Ermenihaber.am.– Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեան յայտնած է, որ Վանի Աղթամար կղզիի Սուրբ Խաչ հայկական եկեղեցւոյ մէջ մատուցուող Ս. պատարագին նկատմամբ նախկին խանդավառութիւնը չկայ այլեւս։
Թրքական «Emlak Gazete» լրատուական կայքին համաձայն՝ Աթէշեան սրբազան, խօսելով Աղթամարի մէջ սեպտեմբեր 2015ին մատուցուելիք Ս. պատարագին մասին՝ նշած է, որ ամէն տարի նկատելի է Ս. պատարագին մասնակիցներու թիւի նուազում:
Աթէշեան սրբազան յայտնած է, որ տակաւին յստակ չէ, թէ այս տարի Ս. պատարագին քանի հոգի պիտի մասնակցի՝ ըսելով, որ մասնակիցներուն թիւը պիտի ճշդուի յառաջիկայ 15-20 օրերուն։ Այնուամենայնիւ, պատրիարքի փոխանորդը համոզում յայտնած է այն մասին, որ այս տարի ալ անիկա բազմամարդ պիտի ըլլայ: Ան տեղեկացուցած է նաեւ, որ այդ օրը 2 հարսանեկան արարողութիւն պիտի կատարուի:
Արամ արք. Աթէշեան տեղեկացուցած է, որ ուխտագնացութիւններ կը կատարուին դէպի Թուրքիոյ տարբեր նահանգներ: Ըստ անոր՝ այդ այցելութիւնները բաւական շատ են, եւ երբեմն մարդիկ մէկ անգամ ուխտագնացութեան երթալով չեն ուզեր նորէն մասնակցիլ:
Աթէշեան սրբազան նաեւ անդրադարձած է Վարագայ վանքի վերականգնման հարցին: «Ունինք Եօթը վանքի (Վարագայ վանք) նման քանի մը վանքեր, որոնց նախագիծերը պատրաստ են, սակայն որեւէ ձեւով կեանքի չեն կոչուիր: Այդ վանքերուն վերանորոգումը պիտի նպաստէ, որ նման պատարագները աւելի բազմամարդ ըլլան: Ահա թէ ինչո՛ւ կարեւոր է այդ նախագիծերուն իրագործումը», ըսած է սրբազանը։
Asbarez.com
Leave a Reply