Համօ Օհանջանեան. օրինակելի դաշնակցականը՝ որ ապրեցաւ այնպէս, ինչպէս քարոզեց

Hamo OhanjanianՀրապարակագիրՆազարէթՊէրպէրեանկըգրէ.

Յու­լիս 31-ի այս օ­րը, 68 տա­րի ա­ռաջ, Ե­գիպ­տո­սի մայ­րա­քա­ղաք Գա­հի­րէի մէջ, 76 տա­րե­կա­նին, յետ կար­ճա­տեւ հի­ւան­դու­թեան, առ­յա­ւէտ փա­կո­ւե­ցան աչ­քե­րը բժիշկ Հա­մօ Օ­հան­ջա­նեա­նի։

Հայ ժո­ղո­վուր­դը կորսն­ցուց միաս­նա­կան իր յար­գան­քին եւ հա­մա­ժո­ղովր­դա­յին պաշ­տա­մուն­քին ար­ժա­նա­ցած մեծ ա­ռա­քեալ մը, ո­րուն շի­րի­մին վրայ գրուե­ցաւ՝ «Ապ­րե­ցաւ, ինչ­պէս քա­րո­զեց»։

Հայ­րե­նի հո­ղէն հե­ռու, տա­րա­գիր ու պան­դուխտ, աչ­քը յա­ռած Մա­սեաց խոր­հուր­դին, այս աշ­խար­հէն հե­ռա­ցաւ ա­զատ ու ան­կախ Հա­յաս­տա­նի կեր­տիչ­նե­րէն՝ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան եր­րորդ վար­չա­պե­տը։

Դաշ­նակ­ցա­կա­նի փառ­քով եւ հա­մազ­գա­յին ե­րախ­տա­գի­տու­թեամբ ցուրտ հո­ղին յանձ­նո­ւե­ցաւ հայ յե­ղա­փո­խա­կան շարժ­ման ճա­կա­տա­բաց Աս­պե­տը, որ ճշմար­տա­պէս մարմ­նա­ւո­րեց ու շնչա­ւո­րեց՝ Խ­րի­մեան Հայ­րի­կի բա­ռե­րով օրհ­ներ­գո­ւած՝ «­Հայ­կա­կան Նոր Աս­պե­տու­թիւն»ը։

Ինչ­պէս իր կեն­դա­նու­թեան, նոյն­պէս եւ մա­հո­ւան ա­ռի­թով, մեր ժո­ղո­վուր­դը Հա­մօ Օ­հան­ջա­նեա­նին ար­ժա­նա­ցուց հա­մազ­գա­յին տա­րո­ղու­թեամբ գնա­հա­տան­քի ու մե­ծա­րան­քի։

Տար­բեր չէր կրնար ըլ­լալ, ո­րով­հե­տեւ Հա­մօ Օ­հան­ջա­նեան ամ­բողջ հա­յու­թեան կը պատ­կա­նէր։

Իր ան­ձին օ­րի­նա­կով, գա­ղա­փա­րա­կան հա­մո­զում­նե­րով եւ բա­րո­յա­կան սկզբունք­նե­րով՝ Հա­մօ Օ­հան­ջա­նեան ե­ղաւ դաշ­նակ­ցա­կան ա՛յն գոր­ծի­չը, որ իր կեան­քի բո­լոր հանգ­րո­ւան­նե­րուն ար­ժա­նա­ւո­րա­պէս բարձր պա­հեց ա­րիւ­նոտ դրօ­շը հայ ժո­ղո­վուր­դի պայ­քա­րին՝ յա­նուն Ար­դա­րու­թեան եւ Ի­րա­ւուն­քի նո­ւա­ճու­մին։

Հայ­կա­կան Ջա­ւախ­քի ար­ժա­նա­ւոր զա­ւակն էր Հա­մա­զասպ Օ­հան­ջա­նեան. ծնած էր 1873-ին, Ա­խալ­քա­լաք, Խաս­պաղ­ջա­յի հան­դի­պա­կաց «Օ­հան­ջա­նո­վենց» թա­ղը, բազ­ման­դամ ըն­տա­նի­քի մը յար­կին տակ։

