Թուրք ազգայնամոլը ալեւիներու եւ հայերու գլուխը կտրելու համար Սուրիա գնաց եւ… սպաննուեցաւ

Պուրաք Միշինճի«Նոր Մարմարա».- Թրքական ազգայնամոլ կազմակերպութեան «Իւլքիւ Օճախ»ներու (Գորշ Գայլեր) անդամներէն Պուրաք Միշինճի, որ «Ալեւիներու ու Հայերու գլուխը կտրելու համար Սուրիա կ՚երթամ» ըսելով Սուրիա գացած էր, Սուրիոյ Լազիքիյէ շրջանին մէջ բախումներու ընթացքին սպաննուեցաւ Սուրիոյ պետական ուժերու կողմէ։

Ան 26 տարեկան էր։ Անոր մարմինը Իսթանպուլ բերուեցաւ ու հողին յանձնուեցաւ։ Յուղարկաւորութեան ներկայ գտնուեցան ընտանիքին անդամները, ազգայնական MHP կուսակցութեան Իսթանպուլի Երեսփոխան Մէրալ Աքշէնէր, MHP-Ի Իսթանպուլի Նահանգային Նախագահ Ահմէտ Եիղիթ Եըլտըըրըմ եւ խումբ մը թիւրքմէններ։

http://horizonweekly.ca/news/details/70508

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

July 2015
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031  

Արխիւ