ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենհիապեր».- Տիգրանակերտ նահանգին մէջ, յուլիս 29ին ականահարուած են Քուլփ շրջանն ու Մուշ քաղաքը իրարու կապող ինքնաշարժներու երկու կամուրջներ ու փակուած են երթեւեկութեան առջեւ: Ապահովական ուժերը տարածքին մէջ որոնողական աշխատանքներու սկսած են, յարձակողները յայտնաբերելու նպատակով:
Թրքական մամուլը ականահարումներուն պատասխանատու կը նկատէ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութիւնը (PKK)։
Asbarez.com
Leave a Reply