Թէեւ ման­կու­թեան, ծննդա­վայ­րի հայ­կա­կան դպրո­ցին մէջ, Հա­մօ ընդ­հան­րա­պէս ան­հան­դարտ եւ դա­սե­րուն նկատ­մամբ ան­տար­բեր ա­շա­կերտ մը ե­ղած է, ո­րուն դպրո­ցի տնօ­րէ­նը ար­ժա­նի չէ գտած ու­սում­նա­ռու­թեան եւ յանձ­նա­րա­րած է ար­հես­տի հե­տե­ւիլ… Այ­սու­հան­դերձ՝ երբ ծնող­քը Հա­մո­յին ու­ղար­կած է Թիֆ­լիս, ռու­սա­կան գի­շե­րօ­թիկ վար­ժա­րան, պա­տա­նիի վար­քու­բար­քին մէջ հիմ­նա­կան փո­փո­խու­թիւն ա­ռա­ջա­ցած է։ Ան դա­սա­րա­նի բարձ­րա­գոյն նի­շե­րով ա­ւար­տած է գիմ­նա­զիո­նի ուս­ման շրջա­նը՝ ար­ժա­նա­նա­լով ոս­կեայ մե­տա­լի եւ բարձ­րա­գոյն ու­սու­մը Մոս­կո­ւա­յի մէջ շա­րու­նա­կե­լու պար­գե­ւի։

Մոս­կո­ւան իր հեր­թին, աշ­խար­հա­յեաց­քի ա­ռու­մով, լրիւ հո­գե­փո­խու­թեան ա­ռիթ մը կ­þըլ­լայ Հա­մօ Օ­հան­ջա­նեա­նի հա­մար։ Ան աշ­խոյժ մաս­նակ­ցու­թիւն կը բե­րէ ու­սա­նո­ղա­կան շրջա­նակ­նե­րու յե­ղա­փո­խա­կան խմո­րում­նե­րուն՝ միա­ժա­մա­նակ կա­նո­նա­ւո­րա­բար հե­տե­ւե­լով Մոս­կո­ւա­յի Բժշ­կու­թեան հա­մալ­սա­րա­նի դա­սըն­թացք­նե­րուն։ Սերտ յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ եւ մտեր­մու­թիւն­ներ կը հաս­տա­տէ ռուս թէ հայ յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րու հետ, ո­րոնք Հա­մո­յէն ստա­ցած ի­րենց ջերմ տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րը մին­չեւ վերջ կը պահ­պա­նեն։

Ու­սա­նո­ղա­կան ըմ­բոս­տա­ցում­նե­րուն իր գոր­ծօն մաս­նակ­ցու­թիւ­նը պատ­ճառ կը դառ­նայ, որ Հա­մօ հե­ռա­ցո­ւի ոչ միայն հա­մալ­սա­րա­նէն, այ­լեւ՝ Մոս­կո­ւա­յէն։ Կը վե­րա­դառ­նայ Թիֆ­լիս, ուր 1897-ին ի­րեն կը միա­նայ ու­սա­նո­ղա­կան տա­րի­նե­րու իր ըն­կե­րու­հին՝ ռուս յե­ղա­փո­խա­կան Օլ­կա Վա­ւի­լեւ­նան. կ’ա­մուս­նա­նան եւ կ­’ու­նե­նան ե­րեք զա­ւակ՝ 2 մանչ (­Մո­նիկ եւ Ա­րիկ) եւ դուստր մը (­Գա­լիա)։

