլի Պիլկի Համալսարանին կողմէ լոյս ընծայուեցաւ Օսմանեան շրջանի բանակին մէջ ծառայած հարիւրապետ Թորոսեանի գիրքը՝ “Պատմութիւն, Ինքնակենսագրութիւն եւ Իրականութիւն” խորագրին ներքեւ։ Գիրքը հրատարակութեան պատրաստուեցաւ Պիւլէնտ Սոմայի կողմէ։ Գիրքին մէջ գրութիւններ ստորագրեցին Այհան Աքթար, Սուաւի Այտըն, Գահրաման Շաքուլ, Յովհաննէս Քըլըճտաղը, Թանէր Աքչամ։ Գիրքին մէջ տեղ տրուած է նաեւ մամուլէն առնուած այլ գրութիւններու եւ փաստացի վկայութիւններու։

Յայտնենք որ Թորոսեանի նիւթը օրակարգի եկած էր “Թարաֆ” թերթին կողմէ 2012 եւ 2013 թուականներուն, ստեղծելով մեծ աղմուկ։

Երէկուան “Թարաֆ” թերթը, տեղեկացնելով Թորոսեանի մասին լոյս տեսած գիրքը, հարցազրոյցի լման էջ մը յատկացուցած է Թորոսեանի նիւթը արծարծելով։ Հարցազրոյցը կատարուած է թերթի աշխատակից Հիւսէյին Իսթէմիլի կողմէ, Պիլկի Համալսարանի դասախօս Փրօֆ. Այհան Աքթարի հետ։
Այհան Աքթար համարձակ տողերով կը պատմէ բոլոր այն անիրաւութիւնները, որոնք մասնաւորաբար Օսմանեան շրջանին գործուեցան հայերու, այս կարգին եւս հարիւրապետ Թորոսեանի դէմ։

Աքթար կը պատմէ որ երբ կը խօսուի Օսմանեան բանակին մէջ փոքրամասնութիւններու բերած ծառայութեան մասին, պետութիւնը կ՚անհանգստանայ։ Թաքնել, անտես առնել կը ջանայ այդ ծառայութիւնները, զանոնք վիրաւորանք կը նկատէ պետութեան կողմէ որդեգրուած այն քաղաքականութեան որուն բուն նպատակն է պատմութիւնը իսլամացնել։

Աքթար տարօրինակ կը գտնէ որ այս տարի, Հայոց ցեղասպանութեան 100ամեակին առթիւ պետութիւնը յանկարծ Չանաքքալէի յիշատակութեան օր մը մէջտեղ դրաւ։ Ասոր նպատակը 100ամեակի յիշատակութիւններու ազդեցութիւնը նուազեցնել էր։ Տարօրինակն այն է որ պետութիւնը միայն չբաւականացաւ այս օրը յիշատակելով, այլ Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանն ալ հրաւիրեց այդ օրուան։ Արտաքին Գործոց Նախարար Չավուշօղլու այս հրաւէրը ուղղելու ընթացքին ըսաւ որ Օսմանեան բանակին մէջ ծառայող Հայեր ալ կային։ Այս արտայայտութեան դիմաց, Փրօֆ. Եուսուֆ Հալաճօղլու յայտնեց որ այս խօսքով պատմական սխալ մը գործուեցաւ, որովհետեւ այս անգամ Հայեր իրաւացիօրէն պիտի ըսեն որ քանի որ միասին փրկեցինք երկիրը, մեզ ինչո՞ւ աքսորեցիք։ Հայաստանի նախագահը անշուշտ մերժեց հրաւէրը, ըսելով. “Գիտենք թէ Չանաքքալէի մէջ Հայեր ալ պատերազմեցան։ Հարիւրապետ Թորոսեանն ալ հոն էր։ Բայց մարդուն ընտանիքը Սուրիոյ անապատները քշեցիք եւ սպաննեցիք”։

Այհան Աքթար կը պատմէ որ խեղճ Թորոսեանի նիւթը յանկարծ արտաքին քաղաքականութեան նախանիւթ դարձաւ։ Բայց ապահովեց նաեւ որ նոր պրպտումներ կատարուին Թորոսեանի կեանքի եւ ծառայութիւններու մասին։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

August 2015
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31  

Արխիւ