Յունիսի 7-ին Թուրքիոյ մէջ կազմակերպուեցան խորհրդարանական ընտրութիւններ, այսպիսով հասկանալի պիտի դառնար ընտրուող բռնապետի գոյութիւնը: Չնայած ոչ օրինական պալատին մէջ բնակող անձը մինչեւ հիմա չէ հրաժարած այս ցանկութենէն: Ընտրութիւններէն ետք ազգայնամոլներու համախմբուած Ազգային Շարժում Կուսակցութեան անվճռական վերաբերմունքէն քաջութիւն ստացող Էրտողանը, կրնանք ըսել, որ նշեալ իրավիճակը կը փորձէ գրոհներ կատարելու առիթի վերածել: Վերջին օրերուն կատարուող իրադարձութիւնները կարելի է համարել Էրտողանի՝ յունիսի 7-ի վրէժը լուծելու համապատասխան քայլերը:
Ատոր համար ալ Աք Սարայ (Սպիտակ Պալատ- Խմբ.՝ «Արեւելք») կոչուող փախստական պալատը բնակող անձը կը փորձէ արագացնել քաղաքացիական յեղափոխութեան անուան տակ հարուած հասցընել երկրին: Արդէն իշխանութիւնը կը նմանի քարտուղարութեան ապարատի (կառավարական համակարգ-Խմբ.՝ «Արեւելք»): Այսպիսով՝ առանց իշխանութեան կառուցուածքի կը փորձէ անսովոր իրավիճակը սովորականի վերածել: Ընտրութիւններէն անմիջապէս առաջ խորհրդարանէն ներս ընդունուած անվտանգութեան օրէնքի արդիւնքով ոստիկանութիւնը ստացեր է չափազանց հնարաւորութիւն, եւ արգիլուեր է ընդդիմադիրներու հրապարակներու վրայ բողոքելու իրաւունքը:
Նման ցոյցերը անվտանգութեան ուժերու կողմէ կը պատժուին խիստ վերաբերմունքով, եւ կը կազմակերպեն համապատասխան քայլեր: Ամենափոքր հանրահաւաքի կամ բողոքի ցոյցին կը հոսի արիւն: Ամենավատը այն է, որ այս ոչ սովորական երեւոյթը արդէն վերածուեր է սովորական դէպքի:
Ընդդիմութեան ոչ կազմակերպուած տեսքը Էրտողանը կ’օգտագործէ իր օգտին: Պարտութիւն կրելով հանդերձ յունիսեան ընտրութիւններուն՝ ան երկիրը կը զրկէ իշխանութենէ: Բացի այդ՝ կ’երկարացնէ իր իշխանական օրերը. անհրաժեշտ է յիշեցնել, որ երկրէն ներս օրինական իշխանութիւն չկայ:
Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութիւնը կորսնցուցած է խորհրդարանական մեծամասնութիւնը, բայց ընտրութիւններէն կարճ ժամանակ անց Ազգային ժողովը փակուեցաւ ամառային արձակուրդի պատճառաբանութեամբ: Ընդդիմադիր ուժերը ներկայ պահուն չեն կրնար ցուցաբերել իրենց գործունէութիւնը:
Տարածաշրջանի վրայ շարունակուող պատերազմը վերջին ժամանակաշրջանին հզօրացուցած է Էրտողանի քաղաքական մարտականութիւնը: Իսլամական Պետութեան դէմ պայքարելու անուան տակ Էրտողանը հնարաւորութիւն գտած է Սուրիոյ մէջ համախմբել ծայրայեղ կրօնականներուն եւ յարձակիլ տալ Ասատի իշխանութեան վրայ: Արդէն Էրտողանի ղեկավարած Թուրքիան չէ հրաժարած Իսլամական Պետութեան հետ գաղտնի համագործակցելու մքտքէն: Հարկ է նշել, որ Թուրքիոյ՝ արեւմտեան դաշնակիցներու հետ մասնակցած օդային յարձակումներու հիմքը կը կազմէ ծայրայեղ կրօնականներու կորսնցուցած տարածքներու վերագրաւումը: Նման ծայրայեղ կազմակերպութիւնները առանց Թուրքիոյ օգնութեան չեն կրնար պայքարիլ Դամասկոսի իշխանութիւններուն դէմ: Սուրիոյ հիւսիսարեւմտեան բնակավայրեր Իտլիպ եւ Ժըսր Շըղուրը Թուրքիոյ ռազմական օգնութեան շնորհիւ անցեր են իսլամիստներու հսկողութեան տակ: Այսօր Ճարապլուսի մէջ կատարուող ռազմաօդային միջամտութիւնը կը նախատեսէ իսլամիստներուն կրկին հզօրացնել եւ գրաւելու հնարաւորութիւն տալ Թուրքիա-Սուրիա սահմանային գօտին: Այս մէկը կարելի է անուանել նաեւ Եավուզ Սուլթան Սելիմի արաբական աշխարհ կրկին մուտքը:
