Կիրակի, 19 Յուլիսի երեկոյեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան, եկեղեցական արարողութիւններուն եւ ձեռնարկներուն համար աշխարհի չորս կողմերէն Լիբանան ժամանած ուխտաւորները եւ Լիբանանի երաժշտասէր հանրութիւնը լեցուցած էին Պիքաֆայայի Սուրբ Աստուածածին վանքի շրջափակը:
Հանդիսութիւնը կը հովանաւորէր Արամ Ա. կաթողիկոսը եւ կը նախագահէին ազգային բարերար տէր եւ տիկին Ալեքքօ Պէզիքեան: Ներկայ էին կաթողիկոսութեան 100ամեակի ձեռնարկներուն հրաւիրուած եկեղեցիներու հոգեւոր պետերը եւ ներկայացուցիչները, որոնք ժամանած էին Միջին Արեւելքէն, Եւրոպայէն, Ափրիկէէն, Հիւսիսային ու Հարաւային Ամերիկաներէն եւ Հնդկաստանէն:
Պէյրութի սիմֆոնիք նուագախումը՝ ղեկավարութեամբ մայէսթրօ Յարութ Ֆազլեանի, մեկնաբանեց Արամ Խաչատրեանի եւ այլ հայ երաժիշտներու գործերը: Երեկոն յատուկ հմայք ստացաւ, երբ աշխարհահռչակ սոփրանօ Յասմիկ Պապեան եւ թենոր Բարսեղ Թումանեան իրենց թովիչ ձայներով հմայեցին հանդիսականները: «Սուրբ Աստուածածին վանքի Հայոց Ցեղասպանութեան երկնասլաց յուշարձանը, որուն հովանիին տակ տեղի ունեցաւ համերգը, կարծէք միջնորդ կը հանդիսանար դէպի երկինք փոխանցելու Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակը պանծացնող հայ հանճարներուն ստեղծագործութիւնները», կը նկարագրէ «Ազդակ» օրաթերթը: Շուրջ մէկ ու կէս ժամ տեւած համերգի աւարտին ներկայ հազարաւոր ժողովուրդը յոտնկայս ծափողջոյններով գնահատեց նուագողներուն ու մենակատարներուն բացառիկ կատարողութիւնը:
Երաժշտական երեկոյին փակումը կատարելով՝ Արամ Ա. իր գնահատանքը յայտնեց սիմֆոնիք նուագախումբի ղեկավար մայէսթրօ Յարութ Ֆազլեանին, աշխարհահռչակ երգչուհի եւ երգիչ Յասմիկ Պապեանին եւ Բարսեղ Թումանեանին, ինչպէս նաեւ նուագախումբի բոլոր անդամներուն, որոնք հայ երաժշտութեան առթած յուզմունքներով ու խոյանքներով լիցքաւորեցին ներկաները:
Ապա, կաթողիկոսը բեմ հրաւիրեց Սուրբ Աստուածածին վանքի նահատակաց ու վերածննդեան յուշարձանի համալիրի, «Թռչնոց Բոյն»ի Հայոց Ցեղասպանութեան «Արամ Պէզիքեան» Որբերու թանգարանի եւ Անթիլիասի Նահատակաց մատրան բարերար տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեանը՝ ընտանիքի անդամներով: Բարձր գնահատելէ ետք Պէզիքեան ընտանիքի իշխանական բարերարութիւնը՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ճամբով հայ ժողովուրդին, «Ասպետ» կարգի շքանշանով պարգեւատրեց Զարեհ Պէզիքեանը (յայտնենք, որ քանի մը տարիներ առաջ վեհափառը «Իշխան» կարգի շքանշանով պարգեւատրած էր Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեանը): Կաթողիկոսը նաեւ գնահատանքով անդրադարձաւ կաթողիկոսարանի Կալուածոց յանձնախումբին կատարած աշխատանքին, որ մօտէն եւ կամաւոր կերպով հետեւած էր ընդհանրապէս կաթողիկոսարանի շինարարական աշխատանքներուն եւ յատկապէս վերոնշեալ շինարարութիւններուն, եւ ապա, «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով պարգեւատրեց ճարտարապետներ Վահէ Գալինճեանը եւ Վազգէն Չէքիճեանը։
Asbarez.com
Leave a Reply