1899-ին, ու­սու­մը շա­րու­նա­կե­լու նպա­տա­կով, Հա­մօ Օ­հան­ջա­նեան կ­՛եր­թայ Լօ­զան, Զո­ւի­ցե­րիա։ Ե­րեք տա­րի կը հե­տե­ւի բժշկու­թեան մաս­նա­գի­տաց­ման՝ միա­ժա­մա­նակ բո­լոր ու­ժե­րով նո­ւի­րո­ւե­լով ու­սա­նո­ղա­կան շրջա­նակ­նե­րու մէջ յե­ղա­փո­խա­կան քա­րոզ­չու­թեան եւ ցու­ցա­կան գոր­ծու­նէու­թեան։

Թիֆ­լի­սէն ար­դէն ծա­նօ­թա­ցած էր Ք­րիս­տա­փո­րի հետ եւ ի­րենց մի­ջեւ ստեղ­ծո­ւած գա­ղա­փա­րա­կան կապն ու մտեր­մու­թիւ­նը ա­ւե­լիով կը խո­րա­նան, Լօ­զա­նի մէջ Հա­մօ Օ­հան­ջա­նեա­նի ծա­ւա­լած աշ­խոյժ գոր­ծու­նէու­թեան ըն­թաց­քին։ Ք­րիս­տա­փոր մեծ հա­մա­րում ու­նէր բժշկու­թեան ու­սա­նո­ղին գա­ղա­փա­րա­կան ուղ­ղամ­տու­թեան, յե­ղա­փո­խա­կան բա­րո­յա­կա­նին եւ հան­դար­տա­բա­րոյ խառ­նո­ւած­քին, բայց միա­ժա­մա­նակ ան­զի­ջող սկզբուն­քայ­նու­թեան նկատ­մամբ։ Այդ մտեր­մու­թիւնն ու գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը մե­ծա­պէս օգ­նե­ցին, որ­պէս­զի Դաշ­նակ­ցու­թեան հիմ­նա­դիր սե­րուն­դին ուղ­ղա­կի մաս չկազ­մած Հա­մօ Օ­հան­ջա­նեա­նը, 1902-ին ու­սու­մը ա­ւար­տե­լով եւ Թիֆ­լիս վե­րա­դառ­նա­լով, ամ­բող­ջու­թեամբ նո­ւի­րո­ւի յե­ղա­փո­խա­կան գոր­ծու­նէու­թեան՝ հան­րա­յին եւ կու­սակ­ցա­կան բարձ­րա­գոյն պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեանց կո­չո­ւե­լով։

Մարդ­կա­յին յա­րա­բե­րու­թեանց մէջ դիւ­րա­հա­ղորդ եւ բա­րե­համ­բոյր, անձ­նո­ւիր­ման մէջ հե­տե­ւո­ղա­կան եւ լուռ, բո­լո­րին հաս­նող եւ ա­մէ­նուն կող­մէ վստա­հու­թեան ար­ժա­նա­ցող իր խառ­նո­ւած­քով՝ հա­զիւ ե­րես­նա­մեայ բժիշկ Հա­մօ Օ­հան­ջա­նեան դար­ձաւ Թիֆ­լի­սի եւ ընդ­հան­րա­պէս Կով­կա­սի հա­յու­թեան ազ­գա­յին-հա­սա­րա­կան եւ յե­ղա­փո­խա­կան կեան­քի ա­ռա­ջա­տար ու­ժե­րէն մէ­կը։

– Հա­յոց ե­կե­ղե­ցա­պատ­կան կա­լո­ւած­նե­րու բռնագրաւ­ման 1903-ի ցա­րա­կան ո­րո­շու­մին դէմ հա­մա­ժո­ղովր­դա­յին բո­ղո­քին եւ պայ­քա­րին դրօ­շա­կիր­նե­րէն ե­ղաւ։

– Յա­նուն Երկ­րի զին­ման եւ ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րի ու­ժե­ղաց­ման Դաշ­նակ­ցու­թեան ձեռ­նար­կած «­Փո­թո­րիկ»ի դրա­մա­հա­ւա­քին՝ իր աշ­խոյժ մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րաւ Ք­րիս­տա­փո­րի կող­քին։

