«Նուվել տ՛Արմէնի» թերթը կը տեղեկացնէ, թէ Աւստրալիոյ միաւորուած եկեղեցին Օսմանեան կայսրութեան մէջ 1915-1923 թուականներուն հայ ժողովուրդին հետ տեղի ունեցածը պաշտօնապէս ճանչցած է որպէս Ցեղասպանութիւն:
Աւստրալիոյ միաւորուած եկեղեցին ազգային մակարդակի արդէն երրորդ մեծ կառոյցն է, որ 1915 թուականի դէպքերը՝ հայ ժողովուրդի սպանութիւնները եւ զանգուածային տեղահանումը կը ճանչնայ իբրեւ Ցեղասպանութիւն:
Կը հաղորդուի, որ քրիստոնէական բողոքական այս եկեղեցին Աւստրալիոյ մէջ ունի աւելի քան 2500 թեմ եւ շուրջ մէկ միլիոնէն աւելի հետեւորդներ: Անիկա թիւով երրորդ մեծ եկեղեցական հաստատութիւնն է՝ Անգլիական եւ Կաթոլիկ եկեղեցիներէն ետք: Կառոյցին մաս կը կազմէ նաեւ Սիտնիի Հայ աւետարանական եկեղեցին:
Asbarez.com
Leave a Reply