Ցեղասպանութեան զոհ դարձած հայ գրողներու գործերու անգլերէն ժողովածոն ներկայացուած է Պուխարեսթի մէջ

ՊուխարեսթԿիրակի, 12 յուլիսին, Պուխարեսթի Հայկական մշակութային տան մէջ ներկայացուեցաւ «Հողը Կը Խօսի» անգլերէն ժողովածոն, որուն մէջ ամփոփուած են Հայոց Ցեղասպանութեան զոհ դարձած հայ գրողներու ստեղծագործութիւնները:
Գիրքը ներկայացուցին կազմող եւ հրատարակիչ Տիգրան Գափոյեան, բանաստեղծներ Լեւոն Բլբուլեան եւ Հերմինէ Նաւասարդեան: Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան Ռումանիոյ մօտ ՀՀ դեսպան Համլէթ Գասպարեան, Ռումանիոյ Հայոց միութեան նախագահ, Ռումանիոյ գրողներու միութեան փոխնախագահ Վարուժան Ոսկանեան, Ռումանիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Տաթեւ եպս. Յակոբեան:
Ձեռնարկին յաջորդած զրոյցին ընթացքին քննարկուեցան հայ դասական եւ ժամանակակից գրականութիւնը ռումանացի ընթերցողներուն ներկայացնելու հարցերը, որուն շուրջ ձեռք բերուած է նախնական համաձայնութիւն Հայաստանի գրողներու միութեան, Ռումանիոյ Հայոց միութեան եւ Ռումանիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութեան միջեւ:
Հայ գրողներու խումբը Յուլիս 8-15 մասնակցեցաւ Ռումանիոյ Արճէշ նահանգին մէջ իրականացուող «Կուրտիա տէ Արճէշի բանաստեղծութեան գիշերներ» միջազգային գրական փառատօնին, որ իր 19րդ թողարկման շուրջ համախմբած է Ամերիկայի, Ասիոյ, Աւստրալիոյ եւ Եւրոպայի տասնեակ բանաստեղծներ, արձակագիրներ, երաժիշտներ, նկարիչներ եւ գիտնականներ:
Հայաստանի գրողներու միութեան հրատարակութեամբ այս տարի լոյս տեսած ժողովածոյին մէջ տեղ գտած են Դանիէլ Վարուժանի, Սիամանթոյի, Ռուբէն Սեւակի, Գրիգոր Զոհրապի եւ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհ գացած արեւմտահայ այլ գրողներու գործերու թարգմանութիւնները:
Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

July 2015
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031  

Արխիւ