Էլիզապեթ Մարքսի «Զաւէնին ճակատագիրը» հատորին ներկայացումը

Զաւէնին ՃակատագիրըԵրեքշաբթի, oգոստոս 18-ին, երեկոյեան ժամը 7։30-ին, «Ապրիլ» գրատան մէջ տեղի պիտի ունենայ Էլիզապեթ Մարքսի (Մարկոսեան) հեղինակած «Զաւէնին ճակատագիրը» հատորին ներկայացումը։

ԱՄՆ-ի «Ասպարէզ» օրաթերթի փոխանցած տեղեկութիւններով՝ «Զաւէնին ճակատագիրը» պատմութիւնն է Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրած հեղինակի հօր եւ հիմնուած է անոր կողմէ գրի առնուան ինքնակենասագրութեան վրայ, որ հեղինակին կողմէ գտնուած է վերապողին մահէն ետք միայն։

Հատորը պիտի ներկայացուի հեղինակին կողմէ, իսկ հեղինակը պիտի ներկայացնէ Լու Սթօուըրզ։

Մուտքը ազատ է եւ տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն։ «Ապրիլ» գրատան հասցէն է՝ 415 E. Broadway, Glendale, CA 91205։

Յաւելեալ տեղեկութեանց համար դիմել՝ (818) 243-4112 թիւին կամ noor@abrilbooks.com հասցէին։

http://www.yerakouyn.com/?p=87098

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

August 2015
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31  

Արխիւ