Թուրքիոյ քրտամէտ կուսակցութեան հայ համանախագահը մահուան սպառնալիքներ կը ստանայ

Ասմին ՔիրաչԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան Շըրնաք նահանգի կառոյցի հայ համանախագահ Ասմին Քիրաչ «Ֆէյսպուք»ի ճամբով մահուան սպառնալիքներ ստացած է Յուլիսի 25ին եւ 26ին:
Թրքական «Էվրենսել» լրատուական կայքը գրած է, թէ Քիրաչին յղուած պատգամներուն մէջ եղած են հայերու եւ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան անդամներու հասցէին հայհոյանքներ ու սպառնալիքներ:
«Հա՛յ, պիտի մեռնիս: Բոլորդ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան անդամներ էք, հեռացէ՛ք Թուրքիայէն», գրուած է մէկ պատգամին մէջ:
Քիրաչ նշած է, որ իրեն ուղղուած սպառնալիքները նոր չեն, որովհետեւ ան սպառնալիքներ ստացած է նաեւ խորհրդարանական ընտրութիւններու սեմին:
Ան նաեւ նշած է, որ իր տան վրայ այնպիսի նշան դրած են, որ «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորումը կը դնէ Սուրիոյ քրիստոնեաներու տուներուն վրայ: Նոյն ժամանակահատուածին անոր նաեւ հեռաձայնելով սպառնացած են՝ «Տունդ նստիր, թէ չէ գլուխդ կը կտրենք»:
«Այդ սպառնալիքը ոչ միայն ինծի, այլ նաեւ Պոլիս բնակող շատ մը հայերու կատարուած է: Անոնք եւս այդ գծով մտահոգ են, սակայն չեն գիտեր ո՞ւր երթան կամ որո՞ւ դիմեն», ըսած է Քիրաչ:
Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

August 2015
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31  

Արխիւ