– Յատ­կա­պէս Հ.Յ.Դ. գոր­ծու­նէու­թիւ­նը Կով­կա­սի տա­րած­քին եւս ծա­ւա­լե­լու շրջա­դար­ձին մէջ, Հ.Յ.Դ. Կով­կա­սեան Նա­խա­գի­ծը մշա­կե­լու եւ հաս­տա­տե­լու գա­ղա­փա­րա­կան պայ­քա­րի ըն­թաց­քին, ուղ­ղա­կի վճռո­րոշ ե­ղաւ Հա­մօ Օ­հան­ջա­նեա­նի դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը։

– Հ.Յ.Դ. Եր­րորդ եւ Չոր­րորդ Ընդ­հա­նուր Ժո­ղով­նե­րուն իր մաս­նակ­ցու­թեամբ, նաեւ Հ.Յ.Դ. Ա­րե­ւե­լեան Բի­րո­յի իր ան­դա­մակ­ցու­թեամբ, Հա­մօ պատ­մա­կան դեր կա­տա­րեց՝ Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը փրկե­լով ներ­քին պա­ռակտ­ման փոր­ձե­րէն, անն­կուն հաս­տա­տա­կա­մու­թեամբ դի­մագ­րա­ւե­լով եւ ձա­խո­ղու­թեան դա­տա­պար­տե­լով Դաշ­նակ­ցու­թիւնն ու ընդ­հան­րա­պէս հայ ազ­գա­յին-ազա­տագ­րա­կան շար­ժու­մը ա­ջի եւ ձա­խի, ա­րեւմ­տա­հա­յու եւ ա­րե­ւե­լա­հա­յու բաժ­նե­լու ցա­րա­կան սադ­րանք­նե­րը եւ ա­նոնց ներ-դաշ­նակ­ցա­կան հե­տե­ւորդ­նե­րը։

Պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան այդ դիր­քէն Հա­մօ Օ­հան­ջա­նեան աշ­խոյժ գոր­ծու­նէու­թիւն ծա­ւա­լեց 1905-ի հա­մա­ռու­սա­կան ա­ռա­ջին յե­ղա­փո­խու­թեան շրջա­նին՝ թէ՛ ցա­րա­կան կար­գե­րը ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան ար­մա­տա­կան բա­րե­կարգ­ման են­թար­կե­լու պայ­քա­րին մաս­նակ­ցե­լու, թէ՛ ցա­րիզ­մի հրահ­րած հա­յեւ­թա­թա­րա­կան ընդ­հա­րում­նե­րը հա­կակշ­ռե­լու ա­ռում­նե­րով։

Միեւ­նոյն շրջա­նին սկսաւ Հա­մո­յի գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը հայ յե­ղա­փո­խա­կան շարժ­ման բո­ցա­շունչ նո­ւի­րեա­լին՝ սուլ­թան Հա­մի­տի ա­հա­բեկ­ման ծրագ­րի կազ­մա­կերպ­ման մէջ Ք­րիս­տա­փո­րի ան­մի­ջա­կան գոր­ծա­կի­ցին ու հո­գե­զա­ւա­կին Ռու­բի­նա Ա­րէ­շեա­նի հետ, որ հե­տա­գա­յին՝ Հա­մո­յի Սի­պիր աք­սոր­ման շրջա­նին ու այ­նու­հե­տեւ մին­չեւ մահ, պի­տի դառ­նար նաեւ Հա­մո­յի կեան­քի ըն­կերն ու կո­ղա­կի­ցը։

