Թուրքիոյ մէջ ՀՅԴի առաքելութիւնը շարունակողներ կան. թուրք երեսփոխան

Սեմիհ ԵալչընԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թրքական ազգայնամոլ «Գորշ գայլեր» կազմակերպութեան քաղաքական թեւը համարուող Ազգայնական շարժում կուսակցութեան (MHP) փոխնախագահ, պատգամաւոր փրոֆ. Սեմիհ Եալչընը Թուրքիոյ ներքաղաքական կացութեան մասին յայտարարութիւն մը կատարած է՝ նշելով, որ Յունիս 7ին կայացած խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքները պատճառ դարձան քաղաքական ճգնաժամի եւ ահաբեկչական միջադէպերու:

Սեմիհ Եալչըն նաեւ յայտարարած է, որ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան (HDP) ղեկավարները առնչութիւն ունին Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան (PKK) հետ՝ պնդելով, որ անիմաստ է տարբերութիւն դնել նշեալ կուսակցութեանց միջեւ:
Ան նաեւ բաղդատական կատարած է Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան եւ Հայ

Յեղափոխական Դաշնակցութեան միջեւ՝ ըսելով. «Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութիւնը ունի նոյն անջատողական նպատակները, զորս ունէր ՀՅԴն, որ ստեղծուած էր 1890 թուականին եւ կը ցանկար Օսմանեան կայսրութեան հողերուն վրայ ինքնավար շրջան ստեղծել: ՀՅԴի առաքելութիւնը այժմ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը եւ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութիւնը կը շարունակեն»:

Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

August 2015
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31  

Արխիւ