Ռազմաօդային յարձակումէն մի քանի օր առաջ ապօրինի պալատէն ներս բնակուող Էրտողանը այցելութիւն տուած էր օսմանցիներու թագաւորներէն Եավուզ Սուլթան Սելիմի գերեզմանը, որ ունի սիմպոլիք իմաստ: Թուրքիոյ ռազմաօդային յարձակում կատարած բնակավայրի վրայ մօտաւորապէս 500 տարի առաջ տեղի ունեցած է Մարժ Տապէքի ճակատամարտը, ընդ որում, օսմանցիները յաղթանակ ձեռք բերելով, մուտք գործած էին արաբական աշխարհ: Չնայած ան իր պահանջախնդրութիւնը վերջին ժամանակաշրջանին կը փարատէ ապօրինի պալատէն ներս ղեկավարած Ուրբաթ օրեայ Ամիր Ալ-Մումինին-ի աղօթքներով, բայց չի հրաժարիր Միջին Արեւելքի ղեկավարը ըլլալու իր երազէն:
Ռազմաօդային միջամտութիւնը կը շոյէ նաեւ Թուրքիոյ մէջ ծայրայեղ ազգայնամոլ եւ իսլամիստ բնակչութեան սիրտը: Այդ մէկը կը նշանակէ Էրտողանի որոշած ժամկէտին նախատեսուող ընտրութիւններուն անոնց աջակցութիւնը ստանալ:
Բացի այդ՝ այս միջամտութիւնը քրիստոնեաներու տեսանկիւնով կը նշանակէ 1915 թ. ցեղասպանութիւնը կրկին տեղափոխել Թուրքիոյ սահմաններէն դուրս:
Հարկ է ուշադրութիւն դարձնել նաեւ այլ իրականութեան: Էրտողանը դաշնակից ուժերու հովանոցի տակ հնարաւորութիւն ստացած է PKK-ի դէմ պայքարելու: Ան, PKK-ի դէմ պայքարելով, կը փորձէ անոնց ուժերը քրէականացնել: Բայց անհրաժեշտ է յիշել, որ ապօրինի պալատը բնակող անձին ուժ պարգեւած են նաեւ PKK -ի չհաշուարկուած քայլերը: Այս քրէականացումը իր հետ կը բերէ ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու հասկացողութիւնը: Քրտական Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութիւնը նշեալ ճնշումներու պատճառով կրնայ կորսնցնել իր ուժն ու համբաւը: Այդ մէկը կը նշանակէ ամբողջ Թուրքիոյ ժողովուրդներուն քաշել այս ճնշուածութեան տակ: Ռազմաօդային միջամտութեան առաջին օրէն արդէն արգիլուած է ընդդիմութեան համացանցային կայքէջերու հասանելիութիւնը, համացանցերու օգտագործումը, եւ դանդաղած է համացանցը: Մենք կը խօսինք այն երկրի մասին, ուր զուարճանալու համար հարսանիքի գացող երիտասարդներ ձերբակալուած են բողոքի ցոյցի մասնակցութեան յանցանքով: Այս օրերուն Թուրքիոյ մէջ կը բարձրանայ քաղաքական լարուածութիւնը, եւ կը մեծնայ մարդկային կորուստներու թիւը:
Վերը նշուած ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու անուան տակ ժողովուրդի հանդէպ կ’օգտագործուի չափազանց ուժի կիրառում, եւ արագօրեն կը պատրաստուի պատերազմային մթնոլորտ:
Այս իրավիճակէն ելլելով՝ կարելի է ըսել, որ բռնութիւնը աստիճանաբար կը տարածուի. այլեւս հնարաւոր չէ խօսիլ հաւասարակշռուած քաղաքական քայլերու եւ խաղաղութեան մասին: Արդէն ուժգնութեան օրերուն կողմերը ցանկութիւն չունին լսել մտաւորականներու ձայնը:
Այնուամենայնիւ անհրաժեշտ է օգտագործել խաղաղութեան լեզուն: Խաղաղութիւնը պահպանելու ցանկութիւն ունեցող անձինք պէտք է զերծ մնան բռնութիւն պարունակող նախադասութիւններէն, որ Էրտողանին կը տեղափոխեն բռնատիրութեան գահը:
Ժողովուրդի ցանկութեան հակառակ՝ պատերազմային իրավիճակը հրաժարուող իշխանութեան կեանքը կ’երկարացնէ: Ապօրինի պալատը բնակող անձի քարտուղարութիւնը կը շարունակէ նոր բանաձեւերու կիրառումը: Գաղտնի կերպով ընդունուող ռազմական միջամտութեան որոշումը առիթ կը հանդիսանայ պատերազմի ընթացքին հարստանալու ցանկութիւն ունեցող Էրտողանի կողմնակիցներուն: Թուրքիան կը գտնուի վտանգաւոր ընտրութեան առաջ: Կամ ընտրուած քաղաքացիական բռնատիրութիւն, կամ ալ ժողովրդավարութիւն: Թուրքիան պէտք է ընտրութիւն կատարէ սեւի եւ սպիտակի միջեւ: Ժողովրդական ընդդիմութիւնը ունի Էրտողանի այս վտանգաւոր խաղը աւերելու ուժ, հասունութիւն եւ վճռականութիւն:
Այս վճռականութեան արտայայտութիւնն էին Կէզի Այգիի դէպքերը:
http://www.arevelk.am/am/content/
Leave a Reply