Հա­մօ Օ­հան­ջա­նեան ար­դէն դար­ձած էր աչ­քի փու­շը ցա­րա­կան իշ­խա­նու­թեանց, երբ 1908-ին ցա­րիզ­մը իր տա­պա­րի հա­րո­ւա­ծը ուղ­ղեց Դաշ­նակ­ցու­թեան դէմ՝ ա­ւե­լի քան եր­կու հա­րիւր դաշ­նակ­ցա­կան ակ­նա­ռու գոր­ծիչ­ներ ձեր­բա­կա­լե­լով եւ Մե­տե­խի բան­տը նե­տե­լով։ Յատ­կա­պէս Հա­մո­յի նկատ­մամբ դա­ժան գտնուե­ցաւ ցա­րա­կան իշ­խա­նու­թիւ­նը։ Մին­չեւ 1912ի «­Դաշ­նակ­ցու­թեան Դա­տը», Հա­մօ ա­հա­ւոր չար­չա­րանք­նե­րու են­թար­կո­ւե­ցաւ մե­տե­խի մէջ, որ­պէս­զի խոս­տո­վա­նի Դաշ­նակ­ցու­թեան «մեղ­քե­րը»։

Այդ չար­չա­րանք­ներն ու ա­նոնց դէմ ան­տե­ղի­տա­լի դի­մադ­րա­կա­նու­թիւ­նը ար­դա­րօ­րէն Հայ­կա­կան Յե­ղա­փո­խու­թեան ճա­կա­տա­բաց Աս­պե­տի դափ­նեպ­սա­կին ար­ժա­նա­ցու­ցին Հա­մօ Օ­հան­ջա­նեա­նին։ Դա­տա­վա­րու­թեան ըն­թաց­քին իր ու­նե­ցած ե­լոյթ­ներն ու հա­յոց յե­ղա­փո­խա­կան շարժ­ման կուռ պաշտ­պա­նո­ղա­կա­նը մե­ծա­պէս բարձ­րա­ցու­ցին Հա­մո­յի վարկն ու հե­ղի­նա­կու­թիւ­նը յաչս ոչ միայն ա­զա­տա­տենչ հա­յու­թեան, այ­լեւ ար­դա­րա­միտ ռուս­նե­րուն։

Թէեւ Հա­մօ դա­տա­պար­տո­ւե­ցաւ չորս տա­րո­ւան տա­ժա­նա­կիր աշ­խա­տան­քի՝ կա­լա­նա­վայ­րե­րու մէջ – Խար­քով եւ, ա­պա, հե­ռա­ւոր Սի­պիր -, թէեւ հիւ­ծե­ցաւ ֆի­զի­քա­պէս, բայց ուր որ գտնո­ւե­ցաւ՝ յե­ղա­փո­խա­կան իր շուն­չը տա­րա­ծեց բո­լո­րին վրայ, հաս­տա­տեց մտեր­մու­թիւն­ներ եւ գոր­ծակ­ցու­թիւն­ներ, ո­րոնք ա­պա­հո­վե­ցին իր ա­նուղ­ղա­կի մաս­նակ­ցու­թիւ­նը հայ ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման բուռն խմո­րում­նե­րուն։ Կա­լա­նա­ւո­րի իր տա­րի­նե­րուն էր, որ Ռու­բի­նա պա­հա­պան հրեշ­տա­կի պէս հե­տե­ւե­ցաւ գա­ղա­փա­րի իր ըն­կե­րոջ քայ­լե­րուն՝ ա­նոր ա­զատ ար­ձա­կու­մը ա­պա­հո­վե­լու հե­տե­ւո­ղա­կան ճիգ թա­փե­լով։

Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տի բռնկու­մէն ետք, երբ ռուս-թրքա­կան պա­տե­րազ­մը թափ ա­ռաւ, ցա­րա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը շրջա­դարձ կա­տա­րեց եւ Հայ Կա­մա­ւո­րա­կան Շարժ­ման ա­ռա­ջաց­ման նպա­տա­կով Դաշ­նակ­ցու­թեան առ­ջեւ աս­պա­րէզ բա­ցաւ։ Հա­մօ Օ­հան­ջա­նեան ա­զատ ար­ձա­կո­ւե­ցաւ եւ սի­պի­րեան իր կա­լա­նա­վայ­րէն ուղ­ղա­կի Թիֆ­լիս վե­րա­դար­ձաւ եւ, իբ­րեւ բժիշկ, իր պա­տաս­խա­նա­տու դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը ստանձ­նեց ռազ­մա­ճա­կատ­նե­րու վրայ Հայ Կա­մա­ւո­րա­կան Գուն­դե­րու մղած կռիւ­նե­րուն ըն­թաց­քին։ Յատ­կա­պէս հայ զի­նո­ւոր­նե­րու խնա­մա­տա­րու­թեան մէջ օրհ­նա­բեր ե­ղաւ Հա­մո­յի գոր­ծու­նէու­թիւ­նը։ Նոյն­պէս կա­րե­ւոր մաս­նակ­ցու­թիւն ու­նե­ցաւ Վա­նի մէջ, ուր թրքա­կան լու­ծէն ժա­մա­նա­կա­ւո­րա­պէս ա­զա­տագրուած հա­յու­թեան կա­ռա­վա­րիչ կար­գո­ւե­ցաւ Ա­րամ Մա­նու­կեան, իսկ Հա­մօ դար­ձաւ ա­նոր աջ բա­զու­կը։

Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խաց­ման հե­րո­սա­մարտ­նե­րու օ­րե­րուն, Հա­մօ իր գոր­ծօն մաս­նակ­ցու­թիւ­նը ու­նե­ցաւ Ղա­րա­քի­լի­սա­յի ճա­կա­տա­մար­տին, ո­րու ըն­թաց­քին զո­հո­ւե­ցաւ իր Մո­նիկ որ­դին։

Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան կեր­տու­մէն ետք, Հա­մօ Օ­հան­ջա­նեան ամ­բող­ջա­պէս նո­ւի­րո­ւե­ցաւ նո­րաս­տեղծ հան­րա­պե­տու­թեան պե­տա­կան կռո­ւան­նե­րու ամ­րապն­դու­մին։

1919-ին ան­կախ Ե­րե­ւա­նի մէջ գու­մա­րո­ւած Հ.Յ.Դ. 9րդ Ընդ­հա­նուր Ժո­ղո­վին ընտ­րո­ւե­ցաւ Հ.Յ.Դ. Բիւ­րո­յի ան­դամ, իր մեծ օ­ժան­դա­կու­թիւ­նը բե­րաւ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան ար­տա­քին-դի­ւա­նա­գի­տա­կան կա­պե­րու ընդ­լայ­նու­մին եւ ամ­րապն­դու­մին։ Ե­ղաւ Հաշ­տու­թեան խորհր­դա­ժո­ղով­նե­րուն մաս­նակ­ցող Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան Պա­տո­ւի­րա­կու­թեան փոխ-նա­խա­գահ։ Իսկ Մա­յիս 1920-ին, երբ պոլ­շե­ւի­կեան դա­ւա­դիր ըմ­բոս­տա­ցու­մը տե­ղի ու­նե­ցաւ, գլխա­ւո­րեց Բիւ­րօ-կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը՝ ա­նոր վար­չա­պե­տու­թիւնն ու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւ­նը ստանձ­նե­լով։

