Թուրքիոյ հայ երեսփոխանը պահանջած է հետաքննութեան սկսիլ Ատանայի քաղաքապետին դէմ

Սելինա ՏողանՊՈԼԻՍ, «ԷրմենիՀապեր».- Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութենէն ընտրուած երեսփոխան, մասնագիտութեամբ իրաւաբան հայ Սելինա Տողան արդարադատութեան նախարարին ուղղուած գրաւոր դիմում ներկայացուցած է՝ պահանջելով հետաքննութեան սկսիլ Ատանայի ազգայնական քաղաքապետ Հուսէյն Սէօզլուի դէմ՝ «Թուիթըր»ի վրայ հայ երեսփոխանները վիրաւորող գրառումին համար:

Տողան նշած է. «Որեւէ ժողովուրդ կամ մարդոց խումբ այլ ժողովուրդէ կամ մարդոց խումբէ բարձր դասելը յանցագործութիւն է: Որեւէ պետութիւն չի կրնար եւ պէտք չէ դիտորդի կարգավիճակին մէջ մնայ, երբ իր քաղաքացիներուն մէկ հատուածը այլ հատուած մը ճնշումի կ՛ենթարկէ կամ կը նուաստացնէ։ Թուրքիոյ քրէական օրէնսգիրքի 216 յօդուածով ճշդուած է, որ «ժողովուրդը ատելութեան եւ թշնամութեան դրդելը» յանցագործութիւն է: Հակառակ այս հանգամանքին, գրեթէ ամէն օր ազգային ու կրօնական փոքրամասնութիւններու դէմ ատելութիւն պարունակող ստորնացնող արտայայտութիւններ կը դրսեւորուին:

Ան նաեւ հարց տուած է, որ 2005 թուականէն մինչեւ այսօր 216 յօդուածի յատկանիշներով քանի՞ հոգիի դէմ դատավարութիւն կատարուած է, իսկ բացուած դատերուն քանի՞ն կը վերաբերին ազգային ու կրօնական փոքրամասնութիւններուն դէմ կատարուած յանցագործութիւններուն:

Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

August 2015
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31  

Արխիւ