Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակի առթիւ պիտի վերանորոգուի յուշահամալիրը

ՅուշահամալիրՀայաստանի մէջ պիտի վերանորոգեն Մուսա լերան հերոսամարտին նուիրուած յուշահամալիրը: Համապատասխան որոշումը կառավարութիւնը կայացուցած է այսօր` Յուլիս 23-ին տեղի ունեցած իր նիստի ընթացքին: Վերոնորոգման աշխատանքները պիտի համակարգէ պաշտպանութեան նախարարութիւնը: Այդ նպատակով այս տարի պիտի յատկացուի 35 միլիոն դրամ:

Յուշահամալիրի հետ միասին պիտի վերանորոգուի նաեւ մուսալեռցիներու հերոսամարտի ազգագրութեան թանգարանը:

Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակի առթիւ Սեպտեմբերին շարք մը մշակութային ձեռնարկներ նախատեսուած են:

Մուսալեռցիներու ինքնապաշտպանութիւնը տեղի ունեցած է 1915 թուականին, երբ Մուսա լերան հայկական գիւղերու բնակչութիւնը հրաժարած է ենթարկուելէ հայերու տեղահանման վերաբերեալ որոշումին եւ 53 օր, առանց դուրսի որեւէ օգնութեան, ինքնապաշտպանութիւն կազմակերպած օսմանեան կանոնաւոր զօրքերու դէմ: Ի վերջոյ, մուսալեռցիներուն օգնութեան հասած են ֆրանսական նաւերը, որոնք զանոնք տեղափոխած են Եգիպտոս:

http://www.yerakouyn.com/?p=86354

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

July 2015
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031  

Արխիւ