Այնճարի մէջ Մուսա Լերան եւ Այնճարին նուիրուած գիրքերու ցուցահանդէս

Մուսա Լերան եւ Այնճարին Նուիրուած Գիրքերու ՑուցահանդէսՄուսա լերան հերոսամարտի 100ամեակի եւ Այնճարի հիմնադրութեան 75ամեակի յոբելենական ձեռնարկներու շարքին չորրորդը՝ Մուսա լերան եւ Այնճարին նուիրուած գիրքերու ցուցահանդէսն ու ժապաւէնի ցուցադրութիւնը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 8 Օգոստոսի երեկոյեան, Այնճարի «Ս. Զէյթլեան» ժողովրդային տան «Մովսէս Տէր Գալուստեան» սրահին մէջ, հովանաւորութեամբ պետական նախարար զօր. Փանոս Մանճեանի:

Ձեռնարկը նուիրուած էր նահատակ Յակոբ Հաւաթեանի (քեսապցի) յիշատակին:

Գիւղի հոգեւոր պետերու եւ նախարար զօր. Փանոս Մանճեանի ձեռամբ կատարուեցաւ ցուցահանդէսի բացումը:

Մուսա լերան հերոսամարտի 100ամեակի եւ Այնճարի հիմնադրութեան 75ամեակի կեդրոնական մարմինի անունով ձեռնարկի բացման խօսքը արտասանեց Ցողիկ Հաւաթեան, որ կարեւորեց պատկառելի թիւով հրատարակութիւնները՝ փարատելով այն համոզումը, թէ քիչ աղբիւրներ կան Մուսա լերան եւ Այնճարի մասին:

Բացման խօսքէն ետք պետական նախարարր զօր. Փանոս Մանճեան փոխանցեց իր սրտի խօսքը:

Ան ըսաւ, թէ Այնճարի ժողովուրդը իր ներկայութիւնը եւ ներկայ կեանքը կը պարտի մուսալեռցի այդ նահատակներուն, որոնք զոհուեցան Մուսա լերան հերոսամարտին ընթացքին. անոնք չմտածեցի՛ն իրենց անհատականին մասին, այլ մտածեցին մուսալեռցիներու հաւաքական շահերուն մասին: Ան իւրայատուկ գտաւ հերոսամարտի 100ամեակի ձեռնարկներու շարքը՝ յայտնելով, որ մուսալեռցիականը միշտ տարբեր եղած է եւ այդպէս պէտք է շարունակուի:

Ան իր խօսքը աւարտեց՝ ըսելով. «Այնճարցիք եւ համայն հայ ժողովուրդը պէտք է օրինակ առնեն մուսալեռցի նահատակներէն, ըլլալով միասնական եւ ձգտելով Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի հայութեան ամբողջական շահերու պաշտպանութեան»:

Ապա ներկաները առիթը ունեցան դիտելու ցուցադրուած գիրքերը, որմէ ետք անոնք հետեւեցան Նորա Գէորգեանի «Այնճար» վաւերագրական ժապաւէնի ցուցադրութեան:

Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

August 2015
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31  

Արխիւ