Հա­մօ Օ­հան­ջա­նեա­նի յե­ղա­փո­խա­կան կեն­սագ­րու­թեան երկ­րորդ ծան­րակ­շիռ պա­հը ներ­կա­յա­ցաւ 1920-ի Դեկ­տեմ­բե­րին, երբ նո­րա­հաս­տատ պոլ­շե­ւի­կեան իշ­խա­նու­թիւ­նը դէ­պի թիֆ­լիս ճամ­բուն վրայ ձեր­բա­կա­լեց Հա­մօ Օ­հան­ջա­նեա­նին եւ Ե­րե­ւա­նի մէջ բան­տար­կեց։ Կեն­սա­գիր­նե­րու վկա­յու­թեամբ՝ պէտք էր տես­նել 1921-ի Փետ­րո­ւար 18-ին Ե­րե­ւա­նի բան­տը մտած եւ դաշ­նակ­ցա­կան ղե­կա­վար գոր­ծիչ­նե­րը ա­զա­տագ­րած մեր ժո­ղո­վուր­դին խան­դա­վառ ցոյ­ցե­րը.- Հա­մօն ի­րենց ու­սե­րուն բարձ­րա­ցու­ցած՝ ժո­ղովր­դա­յին բազ­մու­թիւն­նե­րը թա­ղէ թաղ շրջե­ցան Ե­րե­ւա­նը, բո­լո­րին վստա­հեց­նե­լու հա­մար, որ անն­կուն յե­ղա­փո­խա­կա­նը փրկո­ւած էր Ե­րե­ւա­նի բան­տին մէջ ա­նար­գօ­րէն հա­յու ա­րիւն թա­փող պոլ­շե­ւի­կեան մո­լուց­քէն…

Փետ­րո­ւա­րեան հա­մա­ժո­ղովր­դա­յին ապս­տամ­բու­թեան վախ­ճա­նէն ետք Հա­մօ Օ­հան­ջա­նեան իր հեր­թին Զան­գե­զու­րի վրա­յով ան­ցաւ Թաւ­րիզ, ուր­կէ 1923-ին գնաց Գա­հի­րէ եւ հոն ապ­րե­ցաւ մին­չեւ մահ։

1928-ին Հա­մօ Օ­հան­ջա­նեան հիմ­նա­դիր մաս­նակ­ցու­թիւն ու­նե­ցաւ Հա­մազ­գա­յին Մ­շա­կու­թա­յին եւ Կր­թա­կան Ըն­կե­րակ­ցու­թեան կազ­մու­թեան աշ­խա­տանք­նե­րուն։ Ընտ­րո­ւե­ցաւ նո­րա­կազմ միու­թեան նա­խա­գա­հը եւ այդ պաշ­տօ­նին վրայ մնաց մին­չեւ մահ՝ իր կեան­քի վեր­ջին քսա­նա­մեա­կին կա­րե­ւոր ներդ­րում ու­նե­նա­լով Ճե­մա­րա­նի հիմ­նադ­րու­թեան եւ ու­ժե­ղաց­ման աշ­խա­տանք­նե­րուն մէջ։ Տա­րագ­րու­թեան այդ ամ­բողջ շրջա­նին եւս Հա­մօ Օ­հան­ջա­նեան մաս կազ­մեց Հ.Յ.Դ. Բի­րո­նե­րուն, Դաշ­նակ­ցու­թեան ներ­քին միու­թիւնն ու գա­ղա­փա­րա­կան հե­տե­ւո­ղա­կա­նու­թիւ­նը պահ­պա­նող հիմ­նա­կան ու­ժե­րէն մէ­կը մնա­լով։

Յու­լիս 31-ին կ’ո­գե­կո­չենք մա­հո­ւան 68-րդ տա­րե­լի­ցը գա­ղա­փա­րա­պաշ­տու­թեան, անձ­նա­զո­հու­թեան եւ բա­րու­թեան խորհր­դա­նիշ դար­ձած մեծ դաշ­նակ­ցա­կա­նին՝ Հայ­կա­կան Յե­ղա­փո­խու­թեան յա­ռա­ջա­պահ ու դրօ­շա­կիր Հա­մօ Օ­հան­ջա­նեա­նի, որ իր ան­ձին օ­րի­նա­կով ներ­դաշ­նա­կեց հայ յե­ղա­փո­խա­կա­նի Գործն ու Խօս­քը՝ ապ­րե­լով այն­պէ՛ս, ինչ­պէս քա­րո­զե­ց։

 http://www.yerakouyn.com/?p=86784

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

August 2015
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31  

Արխիւ